Մենք մեր կեանքերով լոյս ենք: Ամէն Քրիստոնեայ ընտանիք պէտք է ունենայ քրիստոնէավայել վարմունք եւ ճանչնայ իր ինքնութիւնը:
Այս գլուխին մէջ պիտի տեսնենք ի՛նչպէս Աստուած կը գործածէ Տիրոջ պարգեւով լեցուն ընտանիքներ՝ ծառայողներուն լոյս եւ մխիթարութիւն ըլլալու համար:
Մենք եկեղեցի երթալու համար չենք ստեղծուած, այլ՝ լոյս ըլլալու համար: Եկեղեցին մե՛նք ենք: Պէտք է մեր տուները աղօթքի վայր դարձնենք:
Զգուշանալ Յափշտակող Գայլերէն՝ Որոնք Կը Կործանեն Եկեղեցին (Գրծ 20.28-31)
Առաքեալներու Գործերը գիրքին 20-րդ գլուխին մէջ, Պօղոս հրաժեշտ կու տայ եկեղեցիին եւ անոնց կը թելադրէ, որ Աստուծոյ հետ իրենց կապը լաւ պահպանեն:
Պօղոս առաքեալի գործը Աստուծոյ Խօսքը ամէն տեղ տանիլ էր եւ ան կ'աշխատէր՝ Խօսքը իւրաքանչիւրին հասցնելու: Ան գիտէր, որ երբ ինք երթար՝ Խօսքը եկեղեցիէն պիտի պակսէր եւ այդ պատճառով ալ զանոնք կը զգուշացնէ՝ «Ուրեմն զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար [..] քանզի գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին» (Գրծ 20.28-29):
Պօղոս գիտէր, որ խօսքին, այսինքն խրատին բացակայութիւնը լուրջ հարցեր կը ստեղծէ եւ գայլերը երեւան կը հանէ: Գայլեր, որոնք սուտերով մարդիկը իրենց ետեւէն կը քաշեն (Գրծ 20.30):
Հետեւաբար առաքեալը կը թելադրէ, որ Աստուծոյ Խօսքին յանձնուին, որպէսզի Խօսքը եւ նուիրումը բնաւ չպակսին:
Պօղոսը՝ Դէպի Երուսաղէմ
Աշակերտներ կը մարգարէանային, որ Պօղոս աւելի հալածանքի պիտի ենթարկուի:
Հակառակ ատոր՝ Պօղոս դէպի Երուսաղէմ գնաց:
Այս աշակերտները իրենց վախերուն ազդեցունթեան տակ կը մարգարէանային, բայց Պօղոս չէր արտօնէր, որ մարգարէութիւնները իր ընթացքը կեցնեն:
Պօղոս ծառայող մարդ էր եւ հալածանքներուն ու ճնշումներուն ընթացքին ան կեդրոնացած էր Տիրոջ ձայնը լսելու: Տէրը զինք կը քաջալերէր եւ կը յորդորէր:
Փիլիպպոսի Տունը
Փիլիպպոսի չորս աղջիկները տան մէջ մարգարէութիւն ընելով՝ Աստուծոյ կը ծառայէին: Այսօր շատ մը ծնողներէ այսպիսի խօսքեր կը լսենք՝ «Երկու զաւակներէս մէկը միայն թող Աստուծոյ ծառայէ», կամ «Աղջիկ է, թող ամուսնանայ եւ ընտանիք կազմէ»:
Փիլիպպոսի տունը դարձած էր եկեղեցի մը, մարգարէներով լեցուն, որովհետեւ այդ տան մէջ անդադար Աստուծոյ Խօսքը կը հնչէր: Երբ Պօղոս յոգնած վիճակի մէջ մտաւ այդ տունը՝ ան վստահաբար վայելեց մարգարէութիւնները:
Մեր տուները պէտք է աղօթքի տուներ ըլլան: Տուները փոքր եկեղեցիներ են, որոնց մէջ Աստուծոյ խօսքը եւ մարգարէութիւնը պէտք է բարձրանայ, որպէսզի իրենց շրջապատին հանար լոյս դառնան:
Մեր տուները փոքր եկեղեցիներ են, առանց որոնց մեծ եկեղեցին պարզօրէն պատ մը կը դառնայ:
Պօղոսի Մտայնութիւնը
Այդ ատենները, Ագաբոս եւս մարգարէացաւ գալիք դժուարութիւններուն մասին:
Պօղոս ոչ թէ մարգարէութիւնը կը մերժէ, այլ կը մերժէ իր սիրտը ճմլուելու գաղափարը: Այդ մարդիկ Սուրբ Հոգիով յայտնութիւն ստանալով, իրենց վախերէն մղուած մարգարէացան:
Որոշումը Պօղոսինն էր եւ ան որոշեց չհրաժարիլ իր ընելիքներէն: Այսօր մեր յայտնութիւնները ի շահ թագաւորին պէտք է ըլլան: