Յովհաննէս առաքեալ կ'ուզէր ներկայացնել Յիսուսը որպէս միակ Փրկիչը, եւ այդ պատճառով իր աւետարանին մէջ կը խօսի եւ զօրաւոր շեշտ կը դնէ Անոր հաւատալու եւ շիտակ ձեւով հաւատալու վրայ:

Նկատի ունենալով Յիսուսի հրաշքներուն զօրաւոր ազդեցութիւնը, ան կը փորձէ ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել, թէ հրաշքներու եւ այլ կրօնական կամ զգացական պատճառներով Յիսուսը ընդունիլը վաւերական չի սեպուիր, հապա Յիսուսը եւ խօսքերը ընդունիլը ինչպէս նաեւ Անոր կեանքը ապրիլ ընդունիլը փրկութեան կը տանին:

Քրիստոնէական Ինքնութեան Օրինակ մը

Կարդա՛ Ա.Պտ 1.3-12

Քրիստոնեայ հաւատացեալը կը վայելէ.

Հմր 3 – Վերստին ծնունդ, կենդանի յոյսին համար

Հմր 4 – Անկեղծ, անարատ եւ անթառամ ժառանգութիւն

Հմր 5 – Պահպանութիւն Աստուծոյ զօրութեամբ

Հմր 6 – Փորձութիւններու դէմ ուրախութիւն

Հմր 7 – Ոսկիի նման զտուելու եւ մաքուր եւ արժէքաւոր ըլլալու համար

Հմր 8 – Յիսուսը առանց տեսնելու ուրախ կ'ըլլայ Քրիստոնեան՝ անպատմելի եւ փառաւոր խնդութեամբ:

Հմր 10-11 – Փրկութիւն մը ստացանք, որ նոյնիսկ մարգարէները չէին կրնար վայելել պէտք եղած ձեւով. ստացանք կատարումը մարգարէութիւններուն:

Յհ 20.29 - «[…] Երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան»:

(Երանի՜ = Օրհնուած = «Մաքա՛րիոս» (յունարէնով))

Օրհնուած ես երբ ներքնապէս կը հաւատաս, թէ Յիսուս յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ թէ Ան է միակ Փրկիչը:

Enhanced Strong’s Lexicon Բառարանին համաձայն՝ հաւատալ յունարէնով «փիսթե՛ւօ» բառն է, որ կը նշանակէ.

  1. Ենթարկուիլ, ենթարկուիլ նուիրումով (յանձն առնել բան մը, գործ մը)
  2. Վստահիլ
  3. Մտածել, համոզուած ըլլալ, թէ ճիշդ է: Արժէքը տալ վստահութիւն ունենալով (մանաւանդ բարոյական եւ կրօնական գետնի վրայ): 

Հաւատալու Ձեւը

  • Մեղաւորները, որոնք Յիսուսի հրաշքներուն կը հաւատան, չեն փրկուիր:
  • Երուսաղէմի մէջ շատ հրեաներ հաւատացին Յիսուսի հրաշքներուն, բայց Ան չէր վստահեր անոնց (Յհ 2.23-25):
  • Ընդհանրապէս մեծ բազմութիւն մը կը հետեւէր Յիսուսի, բայց հրաշքներուն համար (Յհ 6.2):
  • Յիսուսի սպանութիւնը ծրագրող կրօնաւորներն ալ կը հաւատային հրաշքներուն (Յհ 11.47), սակայն չփրկուեցան:

Միայն հրաշագործութեան հաւատալը փրկութեան չի տանիր:

  • Միայն Յիսուսը եւ Խօսքը ընդունելու առաջնորդող հաւատքը փրկութեան կը տանի:
  • Յիսուս բազմութեան ուշադրութեան յանձնեց, թէ Իր հրաշքներուն հաւատալը ընդունելի է միայն երբ Աստուծոյ Խօսքին հաւատալու կ'առաջնորդէ ատիկա (Յհ 5.36-40):
  • Եթէ մեղաւորը կ'ուզէ փրկուիլ, պէտք է Խօսքը լսէ եւ ընդունի (Յհ 5.24):
  • Խօսքը իր մէջ ունի բաւարար փաստ եւ զօրութիւն, որոնք կ'օգնեն, որ մեղաւորը հաւատայ եւ փրկուի:

Յովհաննէսի Աւետարանին Բուն Նիւթը

Յիսուս Քրիստոս է, Աստուծոյ Որդին: Յովհաննէս այդ մէկը ներկայացուցած է երեք փաստեր տալով.

  1. Տիրոջ գործերը
  2. Տիրոջ քայլերը
  3. Տիրոջ խօսքերը

Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը տեսնենք, թէ Յիսուս.

  1. Հրաշք կը գործէ:
  2. Իր թշնամիներուն միջեւ կ'ապրի կատարեալ կեանքով մը:
  3. Կը խօսի այնպէս ինչպէս ոչ ոք խօսած է կամ պիտի խօսի (Մր 1.20):

Բաւարա՞ր է զԻնք Որպէս Հրաշագործ Ընդունիլը

Ո՛չ:

  • Ան Աստուծոյ Խօսքն է. ընդունողներուն համար իշխանութիւն (Յհ 1.12):
  • Եկած է գործը ամբողջացնելու (Ես 55.10):
  • Բժշկութիւնը եւ հրաշքը զԻնք ընդունելուն մէջ կը գտնուին (Ես 53.4-5):
  • Իր փափաքն է բժշկելը եւ բաւարար չէ, որ գիտնանք, թէ Ինք զօրաւոր է, հապա պէտք է հասկնանք Իր կամքը:
Նախորդ Հրապարակում Ծարաւ Եմ (Յովհաննու 19.28)
Յաջորդ Հրապարակում Ժամանակն է (Յովհաննու 21.1-14)