Ի՞նչ Բանի Ժամանակն Է

  • Հաւատալու եւ հաւատքով ապրելու
  • Սուրբ Հոգիով եւ Անոր գերբնական պարգեւներով ապրելու
  • Ապրելու Յիսուսը մեր կեանքերով. մեր անձերը ներկայացնեն Յիսուսը

Այդ Օրերը

  1. Որդիին աշխարհ գալուն եւ մարդանալուն օրերն էին:
  2. Որդիին խաչուելուն, աշակերտներուն մեծ յուսախաբութեան եւ շուարումին օրերն էին:
  3. Երրորդ օրը յարութիւն առնելու օրերն էին:
  4. Աշակերտներուն երեւնալու եւ ապացոյցներով զանոնք զօրացնելու օրերն էին (Գրծ 1.4-5):
  5. Յարութեան օրերն էին, երբ Յիսուս իր բոլոր ցրուած աշակերտները հաւաքեց (Ղկ 24.13-32):

Ըստ ինծի, աշակետները կրնային աւելի զօրաւոր ըլլալ եւ ճիշդ ընթացքի մէջ քալել:

«Ձուկ որսալու կ'երթամ»

  1. Աշակերտներուն արհեստն էր:
  2. Ըստ իրենց կոչումին, իրենց արհեստը փոխուած էր մարդ որսալու:
  3. Մարդ որսալը աւելի սիրած էին:
  4. Ձուկ որսալու երթալը՝ ձախող գործին վերադառնալուն պատճառը, այդ ժամանակուան պարապութիւնն էր:
  • Այսօր երբ եկեղեցին եւ Քրիստոնեաները կը հրաժարին Աստուծոյ Խօսքին արժէքներէն եւ զայն տարածելէն, բնականաբար կը վերադառնան սովորական կեանքի ձեւին, որ պարզապէս այլ պարտականութիւններու նման բան մը կը դարձնէ հոգեւորութիւնը: Քրիստոնեան կը սկսի ըլլալ անուանեալ Քրիստոնեայ մը կամ միայն եկեղեցի յաճախող մը, բայց կը տառապի մեծ պարապութենէն:
  1. Երրորդ համարին համաձայն, Պետրոս եւ վեց աշակերտները իրենց անցեալի անկարողութեան մէջ ինկան եւ «այն գիշերը բան մը չբռնեցին» :
  2. Աշակերտները գերբնականին եւ նպատակին մէջ ծառայելէ ետք նորէն ինկան հինին մէջ: ա. Հինգ հազարի կերակրումի հրաշքին մասնակցութիւն բերելէ ետք, նախկին գործին գացին, բայց պարապ դուրս եկան: բ. Իր կոչումին ճամբուն մէջ քալած ատեն Պետրոս ձուկ չփնտռեց, հապա Տիրոջմով՝ ձուկը իրեն եկաւ (Մտ 17.24-27): գ. Առաքելութեան ճամբուն մէջ փորձառութիւն վաստկեցան դեւերը հալածելու եւ հիւանդները բժշկելու, բայց նորէն վերադարձան իրենց հին աշխատանքին: դ. Հաւատացեալները շատ անգամ իրենց անցեալի տկարութիւններուն մէջ ապրելու կը վերադառնան, կարծելով, թէ բնական բան մըն է աշխարհի վրայ տիրող ձեւին ենթարկուած ապրիլը (սովորական աշխարհի կեանքի ընթացքին եղածներէն խաբուելով) եւ հոն ալ կը մնան իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին:
    1. Երբ ես աշխարհը ձգեցի, Յիսուսով նոր կեանք սկսայ եւ չկայ պատճառ մը, որ ինծի նորէն իմ անցեալի գործիս կամ կեանքիս տանի:
    2. Դժուարութեան ատեն մեքենիքի գործին վերադառնալը երկրորդ ընտրութիւն մը չէ բնաւ:
    3. Դժուարութեան ատեն իմ անբաղդատելիօրէն գերագոյն վարպետս Տէրս ու Փրկիչս Յիսուսն է, որուն առջեւ միայն իմ ծունկս պիտի ծռեմ եւ կեանքիս բարեփոխութիւնը ակնկալեմ:

(Հմր 4) «Չճանչցան»

Աշակերտներուն Յիսուսը չճանչնալուն զանազան պատճառներ կրնանք տալ.

  1. Առաւօտ կանուխ էր եւ չկրցան զինք ճանչնալ:
  2. Աշակերտները սխալ կեցուածք եւ վիճակ ունէին, այդ պատճառով Յիսուսը տեսնելու անոնց հոգեւոր տեսութիւնը պղտորած էր:
  3. Յիսուս սորվեցնելիք ունէր եւ այդ պատճառով նախքան խօսքը լսելնին չարտօնեց, որ ճանչնան:

(Հմր 5) «Ուտելու բան մը ունի՞ք»

Անդրադարձում...

  1. Ամբողջ գիշեր չկրցան որսալ, իսկ արդէն առտու էր եւ չէին կրնար:
  2. Կարծես Յիսուս ըսել ուզեր՝ «Ներկայի ընթացքը կերակուր կը խոստանա՞յ ձեզի»:
  3. Յիսուսի համար անցած էր այդ ժամանակը. Ինք յարութիւն առած էր եւ ուտելու պէտք չունէր:
  4. Երբ եկան Յիսուսի մօտ, տեսան, թէ Ան արդէն ձուկ դրած էր կրակին վրայ (Յհ 21.9): Ուրեմն Յիսուսի հարցումը աւելի ուղղուած էր աշակերտներուն:

«Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք […]»

(հմր 6-8)

  1. Յիսուս նախ աշակերտներուն պէտքին հանդիպեցաւ եւ այդպիսով մղեց, որ անդրադառնան իրենց այդ ատենուան վիճակին եւ յարին իրենց կոչումին ու յաջողին ետ մղել թշնամին, որ կը փորձէր զիրենք աշխարհի ձեւին մէջ պահել. այսինքն՝ իրենց գործերուն մէջ մնան, հոգեւոր պարապութեան չյաղթեն ու առանց Յիսուսի եւ Անոր յարութեան հետ իրական յարաբերութեան մէջ ըլլալու կազմեն եկեղեցին՝ Յիսուսի Մարմինը, որ միշտ ձեւով մը ենթարկուած կը մնայ աշխարհի մէջ գործող խաւարի իշխանին:
  2. Յիսուսի խօսքերուն մէջ հաստատ մնալը միշտ պատճառ եղած է, որ մարդիկ յաջողութիւն, առողջութիւն եւլն. գտնեն:
  3. Յիսուսի խօսքին մէջ մնալը օգնեց, որ աշակերտները. ա. Ձուկ գտնեն, ճիշդ ինչպէս իրենց կանչուած օրը գտան, որպէսզի զգան ու սկսին շարժիլ իրենց կոչումէն մղուած եւ ոչ պայմաններէն: բ. Աշակերտները սկսան իրենց սիրտին մէջ զգալ եւ անդրադառնալ, թէ ի՛նչպէս Խօսքով անկարելին կարելի կը դառնայ, եւ այդ պատճառով անոնց քայլերը դէպի Յիսուս ուղղուեցան: գ. Աշակերտները սորվեցան, թէ առանց Յիսուսի չէին յաջողիր, նոյնիսկ իրենց արհեստին մէջ:

153 Մեծ Ձուկեր

Եբրայեցիներուն, ինչպէս նաեւ շատ մը ազգերու մօտ, թիւերը յատուկ նշանակութիւն ունին:

Եբրայեցիները, յոյները, ինչպէս նաեւ մենք՝ հայերս, տառերը կը գործածենք որպէս գիր եւ թիւ:

Օրինակ՝ Ա=1, Բ=2... Ժ=10, Ի=20 եւլն.

Հրեաները կարդալու եւ մեկնաբանելու ատեն կ'օգտագործեն բառերու գիրերուն թուային գումարները, կամ ալ թիւերը կը հասկնան իբրեւ տառեր:

  1. Առակաց Գիրք եւ Սողոմոն Առակաց Գիրքը ունի 375 առակներ՝ գրուած Սողոմոն Թագաւորին կողմէ (Առ 10.1—22.16). 375-ը հաւասար է եբրայերէնով «Սողոմոն» անունին գիրերուն ներկայացուցած թիւերուն գումարին:
  2. Եզեկիա թագաւոր Առ 25.1--30.1-ը Եզեկիա Թագաւորին կողմէ կամ անոր հրամանով աւելցուած առակներն են, որոնց թուային արժէքը եբրայերէնով «Եզեկիա» անունը կը ներկայացնէ:

Աստուածաշունչը յստակօրէն կը յայտնէ, թէ հարիւր յիսուն երեք խոշոր ձուկեր քաշեցին դէպի ցամաք:

  1. Այդ ժամանակ միայն 153 տեսակի ճանչցուած ձուկ կար: ա. Յիսուս Իր աշակերտները արդէն մարդու որսորդ ըլլալու կանչած էր, որպէսզի աշխարհի ծովուն մէջէն Աւետարանին ուռկանով հաւաքեն բոլոր մարդիկը (Մր 1.17): բ. 153 թիւը խորհրդանշաբար կը ներկայացնէր այդ ժամանակ աշխարհի վրայ ապրող բոլոր ազգերը:
  2. 153-ը նաեւ եբրայերէնով «զատիկ» («հա պասէք») բառին թիւերուն գումարն է, ինչպէս նաեւ՝ «Աստուծոյ որդիներ»ունը («պեն հա Էլօհիմ»):
  • Մենք զաւակներն ենք Աստուծոյ, եւ Յիսուսը՝ մեր Զատիկը, պէտք է տանինք աշխարհ՝ մարդոց:

Հետաքրքրական Վերլուծում մը

  • Մարկոսի Աւետարանը կը գրէ, թէ Յիսուս անձամբ օրհնեց 3 հոգի՝ Մր 1.23, 7.32, 8.22:
  • Մատթէոս աւետարանիչ կ'ըսէ, թէ Ան 23 առիթներով օրհնեց 47 հոգի (կարգ մը համարներ՝ Մտ 8.2, 15.22, 25.27):
  • Ղուկաս աւետարանիչ կ'ըսէ, թէ 14 առիթներով օրհնեց 94 հոգիներ:
  • Յովհաննէս աւետարանիչ կ'ըսէ, թէ 8 առիթներով 9 հոգիներ օրհնուեցան (Յհ 3.1, 8.11: Յհ 11):
  • Այդ բոլորը կը կազմեն 48 առիթներ, որոնց ընթացքին օրհնուեցան 153 հոգիներ:

Սա հաշիւով, ԶԱՏԻԿԸ=153, իսկ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻՆԵՐԸ=153: Ուրեմն կը մնայ, որ ապրինք եւ ամբողջ աշխարհին ներկայացնենք մեր Քրիստոսով ստացած նոր ինքնութիւնը (կարդա՛ Ա.Պտ 2.9):

Նախորդ Հրապարակում Երանի՜ Քեզի
Յաջորդ Հրապարակում Կը Սիրե՞ս…Արածէ՛ (Յովհաննու 21.15-19)