«Գիտցի՛ր, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ 1.37)

Շատ անգամ հաւատացեալներ (օծեալներ) կը ձախողին ստանալ Տիրոջմէն, ոչ թէ որովհետեւ օծութեան պակաս ունին, այլ՝ գիտութեան:
Եթէ աստուածաշունչը կարդանք հարեւանցի կերպով, առանց աղօթքի եւ Սուրբ Հոգիին վստահելու, Չարը (խեղաթիւրողը) ամէն ջանք պիտի ընէ, որպէսզի Խօսքին ետին գտնուող հոգին ծածկէ մեզմէ:


«Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ ...» (Ովսիա 4.6):
Անշուշտ, Սուրբ Հոգին՝ անգին ուսուցիչը, Իր լաւագոյնը պիտի ընէ, որպէսզի խօսքին ետին գտնուող Հոգին մեզի յայտնէ:

« 6 Դարձեալ ինքն է, որ մեզ արժանի (կարող KJV) ըրաւ ըլլալու ծառաները նոր Ուխտին, որ կապուած չէ՛ գրաւոր Օրէնքին, այլ՝ Սուրբ Հոգիին. որովհետեւ գրաւոր Օրէնքը մահուան կ’առաջնորդէ, մինչդեռ Հոգին կեանք կու տայ» (Բ.Կր 3.6):

Եկէք միասին տեսնենք, թէ Սուրբ Հոգին ի՞նչ ձեւով մեզի կը յայտնէ Խօսքին (Բնեւմա, կեանք տուող շունչը) ետին գտնուող Հոգին:

«Գիտցի՛ր, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ 1.37)

Յունարէն թարգմանութիւն մը, որ «Լոկոս» կը կոչուի, կ'ըսէ. «Որովհետեւ այդ ըսուած խօսքերէն ոչ մէկը անկարելի պիտի ըլլայ Աստուծոյ համար»:

Խօսքը Հռչակէ՛

Առաջին բանը, որ պէտք է հասկնանք, այն է, թէ անկարելին կարելի դարձնելու պատասխանատուութիւնը մարդունն է եւ ո՛չ՝ Աստուծոյ: Պէտք է մէկը իր շրթներով համարձակութեամբ արտասանէ Աստուծոյ (լոկոս) խօսքերը այս ֆիզիքական, (նիւթական, մարմնաւոր) աշխարհին մէջ:

Երբ կը կարդանք Եզեկիէլ 22.30-ը, ուր Տէրը կը փնտռէ մարդ մը, որ փոսին (խրամատին) մէջ կենայ, կը հաւատամ, թէ Տէրը փոսը լեցնող մը չէր փնտռեր, հապա Խօսքը համարձակութեամբ արտասանող մը՝ հռչակող մը:

Յունարէնի մէջ «Խօսքին» համար գործածուած են երկու բառեր.

  1. Լոկոս.- Ըստ «Սթրոնկզ» բառարանին, կը նշանակէ՝ ըսուած բան (նոյնիսկ խորհուրդները): Աստուծոյ սիրտին արտայայտութիւնը, դատողութիւնը եւ մղումները (դրդապատճառները, շարժառիթները), Աստուծոյ խորհուրդներուն ամբողջութիւնը: Ըստ իս, այսինքն՝ Բան Աստուածը:
  2. Ռեմա.- Այն, ինչ որ խօսուած է, գրուած Խօսքին համարձակ արտասանութիւնն է:

Բառեր եւ Գործեր

Եբրայերէնի մէջ «Բառեր» բառը «տեվարիմ» բառն է, որ կը նշանակէ բառեր եւ բաներ:

  • Եթէ բան մը կ'ուզես, պէտք է բառեր գործածելով խօսիս ու ըսես:
    • Ասիկա կը նմանի մեր Տիրոջ ըրածին, որ խօսեցաւ եւ բաները ստեղծուեցան:
      • Այդ մէկը ինչքան լաւ հասկնանք, այդքան աւելի իրական եւ հասկնալի պիտի դառնայ մեզի համար:

KJV աստուածաշունչի տարբերակին եւ յունարէն բնագիրին համեմատական ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ հետեւեալը Ղկ 1.37-ի համարէն.

  • «Աստուծոյ համար բան մը անկարելի պիտի չըլլայ»:

Ասիկա հետաքրքրական է, որովհետեւ յունարէն բնագիրին մէջ «բան մը» բառը չկայ, այլ՝ միայն «ոչ» բառը՝ արձանագրուած «տկարանայ» բառին հետ միասին:

  • Ասիկա հարցում մը յառաջ կը բերէ: Ի՞նչն է, որ պիտի չտկարացնէր:

Համարձակ եւ Ինքնավստահ Բառ (Խօսք)

Յունարէն բնագիրը բառացիօրէն մեկնաբանելով ա՛յսպէս կը կարդացուի. «Ոչ մէկ «Ռեմա» խօսք (խօսուած խօսք) երբեւէ պիտի տկարանայ (զօրութիւնը, ուժը կամ ազդեցութիւնը կորսնցնէ), երբ զայն Աստուծոյ կու տաս (զայն Աստուծոյ ձեռքին մէջ կը դնես):

Դո՛ւն ես, որ կը խօսիս «ռեմա» խօսքը (բառերը), եւ ոչ թէ Աստուած:

  • Այդ պատճառով է, որ Ան քեզի տուած է գրուած, արձանագրուած (լոկոս) խօսքը, որպէսզի արտասանես՝ հռչակես զայն: Եւ ճիշդ այդ ձեւով է, որ կ'աւելնայ հաւատքը (Հռ 10.17):
    • Ան քեզի տուած է «լոկոս»-ը, իսկ դուն պէտք է Իրեն (բարձրացնես) տաս «ռեմա»-ն:

Լոկոս.- (այս տեղին համաձայն) Անոր միտքին եւ խորհուրդներուն արձանագրուած բառերը: Անոր ծածուկ միտքերն ու խորհուրդները (Merriam բառարանին համաձայն):

Ռեմա.- (այս տեղին համաձայն) Համարձակ եւ ինքնավստահ հաւատքի բառեր, որոնք պէտք է արտասանուին՝ հռչակուին՝ Աստուծոյ միտքերը, նպատակները եւ խորհուրդները արտայայտելու եւ իրականացնելու համար:

Անդամալուծել Թշնամին

Տէրը կը խոստանայ, թէ ի՛նչ ձեւով, որ հաւատքի բառերը Իր ձեռքերուն մէջ կը դնես, Ինք նոյն ձեւով պիտի պահէ զանոնք:

  • Եթէ զօրաւոր ձեւով (զօրութեամբ) խօսինք, անոնք զօրաւոր պիտի մնան եւ պիտի գործադրեն այն բանը, որուն համար ղրկուած են (հմմտ Ես 55.11) «Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ: Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»:
    • Անկարելին կարելի դարձնելու պարտաւորութիւնը հաւատացեալին վրայ է եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ:
  • Ամենակարող Աստուած ամէն ինչ որ պէտք էր ըներ ըրած է, հիմա մեզմէ կ'ակնկալուի, որ գործենք Անոր հաւատքի ոլորտին մէջ:
    • Խօսինք համարձակ եւ ինքնավստահ, առանց տատանելու:
    • Աստուծոյ պարտականութիւնն է պահել այն ինչ որ մենք խօսելով կ'ուղղենք դէպի Իրեն՝ բացարձակ հաւատքով:
    • Երբ Աստուծոյ խօսքը համարձակ հաւատքով կ'արտասանես, Սատանային համար ա՛լ շատ դժուար պիտի ըլլայ քեզի դէմ դնել. « 10 Այսինքն, ոեւէ մէկը որ իր սրտին մէջ կը հաւատայ՝ կ’արդարանայ, եւ երբ բերանով խոստովանի՝ կը փրկուի» (Հռ 10.9):

Սատանան միայն առիթը ունի միջամտելու կարդացած ատենդ, մինչեւ արտասանելու՝ հռչակելու պահդ: Երբ համարձակութեամբ կը հռչակես, արդէն դուն զայն անդամալոյծ կը դարձնես եւ ոչ մէկ բան կրնար ընել:

Մեր Տրամաբանութենէն Անդին

Երբ Խօսքը (Յունարէն բնագիրը) ուշադրութեամբ սերտենք, շատ հիանալի բան մը կը նկատենք: Այն ձեւը, որով Մարիամ հրեշտակին պատասխանեց, ցոյց կու տայ, թէ ան նամակը հասկցած էր, ան նկատի առած էր հրեշտակին խօսքին ետին գտնուող հոգին:

Հրեշտակին ըսելէն ետք, թէ՝ «Ոչ մէկ Ռեմա խօսք (խօսուած խօսք) երբեւէ պիտի տկարանայ (իր զօրութիւնը, ուժը կամ ազդեցութիւնը պիտի կորսնցնէ), երբ զայն Աստուծոյ կու տաս (կը դնես զայն Աստուծոյ ձեռքին մէջ), Մարիամ անմիջապէս ըսաւ. « 38 […] Ահա ես Տիրոջ աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի: Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց»:

Մարիամի պատասխանը

  • Իր տրամաբանութենէն անդին էր
  • Իր միտքին ըմբռնելու կարողութենէն անդին
  • Իր սահմանափակումներէն անդին
  • Ան համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ խօսեցաւ Հօր կամքը իրեն համար:

Տիրոջ Բաժինն է մեզի յայտնել Իր ծածուկ խորհուրդները, նպատակները եւ ծրագիրները, իսկ մեր բաժինն է համարձակութեամբ խօսիլ, արտասանել կամ հռչակել զանոնք առանց որեւէ բացատրութիւն ուզելու:

Եթէ քեզի ըսուածը Աստուծոյ խօսքը չէ, մոռցիր եւ մի՛ ըներ ըսուածը: Բայց եթէ Աստուծոյ խօսքն է, զայն հռչակէ համարձակութեամբ, ինքնավստահութեամբ եւ ակնկալելով:
« 23 Վստա՛հ եղէք, ով որ այս լերան ըսէ. «Ե՛լ եւ ծով ինկիր», եւ եթէ մտքին մէջ չտարակուսի, այլ հաւատայ թէ իր ըսածը պիտի ըլլայ, ի՛նչ որ ըսէ՝ պիտի կատարուի» (Մր 11.23):

Ըսուած է, թէ. «Մենք չենք համարձակիր ոչ թէ որովհետեւ բաները դժուար են, հապա որովհետեւ մենք չենք համարձակիր, անոր համար անոնք դժուար են»:

«Քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» (Ղկ 1.38)

Նախորդ Հրապարակում Աստուծոյ Հանգիստը (Մր 2.23-28) - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 02
Յաջորդ Հրապարակում Իշխանութիւն - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 04