Երբ մեր կեանքը կ'ապրինք Տիրոջ սիրով եւ ծառայութիւնները կ'ընենք նոյն գիտակցութեամբ, պիտի նկատենք, թէ աւելի հեշտութեամբ եւ առանց բեռնաւորուելու պիտի կատարենք զանոնք: Որովհետեւ զԱստուած իրապէս ճանչնալը մեզ կը մղէ, որ մեր նմանը սիրենք մեր անձին պէս (տե՛ս Ա.Յհ 4.12-13):
Յիսուս՝ մեր ծառայութիւններուն մասին խօսած ատեն, սիրելը եւ յարգելը կը ներկայացնէ որպէս կարեւոր կէտեր: Այսօրուան նիւթին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչպէս Ան՝ Իր ծայր աստիճան սիրելուն պատճառով (տե՛ս Յհ 13.1), Իր Անձը կը խոնարհեցնէ եւ մեր ծառայական բնութիւնը Իր վրան կ'առնէ եւ մեր փրկութեան համար ամէն մարզէ ներս կը ծառայէ (տե՛ս Փլպ 2.7-8):
Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ Անոր գործը ընել: Ծառայութեան ընթացքին մեր նկարագիրը կը շփուի տարբեր նկարագիրներու հետ: Տարբերութիւններու հանդիպելու պատճառով, շատ անգամ կը բեռնաւորուինք եւ կը սկսինք դժգոհիլ: Դժգոհութիւնը թշնամիին՝ Սատանային, մօտիկ բարեկամն է: Անիկա կը սկսի քեզ գաղջացնել եւ Աստուծոյ ծառայելէն հեռացնել:
Սէրը արմատն է ծառայութեան: Սէրը ծառայելու կարողութիւնդ բարձր եւ դրական վիճակի մէջ կը պահէ: Սէրը ծառայութեան ընթացքին կուտակուող դժգոհութիւնը մաքրող ուժն է: Անիկա ծառայութեան տարբեր բեռները կրելու ներքին մղումը կը շինէ:
Պատմութեան ընթացքին հաւատքի հերոսներ յարգած են ծառայութիւնը եւ բարձր պահած են ծառայութեան պատիւը.
- Դաւիթ յարգեց իշխանութիւնը:
- Աբրահամ յարգեց եղբայրութիւնը:
- Հռութ յարգեց Նոյեմիի հաւատքը:
- Մովսէս յարգեց Աստուծոյ ժողովուրդը (Եբր 12.24):
- Յիսուս թելադրեց սիրել եւ յարգել ընկերը (Բարի Սամարացին):
- Պօղոս յարգեց եւ պատուեց ծառայութիւնը մինչեւ մահ:
- Յիսուս սիրեց եւ յարգեց իրենինները “ծայր աստիճան” (Յհ 13.1):
Տէր Յիսուս բարձրագոյն օրինակն է սիրոյ եւ ծառայութեան: Իր սիրովը Ան յանձն առաւ ծառայութեան բեռն ու դժուարութիւնը: Ոչ մէկ ատեն Ան ուղղակի այպանեց մարդիկը Իրեն պատահածներուն կամ պատահելիքներուն համար:
Ան Իր սէրը արտայայտեց նոյնիսկ երբ Իր հոգին մահուան չափ խռոված էր՝ զօրաւոր ճնշումի տակ ըլլալով:
I. Յիսուս ծայր աստիճան սիրեց եւ աշակերտներուն ապագային համար խորհեցաւ:
Ա. Ան սէրը արտայայտեց գիտակցութեամբ (տե՛ս Յհ 13.1-5):
- Գիտէր, որ ժամանակը հասած էր եւ նորէն Հօրը քով պիտի երթար:
- Ամէն բան Իր ձեռքը տրուած էր (Յհ 13.3):
- Գիտէր, որ դաժան մահով պիտի վերցուէր աշխարհէն:
Բ. Անոր հոգին խռոված էր մահուան չափ (Մտ 26.38: Յհ 13.21):
- Մարդոց չարութիւնը կը մօտենար:
- Անփորձ էր մահուան, սակայն ՓՐԿԵԼՈՒ համար պիտի ՄԵՌՆԷՐ:
- Անգութ թշնամիին յանձնուիլ կը պատրաստուէր:
- Աշակերտները զԻնք պիտի լքէին (Մտ 26.31):
- Անոնց ապագային համար կը խորհէր (Յհ 17.6-15):
Գ. Ան ծայր աստիճան սիրեց (Յհ 13.1):
- Յիսուս Իր ծառայութիւնը Հայրը սիրելուն չափով յանձն առաւ (Յհ 5.19-20):
- Իր փառքէն խոնարհելու չափ սիրեց զԱյն (Յհ 13.4-5: Փլպ 2.7-8):
- Օրինակելի սիրով սիրեց զԱյն (Յհ 13.5-7,15):
Դ. Ան անոնց ոտքերը լուաց:
- Գիտնալով, որ ամբողջ օրուան ընթացքին անոնց ոտքերը կ'աղտոտին:
- Ճամբուն փոշին կը կրեն:
- Անոնց առօրեայ սխալները չարգիլեցին Յիսուսի, որ անոնց առօրեայ աղտը մաքրէր:
II. Ոտքերը լուալէն զատ ուրիշ բան պէտք չէ (Յհ 13.10):
Ա. Խօսքը ընդունիլը ամէն բան է (Յհ 15.3):
Բ. Ոտքերը ճամբուն փոշիէն կ'աղտոտին:
- Փոշին կը խօսի մեր առօրեայ կենցաղին մասին:
- Անիկա ակնարկութիւն է նկարագիրի:
- Ոտքերը շարունակ մաքրութեան կարիքը ունին:
- Մաքրողներ ըլլալու են:
III. «[…] Երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յհ 13.17):
Ա. Օրհնուած էք, ուրախ էք:
Բ. Ծառայութիւնը պիտի կատարէք.
- Յիսուսի օրինակով զանիկա յանձն առնելով
- Ամէն սխալ գիտնալով հանդերձ յանձն առնելով
- Դժուարութիւն եւ ճնշում ունենալով հանդերձ
- Ծառայութիւնը բոլոր պատահող պայմաններէն վեր եւ առաջ դնելով
Գ. «Ինծի հետ բաժին պիտի ունենաք» (հմր 8):
- Յիսո՛ւս ծառայեց բայց անոնք միացան:
- Յիսուսի ծառայութիւնը որեւէ պատճառով մերժողը Անոր հետ բաժին չ'ունենար:
Դ. Երանութիւն փափաքողներդ.
- Ոտք, ձեռք եւ գլուխ լուալ պիտի ուզէք: - Բնաւորութեան ամէն անկիւն
- Ոչ միայն քայլերը
- Նաեւ ձեռքերը
- Նաեւ գլուխը
Ե. Իրարու ոտք լուաք եւ ծառայութեան բեռ վերցնէք
- Գիտնալով հանդերձ, որ իր քալած ճամբայէն աղտօտած է:
- Գիտնալով հանդերձ, որ թերութիւն է:
- Առանց իրաւունք փնտռելով ծառայութիւնը լքելու
- Առանց ճնշումի կամ դժուարութեան պատճառով կանգ առնելու
- Յիսուսի աշակերտ ըլլալդ կը յայտնուի հաւատակիցդ սիրելուդ մէջ (Յհ 13.35):
- Ծառայութիւնը բարձրագոյն կեդրոնացումդ պէտք է ըլլայ:
Զ. «Զիս ընդունած կ'ըլլաք» (Յհ 13.20):