Աստուածաշունչը կ'ըսէ, որ երբ Աննա նուիրումով կեցաւ եւ կրցաւ իր դժուարութեան մէջէն Աստուծոյ նայիլ, Աստուած յիշեց Աննան (Ա. Թգ 1.19), եւ Աննային ծնաւ որդի մը՝ Սամուէլը:
Աստուած մոռցած չէր Աննան, բայց Աննայի նուիրումն էր որ շնորհքին դուռը բացաւ: Ճիշդ Աստուածպաշտութեամբ Աստուծոյ ներկայութեան գալով Աստուծմէ պատասխան առնելու վիճակին մէջ կ'ըլլանք, եւ Աստուած կը պատասխանէ մեզի:
Աննա Աստուծոյ հետ յարաբերութեան վիճակ մը ունեցաւ (2.1): Ան Տիրոջմով ուրախացաւ ու սկսաւ թշնամիներուն դէմ խօսիլ: Երբ Տիրոջ կը նուիրուինք, մեր կեանքին մէջ պիտի ունենանք Տիրոջ ուրախութիւնը, զոր դժուարութիւնները եւ պայմանները պիտի չկարենան նուաճել: Սուրբ Հոգին դէմ պիտի դնէ թշնամիին եւ մեզի թշնամիին ետեւէն վազելու զօրութիւնը պիտի տայ (Ես 59.19):
Երբ Սամուէլ ծնաւ, Աննա զանիկա Տիրոջ նուիրեց:
Եղիա ազդուած էր թշնամիին ղրկած անէծքէն եւ իր կոչումէն հրաժարած էր: Աստուած Եղիային մտահոգութիւնը փարատեց, Իսրայէլի մէջ աստուածպաշտութեան շարունակուելուն աւետիսը տուաւ եւ զանիկա կիրարկելու ձեւը յայտնեց անոր:
Եղիա Աստուծոյ համար նախանձախնդիր էր, բայց պատերազմը մղելու Աստուծոյ ծրագիրէն տեղեակ չէր: Այդ պատճառով, Աստուած զայն Իր մօտ՝ Քորեբ լեռը բերաւ եւ անոր յայտնեց, թէ պատերազմը օծութեամբ պիտի մղուէր եւ երեք հանգրուաններով`
- Ազայէլը Ասորիներուն վրայ թագաւոր պիտի օծուէր
- Նամեսսիի որդին՝ Յէուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի օծուէր
- Սափատի որդին՝ Եղիսէն, մարգարէ ՝ Եղիա մարգարէին փոխարէն
Աստուած այսպիսով յայտնեց, որ այդ օրերուն օծութիւնը ժողովուրդը մաքրագործելու պիտի սկսէր՝ երեք հանգրուաններով (Գ.Թգ 19.15-18): Աստուած նոյն օծութիւնը այսօր ալ երեք տարբեր հանգրուաններով պիտի թափէ նուիրուողներուն վրայ` անոնց հաւատքի կեանքը հաստատելու համար (Յհ 16.8-9):
Աստուած Ասորիներուն վրայ Ազայէլը թագաւոր օծեց, որպէսզի անոր միջոցաւ իր ժողովուրդին իմացնէ, թէ անոնք արտաքնապէս անապահով էին (Դ.Թգ 8.11-15): Աստուած Իսրայէլի վրայ Յէուն թագաւոր օծեց՝ օծութեան իշխանութեամբ թագաւորական տունը դատելու, այսինքն՝ ներքին մաքրագործութիւն կատարելու համար (Դ.Թգ 9.1-37): Ան նաեւ Եղիսէն Եղիային փոխարէն մարգարէ օծեց (Գ.Թգ 19.19), հոգեւոր ներքին կրթութեան եւ մնացեալ թշնամիները սպաննելու համար (Դ.Թգ 2.23-24)՝ աստուածպաշտութիւնը մարդոց միջեւ հաստատելու որպէս կարեւորագոյն միջոց:
Երբ Սուրբ Հոգին կեանքիդ մէջ կու գայ, նախ կեանքիդ մէջ գտնուող մեղքը կը յայտնէ եւ քեզի ցոյց կու տայ, որ եթէ չյօժարիս անկէ ետ դառնալ, պիտի կորսուիս: Եթէ յօժարիս, Յիսուսի արդարութիւնը պիտի ապրիս իսկ անկէ ետք՝ Չարին դատաստանը:
Սուրբ Հոգիին աշխատանքին լաւ ականջ տանք, որպէսզի կարենանք գերբնական պարգեւները կիրարկել:
Աստուծոյ ծառայելու սկսաւ (2.11)՝ Անոր հետ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալով (2.18): Ան օրէ-օր կը մեծնար եւ Տիրոջ ու մարդոց հաճելի էր: Տէրը Սամուէլի հետ էր (Ա.Թգ 3.19-21):
Նո՛յն Հոգին, որ Սամուէլի հետ կը գործէր, այսօր հաւատացեալներուս մէջ է եւ եթէ ճիշդ չափով արժեւորենք զԻնք, Աստուած մեզի հետ պիտի հաղորդակցի: Սուրբ Հոգիին մեր մէջ ըլլալը աննպատակ չէ, նոյնիսկ երբ յաճախ ճնշումներու տակ ըլլաով՝ մեր հոգեւոր կեանքը աննպատակ զգանք: Աստուած ամէն վայրկեան պիտի աշխատի Իր նպատակը լրումին հասցնելու համար, բայց մեր նուիրումն ու ճիշդ ձեւով Աստուծոյ առջեւ կենալն է որ մեզ կ'ընէ այն ինչ որ Ինք կ'ուզէ որ ըլլանք:
Միւս կողմէ, երբ Քրիստոնեաներ չեն ապրիր Աստուծոյ նուիրուելով եւ իրենց անձնական շահերուն համար կը ծառայեն, թշնամիէն կը տիրապետուին: Հեղի քահանայապետին որդիները քահանայ էին, բայց իրենց սիրտը նուիրուած չէր: Անոնք Տէրը չէին ճանչնար (Ա.Թգ 2.12) եւ ժողովուրդին մատուցանած զոհէն կը գողնային բռնի ուժով (13-16), եւ մարդիկ անոնց պատճառով Տիրոջ զոհը կ'արհամարհէին (17): Անոնք վկայութեան խորանին առջեւ կիներու հետ կը պառկէին (Ա.Թգ 2.22), Տիրոջ ժողովուրդը կը մոլորեցնէին (24) եւ խօսք մտիկ չէին ըներ (25):
Այսօր, նոյն բաները կրնան գտնուիլ հաւատացեալներուն կեանքին մէջ, երբ անոնք հոգեւոր կեանքի արժէքները չեն արժեւորեր: Դիտումնաւոր չարութեան հետեւանք՝ անցեալէն ի վեր եղած օրհնութիւնները կը խաբանուին (31): Հետեւաբար, Աստուծոյ առջեւ կենանք Սամուէլի՛ նման, ըլլալով ժողովուրդին մէջ նուիրուած, Աստուծոյ շնորքով լեցուած եւ Աստուծոյ հաճելի: