Նուիրուած ըլլալով հանդերձ, Յիսուսի աշակերտները տակաւին անվարժ էին առաքելութեան պահանջներուն: Յիսուս գիտէր, որ երբ Սուրբ Հոգին գար, Իր շնորհքները պիտի թափէր միայն անոնց վրայ, որոնք իրենց սիրտերը նուիրած էին Յիսուսի նկարագիրով կերտուելու գործին:
Յիսուս կը փափաքէր, որ աշակերտները աւելի մօտէն ծանօթանային Իր առաքելութեան, որովհետեւ Սուրբ Հոգին անոնց նորոգուած սիրտերուն միջոցաւ էր, որ զԻնք աշխարհին պիտի ծանօթացնէր. «Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի» (Յհ 16.14):
Հետեւիլ, Այսինքն՝ Յարաբերիլ
Իրեն հետեւիլ եւ Իրմէ սորվիլ ուզող հաւատացեալներուն դիմաց Յիսուս յատուկ պայմաններ չէր դներ, այլ՝ կը թելադրէր, որ հետեւէին Իրեն եւ ճանչնային զԻնք՝ յարաբերութեան միջոցաւ (Յհ 1.43: Մտ 4.19,22, 8.22, 9.9):
Յարաբերիլ, Այսինքն՝ Սիրել
Յիսուս կ'ուզէր, որ աշակերտները Իրմէ սորվէին (Մտ 11.29) ու Իրեն պէս «ծայր աստիճան» (Յհ 13.1) սիրէին: Յիսուս կը հաւատար, որ աշակերտները Իրեն հետեւելով եւ յարաբերութեան ճամբով Իրեն հետ մտերմութիւն շինելով միայն կրնային սորվիլ եւ փրկագործական սիրով սիրել զիրար ինչպէս նաեւ աշխարհին յայտնել, թէ Յիսուսի աշակերտներն էին. «Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13.35): Այդ բանէն տեղեակ էին նոյնիսկ պիղծ ոգիները (տե՛ս Գրծ 19.11-20):
Սիրողը Կը Զոհուի
Յիսուս կ'ուզէր, որ անոնք ունենային սէր մը, որ զոհուիլ գիտէր. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յհ 15.13):
Սէրը Փրկութիւն Կը Փափաքի
Յիսուս կ'ուզէր, որ Իր աշակերտները Իրեն նմանէին եւ օտարն ու մեղաւորը փրկելու համար սէր եւ փափաք ունենային. «Ճիշդ այդ ատեն աշակերտները վերադարձան եւ զարմացան որ Յիսուս կնոջ հետ կը խօսէր. բայց անոնցմէ ոչ ոք հարցուց՝ “Ի՞նչ կ'ուզես”, կամ “Ի՞նչ կը խօսիս անոր հետ”» (կարդա՛ Յհ 4.1-30):
Սէրը Կ'օգնէ եւ Կը Հոգայ
Յիսուս կ'ուզէր սէր մը, որ օտարին օգնելու եւ հոգալու պատրաստակամութիւնը ունէր, եւ որպէս օրինակ՝ Ան պատմեց Բարի Սամարացիին առակը. «Պատահեցաւ որ քահանայ մը նոյն ճամբայէն կ'անցնէր: Տեսաւ վիրաւորը, բայց ճամբան շեղելով՝ անցաւ գնաց: Ղեւտացի մըն ալ նոյն տեղէն անցնելու ատեն՝ տեսաւ վիրաւորը եւ ինքն ալ շրջանցեց գնաց: Բայց Սամարացի մը, որ հոնկէ կ'անցնէր, տեսաւ վիրաւորը եւ գթաց անոր: Մօտեցաւ եւ վէրքերը փաթթեց՝ անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով. ապա դրաւ իր գրաստին վրայ եւ տարաւ պանդոկ մը ու զայն խնամեց: Յաջորդ օր, երբ պանդոկէն պիտի մեկնէր, պանդոկապետին երկու արծաթ դահեկան տուաւ եւ ըսաւ. “Խնամէ՛ զայն, եւ ինչ ծախս որ ընես իրեն համար՝ յաջորդ գալուս կը վճառեմ”» (Ղկ 10.31-35):
Սէրը Սահման Չի Դներ
