Բնագիրին համաձայն «Դատել» «Գրինօ» բառն է, որ կը նշանակէ բաժնել, ընտրել եւ արժեւորել: Կը նշանակէ նաեւ նախընտրել, օրէնքին դիմել, յարիլ, ենթարկուիլ, յանձնուիլ:
Հռ 1.18-32-ին մէջ, Պօղոս դիտմամբ կը խօսի հեթանոսներուն եւ սկիզբէն մեղաւոր կեանք ապրողներուն մասին: Ան երկրորդ գլուխին մէջ խօսքը կ'ուղղէ Իսրայէլի եւ հաւատացեալին, որովհետեւ մինչ անոնք ուրիշները կը դատէին՝ նոյն մեղքերը կ'ընէին:
Հրեաները կը կարծէին, թէ Աստուծոյ դատաստանէն ազատ են, որովհետեւ Անոր ընտրած ժողովուրդն են, բայց Պօղոս կը հաստատէ, թէ Աստուծոյ կողմէ Հրեաներուն ընտրուիլը անոնց տուաւ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն եւ հաշուետուութիւն օրէնքը կատարելու:
Աստուծոյ դատաստանը կը կատարուի իր արդարութեանը եւ ճշմարտութեանը համաձայն եւ հաւասար չափով թէ՛ հրեային եւ թէ՛ հեթանոսին համար:
Մինչ հրեաները կը դատէին ուրիշները՝ զանոնք մատնանշելով, իրենք զիրենք կը դատէին, որովհետեւ իրենք եւս ունէին այդ սխալներէն իրենց կեանքերուն մէջ:
Ես 58.9 կ'ըսէ՝ «[…]Պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. ‘Ահա ես’: Եթէ քու մէջէդ լուծը, մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես »: Նաեւ հին առակներէն մէկը կ’ըսէ «Երբ մատովդ մէկը կը ցուցնես, միւս 3 մատներդ քեզի կը նային եւ քեզ կը ցուցնեն»:
Երկրորդ գլուխին մէջ կ’ակնկալուի իւրաքանչիւր հաւատացեալէ, որ իր սիրտին, նուիրումին եւ խիղճին հնազանդի ու ճիշդը ընէ:
Ի՞նչպէս Դատել (Հռ 2.1-16)
«Ուստի արդարացում չունիս, ո՛վ մարդ, դուն՝ որ ուրիշները կը դատես, որովհետեւ ի՛նչ բանով որ ընկերդ կը դատես՝ ինքզինքդ կը դատապարտես, քանի որ նոյն բաները դուն ալ կը գործես, դուն՝ որ կը դատես: Որովհետեւ գիտենք, թէ Աստուած ճշմարիտ դատաստանով պիտի դատէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ’ընեն » (Հռ 2.1-2, Ն.Թ.):
Շատ Անգամ կ՛ըսենք թէ մեր ըրածը սխալ չէ, քանի որ ունի պատճառ եւ բացատրութիւն: Եթէ այդպէս կ’ընենք, լուրջ ինքնաքննութեան պէտք ունինք (հմմտ Բ.Կր 13.5 Ն.Թ.):
«Արդ, ո՛վ մարդ, դուն որ այսպիսի բաներ ընողները կը դատես՝ բայց դուն ինքդ նոյն բաները կ’ընես, կը խորհի՞ս թէ դուն Աստուծոյ դատաստանէն զերծ պիտի մնաս: Կամ կ’արհամարհ ե՞ս անոր անչափ քաղցրութիւնը, ներողամտութիւնը եւ համբերատարութիւնը, երբ գիտես որ Աստուծոյ քաղցրութիւնն էոր քեզ ապաշխարութեան կը բերէ» (Հռ 2.3, ՆԹ):
Արդեօք Աստուծոյ քաղցրութիւնը միայն մեզի՞ համար է եւ երբ ուրիշին կարգը գայ վճռակա՞ն պիտի ըլլանք: Մենք մեզի դատաւոր ըրած կ’ըլլանք եւ մենք մեզի դատապարտութեան տակ կը դնենք, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերը սխալ կերպով կը ներկայացնենք աշխարհին եւ մեր վրան եղող Աստուծոյ ողորմութիւնը սխալ կը գործածենք:
Չենք օգտուիր անկէ, որովհետեւ շինած կ’ըլլանք խիստ եւ անզիղջ սիրտ, եւ «արդարութեան» դիմաց մենք մեր վրայ բարկութիւն կը դիզենք (Հռ 2.5):
Աստուծոյ Դատելու Իւրայատուկ Եւ Արդար Ձեւը
Անոնք, որոնք կ’ապրին յաւիտենականութեան համար եւ կը խնդրեն անմահ բաները, պիտի ունենան յաւիտենականութիւն (հմմտ Հռ 8.5-8):
«Նեղութիւն ու տառապանք կը սպասէ բոլոր անոնց՝ որոնք չարիք կը գործեն, նախ Հրեային եւ ապա ոչ-Հրեային: Իսկ փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն բոլոր անոնց՝ որոնք բարիք կը գործեն, նախ Հրեային եւ ապա ոչ-Հրեային» (Հռ 2.9-10, ՆԹ):
Աստուած Բոլորին Աստուածն է եւ ամէն մարդ պիտի դատուի մեղքի համար: Սկզբունքը հետեւեալն է. օրէնքը չէ որ կը փրկէ, հապա լսելը, ընդունիլը եւ կատարումի ենթարկելը (Հռ 2.13):
Երկու տեսակ «լսել» կայ (Հռ 2.14):
- Օրէնքը լսել եւ կատարել:
- Օրէնք չունենալով, լսել խիղճին ձայնին, կամ յանդիմանութեան եւ հնազանդիլ:
Պէտք է գիտնալ, թէ խիղճին ձայնը գիտութենէ չգար, որովհետեւ ասիկա աստուածատուր զանգակն է, որ կը հնչէ սխալին դէմ, ճշմարիտութեան կողքին:
Երկու Բաներ Կը Սորվինք Այս Նիւթէն՝
- Կը սորվինք, թէ Աստուած ինչպէս կը նայի հաւատացեալներուն եւ անհաւատներուն եւ անոնց փրկութեան:
- Հաւատացեալները ի՞նչպէս պէտք է դիտեն եւ դատեն, օգտագործեն իրենց ինքնութիւնը՝ Աստուծոյ արդարութեան համաձայն: