Եբր 5.7-8-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Յիսուս թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց Ան խոնարհ էր ու հնազանդ: Ան Իր չարչարանքներուն մէջ հնազանդութիւն սորվեցաւ: Հնազանդիլ բառը կու գայ եբրայերէն «սամաա» բառէն, որ կը նշանակէ մտիկ ընել: Աբրահամ հնազանդեցաւ Տիրոջ, եւ հնազանդութիւնը իրեն համար ինքնութիւն մը եղաւ: Ծառայութեան համար կարեւոր է, որ մարզուինք հնազանդութեան մէջ: Հնազանդութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ, որ Սատանան հեռու փախչի մեզմէ (տե՛ս Յկ 4.7-8):