Յիսուս կ'ուզէր, որ Իր աշակերտները զինուած ըլլային սիրով՝ շնորհքները յաջողութեամբ մատակարարելու համար: Որովհետեւ. «Սէր ունեցողը համբերատար կ'ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ: Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ'ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ'ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ'ըլլայ ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա.Կր 13.4-7):
Սէրը Կը Սիրէ Գործադրել Յիսուսի Պատուիրանները
Առիթով մը Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք իմ պատուիրաններս» (Յհ 14.15). այսինքն՝ վերեւ յիշուած պատուիրանները կամ կեանքի ուսուցումները:
Հաւատացեալը Կը Մղուի Սէրէն՝ Ո՛չ Պայմաններէն
Յիսուս աշակերտներուն ուշադրութեան կ'ուզէր յանձնել, թէ վերոյիշեալ սիրոյ Հոգին աշխարհի կողմէ ճանչցուած եւ ընդունուած չէ, հետեւաբար հաւատացեալները աշխարհի յառաջացուցած պայմաններէն մղուած պէտք չէ որոշեն իրենց ընթացքը կամ վարմունքը. «Աշխարհը չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն: Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեր հետ պիտի ըլլայ» (Յհ 14.17):
Աստուածաշունչը կը յայտնէ մեզի, որ «[…] Սէրը Աստուծոյ պարգեւն է […]» (Ա.Յհ 4.7) , եւ առանց սիրոյ ոչ ոք Աստուծմէ կը ծնի կամ զԱստուած կը ճանչնայ (Տե՛ս Յհ 14.7):
Բոլորին Հետ Սիրո՛վ Ապրէ
Մեր Տէրը անմեղութեամբ կատարեց Իր երկրաւոր առաքելութիւնը: Ան կը մերժէր մեղքը եւ ամէն արարք, որ Աստուծոյ թշնամի էր: Բայց Իր առաքելութեան ընթացքին կը տեսնենք, որ Ան հանդիպեցաւ մարդոց, որոնք մեղաւոր էին, կամ ուրիշներու՝ որոնք Իրմէ ողորմութիւն գտնելէ ետք նորէն մեղաւոր կեանքը ապրելու ատակ եղան, բայց Ան Իր սիրովը վարուեցաւ բոլորին հետ:
Յիսուսի Օրինակով Ապրինք
Կարդա՛ Յհ 5.1-14:
Տեսնելով հանդերձ, որ անդամալոյծ մարդը 38 տարիէ ի վեր մեղքի պատճառով կը տառապէր եւ բժշկուելէն ետք ալ մեղքի մէջ իյնալու ատակ էր, Յիսուս տակաւին բժշկեց զայն եւ ա՛պա զգուշացուց, ըսելով. «Ահա առողջացար. այլեւս մի՛ մեղանչեր, որպէսզի աւելի գէշը չպատահի քեզի» (հմր 14): Աւանդութիւնը կ'ըսէ, թէ այդ մարդը Յիսուսը ապտակող առաջին անձը եղաւ:
Կարդա՛ Յհ 18.3-10 եւ Ղկ 22.51:
Տեսնելով զԻնք փնտռող զինուորներու գունդը եւ իմանալով հանդերձ անոնց չարակամութիւնն ու վարքը, Յիսուս չվարանեցաւ բժշկելու Քահանայապետին ծառային՝ Մաղքոսի ականջը: Մաղքոս՝ թէեւ ֆիզիքապէս թշնամիին կողմն էր, սակայն Աստուծոյ ծրագիրին համաձայն փրկուելու կոչուած էր:
Նոյնպէս ալ մենք, ծառայութեան ընթացքին պիտի հանդիպինք պայմաններու, որոնք կը հակասեն մեր հաւատքին: Մեր շնորհքները կը կիրարկուին միայն սիրով. սէր մը, որ Յիսուսի վերոյիշեալ նկարագիրով կերտուած է: