Յիսուսի համար շատ կարեւոր էր կորսուածներուն հասնիլը եւ Ան, Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ, որոշեց Սամարիայէն անցնիլ (Յհ 4.1): Երբ Յիսուսի կեցած ջրհորին մօտ Սամարացի կին մը եկաւ, որ ժողովուրդին կողմէ մերժուած էր եւ ժողովուրդէն կը փախչէր, Յիսուս միջոց մը փնտռեց անոր հետ աշխատելու եւ անոր հետ յարաբերութիւն շինեց: Կնոջ մերժումին դիմաց, Յիսուս բացասական կեցուածք մը չորդեգրեց, այլ մարգարէական խօսքով մը անոր բուն ծարաւին մասին խօսեցաւ: Երբ Յիսուս այս ձեւով մօտեցաւ, կինը իր սիրտին վէրքերը բացաւ Անոր: Անկէ ետք,Սամարացի կինը նաեւ գնաց եւ ամբողջ գիւղին վկայելով զանոնք Յիսուսի քով հրաւիրեց:
Երբ մենք մեր կարգին մարդոց հետ յարաբերութիւն շինենք, Տէրը մեր միջոցաւ պիտի խօսի անոնց հետ եւ Սուրբ Հոգիին օրհնութիւնը մեր միջոցաւ մարդոց պիտի փոխանցուի:
Աստուած բոլոր մարդիկը կը սիրէ եւ բոլորին փրկութիւնը կ'ուզէ: Յիսուս Աստուծոյ կամքը կատարելը ամէն բանէ կարեւոր սեպեց եւ կրցաւ Սամարացի կնոջ կեանքի ջուրէն հրամցնել: Երբ Յիսուսի նման մենք եւս Աստուծոյ կամքը կատարելը առաջնակարգ սեպենք, այն ատեն պիտի կարենանք աշխարհին հրամցնել մեր մէջէն բխող կեանքի ջուրէն: