Սաւուղի կեանքին օրինակով կը տեսնենք, թէ անհնազանդութիւնը պատճառ Աստուծոյ ներկայութենէն զրկուելու: Չկա՛յ Քրիստոնէութիւն առանց Աստուծոյ ներկայութեան, հետեւաբար պէտք է այս կեանքը ապրինք Քրիստոսով: Շատ կարեւոր է ծառայութեան մէջ քալենք սրբութեամբ եւ հնազանդութեամբ:
Սամուէլ Սաւուղին ըսաւ՝ «[…] հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ […] Հիմա գնա՛ ու Ամաղէկը զարկ: Անոր բոլոր ունեցածը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ: Անոր չխնայես: Այր մարդէն մինչեւ կին մարդը ու տղայէն մինչեւ կաթնկերը, արջառէն մինչեւ ոչխարը եւ ուղտէն մինչեւ էշը մեռցուր» (Ա.Թգ 15.1-3):
Ամաղէկը կը ներկայացնէ այն արգելքը որ ելաւ Աստուծոյ ժողովուրդին դիմաց, դէպի խոստացուած երկիրը գացած ժամանակ: Ամաղէկը այսօր հաւատացեալին դէպի Աստուծոյ ներկայութիւնը երթալուն արգելքն է:
Աստուած հրաման տուաւ որ Սաւուղ սպաննէ բոլոր ամաղէկացիները, բայց Սաւուղ խնայեց թագաւորը՝ Ագագը, ինչպէս նաեւ ամէնէն լաւ ոչխարները, արջառները, գառները եւ պատուական բաները (Ա. Թգ 15.9):
Ագագ կը նշանակէ բարձրանալ, գերազանցել: Սաւուղ ողջ պահեց այն ինչ որ երեւելի էր եւ երեւոյթով հաճելի:
Սաւուղ իր որոշումը, ձեւը եւ տեսակէտը դրաւ Աստուծոյ ուզածէն վեր եւ այսպիսով, ան պահեց թագաւորը, այսինք Աստուծոյ ներկայութեան համար արգելք եղող իշխանութիւնը:
Այս ընելուն համար, Սաւուղ մերժուեցաւ որպէս թագաւոր (Ա. Թգ 15.10): Աստուած ըսաւ. «Սաւուղը թագաւոր ընելուս զղջացի, քանզի ինձմէ ետ դարձաւ ու իմ խօսքերս չկատարեց»: Զղջալ բառը կը գործածուի ցոյց տալու համար, թէ Աստուած իր որոշումէն ետ դարձաւ:
Պատերազմէն ետք, Սաւուղ իրեն համար յաղթութեան նշան մը՝ արձան մը կանգնեցուց (15.12): Սաւուղ որոշեց թէ գործը կատարուած էր եւ Սամուէլին ըսաւ թէ Տիրոջ խօսքը կատարած էր (15.13): Բայց Սամուէլ Սաւուղին յայտնեց թէ իր անհնազանդութեան պատճառով, Տէրը զինք կը մերժէր որպէս թագաւոր (Ա. Թգ 15.23):
Երբ Սամուէլ իր քովէն կ'երթար, Սաւուղ անոր վերարկուին ծայրէն բռնեց, որպէսզի Սամուէլի իր քով մնայ, բայց վերարկուն պատռուեցաւ: Մենք ալ շատ անգամ կը փորձենք մեր ուժերով Աստուծոյ ներկայութիւնը բերել մեր կեանքերէն ներս, բայց կարելի չէ Աստուծոյ սրբութեան հետ «խաղալ»: Խօսքին հնազանդելով է որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը պահենք, եւ Խօսքը մեզի յաղթութիւն պիտի ըլլայ (Յկ 4.7):
Սամուէլ Ագագը կտոր կտոր ըրաւ (Ա.Թգ 15.33): Թշնամին վերցնելու որոշումը մե՛նք պիտի առնենք: