Սուրբ Հոգիով քալելու ընթացքին կան օրէնքներ, որոնց պէտք է հետեւինք: Օրէնքները թելադրանքներ եւ սկզբունքներ են՝ շնորհքը լաւ կերպով գործածելու համար:
- Եզ 44.5-8-ը ցոյց կու տայ, թէ առաքելութիւն մը սկսելէ առաջ, կամ Աստուծոյ մասին խօսելէ առաջ, Սուրբ խորհուրդներուն եւ պարգեւներուն արժէքը գիտնալու համար, պէտք է ենթական լաւ նայի, ճանչնայ եւ ըմբռնէ Աստուծոյ տուած թելադրանքները:
- Եզ 44.2-ին մէջ Աստուած պատուէր կու տայ, մասնաւորաբար արեւելեան դուռին համար, որ մարդ չմտնէ ատկէ, որովհետեւ իշխանը անկէ մտաւ: Իշխանը Քրիստոսի օրինակն է, որ հաւատացեալը իր մեղքերէն կը մաքրէ եւ զայն Տիրոջ ներկայութեան կենալու կ'արժանացնէ:
Մեր սիրտը բանանք միա՛յն Յիսուսի (Եզ 44.5-6) եւ չարտօնենք, որ Իրմէ զատ ուրիշ մէկը կամ ուրիշ սկզբունքներ մտնեն մեր սիրտերէն ներս: - Եզ 44.7-ին մէջ կը կարդանք, թէ հին տաճարին սուրբ տեղին մէջ պղծութիւններ կ'ընէին, առանց անոնց հետեւանքներուն մասին մտածելու (Կարդա՛ Եզր 10.18,19,24):
Բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ գործը կատարելու պատասխանատուութիւնը ունին, պէտք է գործին սրբութիւնը պղծող որեւէ բան առանց խնայելու վերցնեն, այլապէս անոնք պատճառ կ'ըլլան, որ Աստուծոյ սրբութիւնները պղծուին: - Ծառայութիւնը աւելի քան ուսումի` հոգեւոր չափահասութեան պէտք ունի:
Նոր Տաճարին մէջ ծառայութիւնը հիմնուած է Քրիստոսի փրկագործութեան մանրամասնութիւնները ուսուցանելուն վրայ, ինչպէս նաեւ օծութիւնը գործնականօրէն հաւատացողներուն փոխանցելուն վրայ, որպէսզի ենթակային կեանքը Տիրոջմով զինենք:
Պէտք է ծէսերը ըլլան գործնական դաստիարակութիւն եւ օծութիւն փոխանցող ծառայութիւններ, որպէսզի հետեւողը մասնակցի, Քրիստոսի յաղթութեամբ զինուի (Եբր 10.13) եւ օծութեան ներքեւ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը մշակէ:
Այդ մէկը կատարուելու համար, ծառայողը Աստուծոյ եւ իր միջեւ կատարուող յարաբերութեան պտուղը՝ օծութիւնը փոխանցելու փորձառութիւնը պէտք է ունենայ: - Աստուած կ'ուզէ պատերազմիկ ծառաներ, որոնք դժուարութեան ատեն գործը չեն լքեր (Եզ 44.10):
- (Եզ 44.10-11) Հոս պիղծերը օտարները չէին, այլ՝ նոյնինքն ծառայողները, որոնք սիրտով անթլփատ էին (Կղ 2.11):
Հազարամեայ տաճարին մէջ սիրտով անթլփատները Աստուծոյ ներկայութեան կենալու արժանի չեն: Նոյնպէս ալ այսօր Աստուծոյ կողմէ մերժուած են այն մարդիկը, որոնք Տիրոջ սրբութիւնը չեն արժեւորեր եւ մաքրութիւնը միայն որպէս պարտականութիւն կը տեսնեն (Գրծ 21.28): - Քրիստոնեաները Արդարացածներն Են (Եզ 44.15-31): Սադովկ կը նշանակէ՝ «արդարութիւն» (Եզ 44.15) եւ Սադովկի որդիները օրինակ են Քրիստոնեաներուն, որոնք Աստուծոյ մօտենալու սահմանուած են:
Անոնք որոնք պատուաւոր գործեր կ'ընեն, Տէրը անոնց վրայ պատուաւոր նշաններ պիտի դնէ, եւ զանոնք ծառայութեան համար պիտի նշանակէ:
Եթէ նուիրումով մօտենանք Աստուծոյ, Աստուած ալ մեզի պիտի մօտենայ (Յկ 4.8):