Մենք կը հաւատանք որ Յիսուս այսօր կ'ընէ նո՛յն հրաշքները, զորս անցեալին կ'ընէր: Ան մեր հաւատքին միջոցաւ կը գործէ (Մր 16):
Հինգ Հազարին Կերարկրումը (Մր 6.30)
Յիսուս աշակերտներուն իշխանութիւն տուած էր, բայց աշակերտները տակաւին գործածելու վստահութիւնը չունէին: Յիսուս ուզեց անոնց աւելի խոր բացատրութիւն տալ ու զանոնք ամրապնդել հաւատքի մէջ, ուստի անոնց հետ գնաց ամայի վայր մը: Սակայն ժողովուրդը անոնց հետեւեցաւ:
Երբ աշակերտները մօտեցան Յիսուսի ու անոր առաջարկեցին որ ժողովուրդը արձակէ, որպէսզի հաց գնելու երթան, Յիսուս անոնց ըսաւ՝ «Դուք տուէք ատոնց որ ուտեն» (6.37): Այն ատեն աշակերտները առաջարկեցին երթալ հաց գնել, իրենց ունեցած երկու հարիւր դահեկանով:
Աշակերտներուն միտքը կեդրոնացած էր սովորական ընթացքին վրայ: Կա՛մ ժողովուրդը ղրկել հաց գնելու եւ կամ ալ հաց գնել ու անոնց տալ: Բայց Յիսուսի առաքելութիւնը շատ աւելին էր եւ Ան աւելին կը փափաքէր:
Յիսուս ուզեց գիտնալ թէ իրենք ի՞նչ ունին: Երբ գիտցաւ որ միայն երկու ձուկ եւ հինգ հաց կար, նստեցնել տուաւ ժողովուրդը, եւ ապա հինգ հացն ու երկու ձուկը առնելով՝ աչքերը երկինք բարձրացուց եւ օրհնեց: Երբ Յիսուս օրհնեց, հացերն ու ձուկերը անմիջապէս չշատցան: Աստուածաշունչը կ'ըսէ, թէ Յիսուս օրհնեց եւ աշակերտներուն փոխանցեց, որպէսզի ժողովուրդին բաժնեն: Աշակերտները Յիսուսէն առին: Ամէն մարդ իր կողովը առնելով՝ ճամբայ ելաւ բաժնելու, հաւատալով Յիսուսի խօսքին: Մինչ հաւատքով կը բաժնէին, Սուրբ Հոգին կ'օրհնէր Յիսուսի խօսքը իր կատարումին հասցնելու եւ ժողովուրդը կշտացնելու համար: Հինգ հազար հոգի (առանց կիներն ու երեխաները հաշիւ ընելու) կշտացան եւ նոյնիսկ աւելցաւ:
Երբ մեր սիրտը բանալով, մեր ունեցածը կամ մեր կարողութիւնը Յիսուսի առջեւ կը դնենք, ինչքան ալ ջնջին ըլլայ, Յիսուս կ'օրհնէ եւ ատով ժողովուրդին օրհնութիւն կը հասցնէ: