Մենք որդի ենք (Հռ 8.14) եւ ժառանգորդ (Բ.Կր 5.17): Նոր արարածներ ենք եւ թագաւորներ (Ա. Պտ 2.9) եւ Յիսուսի նման ամէն իշխանութիւն մեզի տրուած է (Մտ 28.19-20: Յհ 1.12): Սակայն պէտք չէ մեր կրցածին համաձայն շարժինք, այլ՝ պէտքին:
Կարեւոր է նկատի առնենք, թէ Յիսուս ի՞նչ կրնար ընել, եւ ի՞նչ ըրաւ:
Յիսուս հզօր Աստուած էր (Ես 9.6): Ան հրաշքներ կը գործէր (Յհ 6.14) եւ մարդիկ կ'ապշէին իր ունեցած իշխանութեան վրայ: Յիսուս ջուրերուն վրայէն կը քալէր (Մտ 14.22-36), մեռելին յարութիւն կու տար (Յհ 11.38-44) եւ մարդոց մէջէն կ'անհետանար (Ղկ 4.30): Ան հաւասար էր Հօր եւ Սուրբ Հոգիին (Մտ 28.19) եւ դեւերը իրեն կ'երկրպագէին (Մր 3.11) ու Իր առջեւ կը խոնարհէին:
Յիսուս կրնար յաղթել Սատանային առանց խաչ ելլելու, բայց խաչին վրայ գամուեցաւ: Ան կրնար խաչափայտին վրայ գամերը հալեցնել, ցաւերը դադրեցնել եւ թշնամին տապալել, բայց Իրեն համար սահմանուածը ըրաւ:
Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, Ան մերժեց Իր իրաւունքները առնել Իր կարողութիւնը օգտագործելով, այլ նայեցաւ Իր առջեւ կեցող ուրախութեան (Եբր 12.2): Ան Իր իրաւունքները Հօր իրաւունքները սեպեց եւ սկիզբէն (Մտ 3.16) մինչեւ վերջ սպասեց, որ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը իրենք ըլլան խօսքը ըսողը:
Երբ Յիսուս Իր Հոգին Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց.
- Վարագոյրը վերէն վար երկուքի բաժնուեցաւ:
- Երկիրը շարժեցաւ:
- Քարերը պատռուեցան:
- Գերեզմանները բացուեցան:
- Զինուորներ վկայեցին (Մտ 27.51-54):
Եկէ՛ք մենք մեզի հարց տանք, թէ մենք ի՞նչ ձեւերու կը դիմենք՝ մեր հարցերը լուծելու համար. մե՞ր ձեւը, մե՞ր կարողութիւնները:
Մեր ամբողջ էութեամբ մեր միտքերն ու կեդրոնացումը Յիսուսի յարենք եւ ամէն բանի նայինք Անոր սկզբունքներուն համաձայն: Մեր սիրտերը ամբողջութեամբ Յիսուսի բանանք, որպէսզի ամէն օր ապրինք Յիսուսի ձեւին համաձայն: