Երբ Յիսուս հանդիպեցաւ Մատթէոսի, որ որպէս մաքսաւոր մաքս կը հաւաքէր «[...] ըսաւ անոր. “Հետեւէ՛ ինծի”» (Մտ 9.9 Ն.Թ.):
«Հետեւիլ» յունարէնով կը նշանակէ՝ ետեւէն երթալ, հասնիլ եւ աշակերտ ըլլալ: Հետեւողը իսկական աշակերտ կ'ըլլայ, Խօսքին կը հնազանդի, ճշմարտութիւնը կը ճանչնայ ու ազատ կ'ըլլայ (Յհ 8.31):
Մատթէոս հարուստ էր, իշխանութեան տէր մարդ էր եւ խիստ էր իր գործը կատարելու մէջ, բայց երբ Յիսուս զինք կանչեց, ան ոտքի ելաւ եւ ամէն բան ձգելով՝ Յիսուսի հետեւեցաւ:
Յիսուս ընտրեց ռամիկ մարդ մը եւ ո՛չ թէ կրօնաւոր մը, որ Աստուծոյ խօսքը սորված էր, որովհետեւ Ան անձ չէր փնտռեր, ոչ ալ գիտութիւն, այլ կը փնտռէր նուիրուած սիրտ, որ յանձն պիտի առնէր իր ետեւէն երթալ եւ Իրեն աշակերտ ըլլալ:
Ուրիշներ եւս Յիսուսի կանչը ընդունեցին նուիրումով: Երբ Յովհաննէս Մկրտիչ վկայեց Յիսուսի մասին, ըսելով, որ Ան Աստուծոյ Գառն է, Յովհաննէսի երկու աշակերտները ձգեցին զինք ու Յիսուսի ետեւէն գացին (Յհ 1.35): Երբ երկու աշակերտները հարց տուին Յիսուսի, թէ ո՛ւր էր Իր օթեւանը, Յիսուս ըսաւ «[…]Եկէք եւ տեսէք […]» (39 Ն.Թ.):
Յիսուս կ'ակնկալէր, որ աշակերտները Իրեն հետեւէին քայլ առ քայլ: Յիսուսի հետ մէկ օր անցընելէ ետք, անոնք վկայեցին, թէ Մեսիա՛ն գտան: Անոնք Յիսուսի հետեւելէ ե՛տք միայն կրցան ատիկա ճանչցնալ:
Յիսուս նաեւ կանչեց Փիլիպպոսը (43 Ն.Թ.) եւ ըսաւ՝ «[...] Հետեւէ՛ ինծի»: Ան հետեւեցաւ Յիսուսի եւ անկէ ետք, իր փորձառութենէն մղուած, Յիսուսի մասին վկայեց Նաթանայէլին: Երբ նաթանայէլ հարց տուաւ (իր մարդկային ձախող փորձառութեան իբրեւ հետեւանք), թէ արդեօք կարելի՞ էր, որ Նազարէթէն լաւ բան մը ելլէ, Փիլիպպոսի անոր ըսաւ՝ «[…] Եկուր եւ տե՛ս»:
Նաթանայէլ գնաց Յիսուսի մօտ եւ ինք եւս անձնական փորձառութեամբ ճանչցաւ Յիսուսը: Յիսուս Նաթանայէլի խօսեցաւ իր սիրտին այն բաժինին մասին, զոր Նաթանայէլ անգամ չէր գիտեր: Անկէ ետք, Նաթանայէլ վկայեց, որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր եւ Իսրայէլի՝ թագաւորը (49):
Մարիամի օրինակով կը տեսնենք, թէ Յիսուս կը գնահատէ եւ քայլ կ'առնէ այն մարդոց համար, որոնք յանձն կ'առնեն Իրեն հետեւիլ:
Մարիամի համար կարեւոր էր Յիսուսի խօսքերը մտիկ ընելը, աւելի քան ծառայութիւնը: Ուրիշ առիթով մը, Մարիամ նաեւ Յիսուսի ոտքերը օծեց սուղ իւղով (պատուական Նարդոսի իւղով), ինչ որ օրինակ է իր ամենէն արժէքաւոր բանը Յիսուսին տալուն:
Երբ Ղազարոս մեռաւ եւ Մարիամ լալով Յիսուսի ոտքերուն ինկաւ (Յհ 11.33), Յիսուսի սիրտը չդիմացաւ, որովհետեւ տեսաւ, որ այն սիրտը, որ Աստուծոյ Խօսքը ընդունած էր, կու լար:
Մարիամ Յիսուսի սիրտը շարժեց իր նուիրումով: Այսօր մեր նուիրումը եւս Յիսուսի սիրտը կը շարժէ: Քննե՛նք մեր անձերը (Բ. Կր 13.5): Երբ մեր նուիրումը կատարեալ կ'ըլլայ, Յիսուսի ներկայութիւնը պիտի գտնուի մեր կեանքերէն ներս եւ ատիկա իր կարգին հրաշքի պատճառ պիտի ըլլայ: