Խոնարհութիւնը կրնայ մեզի յատուկ ինքնութիւն մը եւ վարմունք մը տալ եւ իսկական խոնարհութեան կատարեալ օրինակը կը տեսնենք Յիսուսի մէջ:
- Յիսուս ամբողջ էութեամբ Աստուծոյ սահմանած ժամանակին մէջ կը քալէր (Յհ 13.4-5): Ան կ'ընէր ինչ որ հայրը կ'ընէր (Յհ 5.19,30) եւ ամէն բանի մէջ Աստուծոյ փառքը կը փնտռէր (Յհ 8.50):
Այդ իսկ պատճառով, ո՛չ ոք կրցաւ ձերբակալել կամ սպաննել զԻնք, մինչեւ որ Անոր սահմանուած ժամանակը հասաւ: - Հակառակ անոր որ ոտք լուալը ամէնէն ստորին գործը կը նկատուէր հրեաներուն համար, Յիսուս աշակերտներուն ոտքերը լուաց: Ան գիտէր, որ աշակերտներուն սիրտին մէջ մրցակցութեան հոգի մը կար եւ այդ պատճառով էր որ Ան աշակերտներուն տուաւ խոնարհութեան այդ անմոռանալի օրինակը: Իր ըրածով, Յիսուս ետ մղեց եսասիրութիւնն ու հպարտութիւնը (Փլպ 2.1-16):
- Յիսուսի բարձրագոյն խոնարհութիւնը խաչին վրայ մեռնիլն էր: Ան, գերիշխան ըլլալով հանդերձ ծառայական բնոյթ առաւ:
Պետրոս հաւանաբար այս ճշմարտութիւնը յիշելով, գրեց իր առաջին նամակը, որպէսզի կարդացողները խոնարհութիւնը հագնին (Ա.Պտ 5.5):
Շատ անգամ «հոգիով աղքատ»-ը (Մտ 5.3) կը շփոթենք «աղքատութեան հոգիին» հետ, եւ իսկական խոնարհութիւնը կը շփոթենք ամչկոտութեան եւ ստորադասութեան զգացումին հետ: Բայց Յիսուսի խոնարհութիւնը Անոր աղքատութենէն ծնած չէր, այլ՝ հարստութենէն, որովհետեւ Ան հարուստ էր, բայց մեզի համար աղքատացաւ (Բ. Կր 8.9):
Հայրը ամէն բան Անոր յանձնած ըլլալով հանդերձ, Ան ղենջակ կապեց, եւ կոնքը առաւ ու աշակերտներուն ոտքերը լուաց:
Խոնարհ ըլլալ չի՛ նշանակեր անարգ եւ խեղճ ըլլալ, այլ կը նշանակէ բնաւ մեր անձին մասին չմտածել:
Ճշմարիտ խոնարհութիւնը Հօր հետ առողջ յարաբերութիւն ունենալէն կը ծնի ու կ'աճի: Քրիստոսի օրինակով ծառայելու փորձառութիւնը պիտի ունենանք միայն երբ մեր փափաքը Հօր անունը փառաւորելը, Անոր կամքը ճանչնալն ու զայն կատարելը ըլլայ: