Զատկուայ տօնին առթիւ, Երուսաղէմ եկած էին հազարաւոր գալիլեացի ուխտաւորներ, որոնք նախապէս տեսած էին Տէր Յիսուսի մեծամեծ գործերը եւ լսած անոնց մասին: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑԻՆ Տէր Յիսուսը, Անոր Երուսաղէմ մտնելու ատեն:
Թէեւ Տէր Յիսուս մերժած էր, թէ Ինք «Մեսիան» էր քաղաքական իմաստով (տե՛ս Յհ 6.15), սակայն ժողովուրդը Անոր գործերուն պատճառով այնպէս կը տեսնէր, թէ խոստացուած թագաւորը կը մտնէր Երուսաղէմ (տե՛ս Մտ 21.1-11, Մր 11.1-11, Ղկ 19.28-40):
Յհ 12.12-13
«Յաջորդ օր, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, որ Զատիկի տօնին առի¬թով Երուսաղէմ եկած էր, երբ լսեց թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, 13արմա¬ւենիի ճիւղեր առաւ եւ Յիսուսը դիմաւորելու ելաւ, բարձրաձայն աղա¬ղա¬կելով.
“Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով, Իսրայէլի թագաւորը”»:
Տէր Յիսուս կը մտնէր Երուսաղէմ՝ մեծ թագաւոր Դաւիթի թագաւորանիստ քաղաքը:
Արմաւենիի ճիւղեր շարժելը յաղթութեան նշան էր: Ժողովուրդը կը կանչէր «ՈՎՍԱՆՆԱ», որ եբրայերէնով կը նշանակէ՝ «կ'աղաչեմ, փրկէ՛» կամ «փրկէ՛ հիմա» (հմմտ Սղ 118.25):
Այդ ընելով, ժողովուրդը ցոյց կու տար, թէ իր թագաւորը պատերազմը յաղթած էր, աւարները հաւաքած էր եւ իր երկիրը կը վերադառնար:
Ժողովուրդը կը դիմաւորէր յաղթող թագաւորը եւ կը խնդրէր, որ թագաւորը նոյն յաղթութեամբ «հիմա փրկէ»ր զիրենք:
Տէր Յիսուսի Յաղթութիւնը Խաղաղութեամբ
Յհ 12.14-15
«Յիսուս էշ մը գտնելով՝ նստաւ անոր վրայ, ինչպէս որ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է.-
15“Մի՛ վախնար, ո՜վ Երուսաղէմ, Սիոնի՛ աղջիկ. ահա թագաւորդ քեզի կու գայ իշու մը աւանակին վրայ նստած”»:
Իշու մը աւանակին վրայ նստելով քաղաք մտնելը խաղաղութեան նշան էր: Անոր մտնելու ձեւը Զաքարիայի մարգարէութեան կատարումն էր, որ Իրեն կ'ակնարկէր (Զք 9.9):
Յիսուսի յաղթութիւնը կատարուած եւ ապրուելու պատրաստ յաղթութիւն է եւ ոչ թէ կատարուելիք յաղթութիւն մը:
- Յհ 16.33-ին մէջ կը կարդանք. «[…] Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»:
Անոր կատարած յաղթութեան հանդէպ մեր յոյսը մեզի համար կ'ըլլայ խարիսխ մը. «[...] Մեծապէս քաջալերուինք եւ մեզի տրուած յոյսին կառչինք: 19Այդ յոյսը մեր խարիսխն է, ապահով եւ անշարժ, որ կը մտնէ երկնաւոր տաճարի վարագոյրէն ներս, ներքին Սրբարանը, 20ուր Յիսուս մտաւ մեզմէ առաջ եւ մեզի համար, եւ յաւիտե¬նական Քահանայապետ եղաւ, Մելքիսեդեկին պէս (Եբր 6.18-20):
Յաղթական Մուտքը Այսօրուան Պատմութիւնն Է
Տէր Յիսուսի մուտքը յաղթանակի երեւոյթ ունեցող մուտք մըն էր: Այդ ժամանակ դիւային ազդեցութեամբ լեցուած, այսինքն՝ անոր տրամադրուած մարդկային իշխանութիւնները արգելքներ կը դնէին Անոր դիմաց: Այդ արգելքները զգալի էին Տիրոջ համար, սակայն Ան բնաւ անոնցմէ ազդուած ըլլալով չէր արտայայտուեր:
- Այդ օրերուն տիրապետող կրօնական խիստ համակարգը եւ անոր բերած ազդեցութիւնը մեծ արգելք էին Տէր Յիսուսի դիմաց:
- Այդ օրերուն տիրապետող կառավարական խիստ համակարգը եւ անոր բերած ազդեցութիւնը մեծ արգելք էին Տէր Յիսուսի դիմաց:
- Տէր Յիսուսի նուիրումը, Հօրը հետ Անոր յարաբերութիւնը եւ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուիլը ազատ կը պահէին զԻնք Իր ընելիք ծառայութիւնը ընելու մէջ:
- Սուրբ Հոգին յիշուած բոլոր պայմաններէն անդին եւ զանազան ազդեցութիւններու հոսանքէն եւ մթնոլորտէն անջատ մթնոլորտի մը մէջ կ'առաջնորդէր զԻնք, որպէսզի Յիսուս իրագործէր Իր մասին ըսուած մարգարէութիւնները:
- Սատանան մեռած է Աստուծմէ, այսինքն՝ բաժնուած է Անկէ: Ան կը մտածէր, թէ ի՛նչպէս կրնար Յիսուսն ալ մեղքի եւ անհնազանդութեան մէջ իյնացնելով մեռցնել, այսինքն՝ բաժնել Աստուծմէ: Ներշնչուած մեռցնելու գաղափարէն, Սատանային հետեւորդները սպաննեցին Յիսուսը, սակայն Անոր մահը մեռցուց մահը (տե՛ս Եբր 2.14-15) եւ խափանեց Սատանային ծրագիրները:
- «Արդ, քանի որ այս զաւակները մարդիկ են, մարմինով ու արիւնով, Քրիստոս ինքն ալ անոնց նման եղաւ, հաղորդակից՝ անոնց մարդկութեան, որպէսզի իր մահով ոչնչացնէ Սատանան, որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, 15եւ ազատագրէ անոնք՝ որոնք իրենց ամբողջ կեանքը մահուան վախովը կ’անցընէին, ստրուկներու պէս»: