Այս գլուխին մէջ, Պօղոս իր խօսքը կ‘ուղղէ Հռոմի Քրիստոնեաներուն, որոնք կրնան հարցուցած ըլլալ, թէ ի՞նչպէս կրնայ «հաւատքով արդարանալու» գաղափարը կապուիլ իրենց պատմութեան հետ, մանաւանդ որ Պօղոս կ'ըսէր, թէ այդ մասին վկայուած է Օրէնքին ու մարգարէութեան կողմէ (Հռ 4.1-2):
Պօղոս կ'ընդունի հարցնողներուն մարտահրաւէրը եւ կը բացատրէ Աբրահամի փրկութեան ձեւը՝ մեզի յայտնելու համար Քրիստոսով փրկուելու մասին եւ անով ձեռք բերուելիք «արժէքները»:
Աբրահամ կոչուած է «մեր հայրը»՝ որպէս բնական եւ ֆիզիքական սերունդի հայրը: Հռ 4.11-ին մէջ, ան նաեւ կը կոչուի «հաւատացեալներուն հայրը», ինչ որ ակնարկութիւն է Քրիստոսի վստահողներուն (Գղ 3.1-18):
Երեք Փաստեր Հաստատելու համար, թէ Աբրահամի փորձառութիւնը նման էր այս օրերու հաւատացեալներուն փորձառութեան՝
- Աբրահամ արդարացաւ հաւատքով եւ ո՛չ գործերով (Հռ 4.1-2):
- Աբրահամ Հաւատաց Խոստումին
Պօղոս Ծն 15.6-ը կը մէջբերէ, ակնարկելով թէ՝ երբ Աբրահամ թագաւորները զարնելէն վերադարձաւ (Ծն 14), հաւանաբար մտահոգ էր, թէ արդեօք թագաւորները պիտի վերադառնայի՞ն:
Աստուած Աբրահամին երեւնալով՝ կ՚ ըսէ. «Ես քեզի վահան եմ», ու «քու վարձքդ շատ պիտի ըլլայ»:
Որդի մը ստանալու Աբրահամին տրուած խոստումը չէր կատարուած: Ատոր համար Աստուած անոր ըսաւ, թէ իր երանքէն ելլելիք սերունդին թիւը երկինքի աստղերուն չափ շատ պիտի ըլլար:
Գործածուած «հաւատաց» բառը եբրայերէնով կը նշանակէ «ամէն»: Աստուած խոստացաւ, եւ Աբրահամ «ամէն» ըսաւ:
Աստուած այդ հաւատքին իբրեւ արդիւնք Աբրահամը արդար «համարեց»: Հռ 4.3-4-ին մէջ յիշուած «համարեց» բառը համազօր է «դրամատան մէջ մէկու մը հաշիւին գումար աւելցաւ» ըսելուն: Նոյն բառը այս գլուխին մէջ 11 անգամներ կը գործածուի, նշանակելով. «սեպել» (Հռ 4.4,9,10) եւ «վերագրել», «համարել», «հաշուել» եւ «ընծայել» (Հռ 4.6,8,11.21-24): - Աբրահամ իր փրկութեան համար չաշխատեցաւ, հապա՝ վստահեցաւ Աստուծոյ:
Գործը Յիսուս կատարեց խաչին վրայ՝ կրելով մեղքերը, եւ Աստուծոյ արդարութիւնը «դրուեցաւ» Աբրահամի եւ մեր հաշիւին մէջ:
«Դրուեցաւ» “Tithemi” բառն է: Հեթանոսները իրենց չաստուածներուն նկարները մեհեանին մէջ դնելէ ետք, այդ տեղը սուրբ կը նկատէին:
Տեղ մը կ'արժեւորուի «դրուածին» պատճառով: Քրիստոնեաներուն կեանքն ալ կ'արժեւորուի Քրիստոսով իրենց հաշիւին մէջ դրուած «արդարութիւն»-ով:
Ապշեցուցիչ Խօսքը (Հռ 4.5)
Օրէնքը կ'ըսէ. «Վասն զի չարը պիտի չարդարացնեմ» (Ելք 23.7): Հին Կտակարանի օրէնքը կ'ըսէ. « [...] Իրաւունք ունեցողը պէտք է արդարացնեն ու յանցաւորը դատապարտեն» (Բ.Օր 25.1):
Մինչ Սողոմոն տաճարը կը նուիրագործէր, Աստուծմէ խնդրեց. « [...] Յանցաւորը դատապարտէ [...] եւ արդարը արդարացո՛ւր» (Գ.Թգ 8.31-32):
Աստուած ամբարիշտը եւ անաստուածը կ'արդարացնէ Քրիստոսով, որովհետեւ աստուածապաշտ հաւատացեալները արդէն արդարացած են:
Դաւիթի Փորձառութիւնը (Հռ 4.6-8: Սղ 32.1-2)
Բերսաբէի հետ մեղանչելէ ետք, Դաւիթ կը խոստովանի եւ ներում կը ստանայ ու արդար կը համարուի, առանց գործերու:
Թէեւ մենք՝ Քրիստոնեաներս, կը մեղանչենք, բայց Աստուծոյ հետ հարազատ հաղորդակցութեան միջոցաւ ներում կ‘ունենանք՝ Քրիստոսով (Ա.Յհ 1.5-7):
Աստուած այլեւս մեր գործերուն հաշիւը կը պահէ՝ «վարձատրութեան» համար, եւ ո՛չ թէ մեր սխալին հաշիւը՝ դատապարտելու նպատակով:
Արդարացած Շնորհքով եւ Ո՛չ Օրէնքով
Թէեւ հրեաները կը պարծենային թլփատութեամբ, բայց Պօղոս կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ առջեւ արդարանալու միակ միջոցը ներքին՝ սիրտի թլփատութիւնն է (Հռ 2.12-16):
Աբրահամ արդար եղաւ անթլփատ մարմինով, «սիրտին թլփատուած» հաւատքին միջոցաւ:
Ան 99 տարեկանին թլփատուեցաւ, Ծն 15-ի դէպքերէն 14 տարիներ վերջ: Թլփատութիւնը կապ չունէր արդարանալուն հետ: Թլփատութիւնը տրուած էր որպէս նշան կամ կնիք թէ՝ անձը կը պատկանի Աստուծոյ ու կը հաւատայ Անոր խոստումին:
Հաւատացեալները կնքուած են Սուրբ Հոգիով (Եփ 1.13-14) եւ ունին սիրտի թլփատութեան փորձառութիւնը (Կղ 2.10-12):
Խոստումը Հաւատքով կը Ստացուի
Ըստ Պօղոսին (Հռ 4.13-17), Աբրահամ Օրէնքին տրուելէն առաջ արդարացաւ:
Պօղոս կ'ըսէ, թէ արդարութիւնը կու գայ Քրիստոսով տրուած խոստումին հաւատալով: Օրէնքը միայն ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ փրկուելու պէտք ունին (Հռ 4.15), հետեւաբար փրկութիւնը եւ խոստումները ստանալը կապուած չեն Օրէնքը կամ այլ բան մը ընելէ:
Աբրահամ արդարացաւ յարութեան զօրութեամբ եւ ոչ մարդկային ջանքերով (4.18-25): Աբրահամի մարմինը ծերացած էր, բայց հաւատքը ողջ ու երիտասարդ էր: Ան կը նայէր Աստուծոյ խոստումին եւ ոչ թէ իր եւ կնոջ ֆիզիքական տկարութեան:
Աստուած 25 տարի սպասեց, որ Աբրահամի եւ Սառայի մարդկային կարողութիւնները մեռնէին, որպէսզի կարենային «տեսնել» Աստուծոյ հրաշքը, որ աշխարհին Փրկիչ մը պիտի տար:
Աւետարանը` հաւատացողին համար
- Աստուծոյ զօրութիւնն է փրկութեան համար (Հռ 1.16):
- Յարութիւն է (Հռ 4.24, 10.9-10):
Մեր անօրէնութիւնը Իր վրայ առնելով, Յիսուս մահուան մատնեց Իր Անձը եւ յարութիւն առնելով՝ արդարութիւնը շահեցաւ (Հռ 4.25): Ասիկա կը նշանակէ, թէ Աստուած Իր Որդիին «զոհաբերումը ընդունեց», եւ արդէն մեղաւորները կրնան արդարանալ առանց որ Աստուած Իր օրէնքը խախտէ կամ Ինքն Իր բնութեան հակառակ վարուի:
Փրկութեան բանալին՝ Հաւատք
- Աստուծոյ փրկող զօրութեան փորձառութիւնը կու գայ Յիսուսի հաւատալով (Հռ 1.16):
- Յիսուսի արդարութիւնը կը տրուի հաւատացողներուն (Հռ 3.22):
- Փրկուած ենք հաւատքի ճամբով (Հռ 5.1):
Աբրահամ Աստուածաշունչ չունէր, որպէսզի կարդար. միայն ունէր Աստուծոյ խոստումները: Ան միակ հաւատացեալն էր հեթանոսներուն մէջ եւ երկար տարիներու հաւատքի փորձառութիւն չունէր:
Միւս կողմէ, հաւատացեալները Աստուածաշունչ ունին կարդալու համար, եկեղեցի ունին՝ ընկերութեան համար եւ հաւատքի հեռոսներ՝ քաջալերուելու համար: