Ամէն երկիր ունի իրեն յատուկ ժողովուրդը, մշակոյթը, խօսելաձեւը եւ վարուելակերպը: Լեզուն ազգի մը կարեւորագոյն յատկութիւններէն մէկն է: Անիկա ազգային ինքնութեան բանալին է. կը ստեղծէ ազգային միութիւն, եւ միջոց է հաղորդակցութեան: Նաեւ միջոց է՝ որպէս ազգ, մեր արժէքները եւ աւանդութիւնները փոխանցելու:
Իսկ մենք պէտք է ունենանք Երկինքի Թագաւորութեան մշակոյթը, յատկութիւնները եւ լեզուն:
Իր մեղքին պատճառով, մարդը սկսաւ Երկինքի Թագաւորութեան լեզուէն տարբեր՝ մեղքի լեզուն խօսիլ, եւ կորսնցուց Թագաւորութեան հետ իր հաղորդակցութեան ու միութեան միջոցը:
Յիսուս Քրիստոսով մեր փրկուելէն ետք, Սուրբ Հոգին ստացանք եւ Ան մեզի սկսաւ սորվեցնել երկնային լեզուն, լեզու մը՝ զոր Աստուած կը գործածէ:
Ի՞նչ է այդ լեզուն եւ ի՞նչ է նպատակը նոր լեզուով խօսելուն: