Երբ Աստուծոյ ժողովուրդը ելաւ Եգիպտոսէն, անապատին մէջ քննուեցաւ, սորվեցաւ եւ ազատեցաւ շատ մը անէծքներէ, որոնցմէ կը տառապէր Եգիպտոսի մէջ:
«Եւ ըսաւ. “Եթէ Տիրոջ քու Աստուծոյդ ձայնին ուշադրութեամբ մտիկ ընես ու ինչ որ անոր առջեւ շիտակ է՝ ընես եւ անոր պատուիրանքներուն ականջ դնես ու անոր բոլոր կանոնները պահես, այն ախտերէն մէ՛կը քու վրադ պիտի չբերեմ, որոնք Եգիպտացիներուն վրայ բերի. քանի որ Ես Եմ Տէրը, որ կը բժշկեմ”» (Ելք 15.26):
Եգիպտոսի մէջ հազարաւոր հիւանդութիւններ կայի, եւ ժողովուրդը կը փորձէր անոնց համար դարման գտնել:
Անապատին մէջ Տէրը անոնցմէ հնազանդութիւն պահանջեց, որպէսզի այդ բոլորը հեռացնէր իրենցմէ:
- Իր ժողովուրդը չէի՞ն: Այո, էին:
- Անոնց հետ ուխտ ըրած չէ՞ր: Այո, ըրած էր:
Հիւանդութիւնները մարդոց կեանքէն ներս բնական դարձած էին արդէն: Ամէն մարդ ունէր այն ակնկալութիւնը, թէ իրե՛ն ալ կրնար պատահիլ: Ատիկա արդէն մտած էր կեանքի կանոնին մէջ: Կարծես կեանքի միւս բնական օրէնքներուն պէս էր, որոնց հաշիւը ընելով կ'ապրէին մարդիկ: Միշտ հիւանդութեան հաշիւը կ'ընէին:
- Այսօր ունինք ապահովագրութիւնը, որուն վրայ յոյս կը դնենք, եւ հիւանդ ըլլանք կամ ոչ տարեկան մեծ գումարներ կը վճարենք, որպէսզի պատրաստ եւ ապահովուած ըլլանք մեզի հանդիպելիք հիւանդութիւնները դիմաւորելու:
- Սա կը նշանակէ, թէ հիւանդութիւնը անակնկալօրէն մեզի չի հանդիպիր. մենք արդէն գիտենք, որ պիտի գայ եւ զայն դիմաւորելու համար միջոցներու ալ կը դիմենք:
Հիւանդութիւնը Անէծք մըն Է
Ադամի մեղանչելէն ետք, անէծքը, դժուարութիւնը, հողի դառնալը (հմմտ Ծն 3.17-19) տիրեցին մարդուն կեանքին վրայ, եւ մարդը մեռնելու ենթակայ եղաւ: Հետեւաբար այդ օրերէն սկսեալ ան բնական պահպանութիւն չունէր ատոնց դէմ: Այդ պատճառով իր միջոցներով ինքզինք ապահովելը կը զարգացնէր: (Անշուշտ հազար փառք այս օրուան գիտութեան համար):
Կը Հնազանդինք Օրէնքներուն
Կեանքի մէջ դրուած բնական կամ կառավարական օրէնքներուն կը հետեւինք, որպէսզի ապահով մնանք:
- Երբ պաղ է օդը, տաք կը հագնինք, որպէսզի չհիւանդանանք:
- Երբ ծարաւ ենք, կը խմենք, որպէսզի անջրացնում չունենանք:
- Խաչմերուկի կարմիր լոյսին կանգ կ'առնենք, որպէսզի տուգանք չստանանք կամ արկածի չենթարկուինք:
Ելք 15.26-ին մէջ բոլոր բնական պատուհասներէն ազատելու համար Տէրը առաջարկ մը կ'ընէ Իր ժողովուրդին. անոնց կու տայ շատ սովորական սկզբունք մը՝ հնազանդութիւնը կը բերէ օրհնութիւն, իսկ անհնազանդութիւնը՝ դատաստան. «Եգիպտոսի բոլոր հիւանդութիւնները, որոնցմէ դու կը վախնաս, քու վրադ պիտի բերէ ու անոնք քեզի պիտի փակչին» (Բ.Օր 28.60):
- Թերեւս հարցնես, թէ ինչո՞ւ կ'ըսէ, թէ Ինք՝ Տէրը պիտի բերէ: Իրականութեան մէջ անէծքը կայ արդէն, եւ եթէ անկէ ազատելու համար Աստուծոյ ձեւը չօգտագործես, կը մնաս անէծքին ազդեցութեան տակ: Միայն վերոյիշեալ մարդկային միջոցները օգտագործելով, դժուարութիւնները պարզապէս կը մեղմացնես:
- Կրնաս հարցնել, թէ հաւատացեալներն ալ կը տառապին եւ շատ անգամ անպատասխան կը մնան: Ճիշդ է, որովհետեւ մարդուն վրայ տիրող անէծքը ՕՐԷՆՔԻ մը պէս ուժ ունի, պէտք է օրէնքին համաձայն վարուինք:
Աղօթքը Անէծքը Կը Կոտրէ
«Եւ եթէ Աստուած այդ օրերուն թիւը նուազեցուցած չըլլար՝ ոչ մէկը պիտի փրկուէր: Բայց իր ընտրեալներուն համար Աստուած այդ օրերը պիտի նուազեցնէ» (Մտ 24.22):
Եթէ այս համարը եւ Յյտ 8.3-4- ը իրարու հետ համեմատենք, պիտի նկատենք, թէ սուրբերուն աղօթքներուն միջոցաւ Աստուած դէմ կը դնէ աշխարհի վրայ հաւատացեալներուն դէմ պատերազմող բոլոր բաներուն:
«3 Ուրիշ հրեշտակ մըն ալ, որ ձեռքին ոսկի խնկաման մը ունէր, եկաւ եւ կեցաւ զոհասեղանին մօտ: Անոր առատ խունկ տրուեցաւ, որպէսզի Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքները մատուցանէ ոսկեղէն զոհասեղանին վրայ, որ կը գտնուի գահին դիմաց: 4 Եւ խունկին ծուխը, որ Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքն է, հրեշտակին ձեռքէն բարձրացաւ Աստուծոյ առջեւ: 5 Ապա հրեշտակը խնկամանը լեցուց զոհասեղանին կրակէն եւ նետեց զայն երկրի վրայ: Եւ ահա փայլատակումներով զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ լսուեցան որոտումներ ու ձայներ»:
Տիրոջ Յայտնութիւնը
Տէրը ըսաւ, թէ հիւանդութիւնները մեղքին պատճառով մարդուն մարմինին դէմ գործող անէծք մըն են: Ինչպէս օրէնքները բոլորին համար են՝ բարիին ե՛ւ չարին համար, այնպէս ալ հիւանդութիւնները բոլորին կը հասնին:
- Միայն քու պէտքիդ ատեն աղօթելը բաւարար չէ, պէտք է ամէն մարդ աղօթքը խունկի պէս վառելով մթնոլորտ մը ստեղծէ, որպէսզի այդ մթնոլորտին մէջ Քրիստոսի բերած ազատութիւնը ապրի:
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՓՐԿԻՉ Է
Աստուած փրկութիւնը խոստացաւ սկիզբէն (Ծն 3.15), որպէս Իր երկրորդ ծրագիրը:
Մարդուն անկումէն ետք, Աստուած անմիջապէս ներկայացուց Իր երկրորդ ծրագիրը՝ «Փրկութիւնը» (Ծն 3.15), զոր սկիզբէն նախատեսած էր (տե՛ս Եփ 1.3-5)՝ մարդը իր առաջին պատիւին, փառքին, իշխանութեան եւ վիճակին վերադարձնելու համար:
ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ
Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր գիրք կը խօսի այդ Փրկիչին յատկութիւններուն մասին:
1. Ծն 3.15 - Փրկիչը | 2. Ելք 12.1-14 - Փրկութեան Գառը |
3. Ղւ 1-- 27 - Մեծ քահանայապետը | 4. Թւ 9.15-23 - Կրակի եւ ամպի սիւնը |
5. Բ.Օր 18.18 - Մարգարէն | 6. Յես 5.14 - Տիրոջ զօրավարը |
7. Դտ 1—21 - Մեր մարմնաւոր զօրութիւնը | 8. Ա. եւ Բ.Մն - Հաւատարիմ գրագէտը |
9. Եզր եւ Նե - Մեր պարիպները շինողը | 10. Սղ - Մեր Հովիւը |
11. Առ եւ Ժղ - Մեր իմաստութիւնը | 12. Երգ - Սիրող Փեսան |
13. Ես 9.6 - Խաղաղութեան իշխանը | 14. Եր 23.6 - Մեր արդարութիւնը (Jehovah Tsidkendu) |
15. Դն 3.25 - Չորրորդ մարդը | 16. Ովս - Հաւատարիմ ամուսինը |
17. Յվլ 2.28 - Սուրբ Հոգին բերողը | 18. Ամս - Մեր բեռը կրողը |
19. Մտ 1.16 - Քրիստոսը | 20. Մր - Հրաշագործը |
21. Ղկ - Մարդու Որդին | 22. Յհ - Աստուծոյ Որդին |
23. Գրծ - Հոգիով Մկրտողը | 24. Հռ 8.28 - Բարիի համար գործակից Աստուածը |
25. Ա. եւ Բ.Կր - Հոգիին պարգեւները փոխանցողը | 26. Գղ - Մեր պտուղը բազմացնողը |
27. Եփ 1.3, 3.20 - Մեր փափաքները կատարողը | 28. Փլպ 4.12 - Մեր պէտքերուն հոգացող Աստուածը |
29. Կղ 2.9 - Աստուածային բնութեան լիութիւնը | 30. Ա. եւ Բ.Թս - Գալիք Թագաւորը |
31. Ա. եւ Բ.Տմ - Բարեխօսը | 32. Եբր 9.14 - Արդար արիւնը |
33. Յկ 1.5 - Իմաստութիւնը | 34. Ա. եւ Բ.Պտ - Փառքով գալիք հովիւը |
35. Ա.Բ.Գ.Յհ - Յաւիտենական սէրը | 36. Յդ - Գալիք Փրկիչը |
37. Յյտ 19.16- Թագաւորներու Թագաւորը եւ Տէրերու Տէրը |