Տիրոջ հետ ուխտ ընելէդ ետք, թշնամիին ծրագիրները ձախող կ'ըլլան:
Իսրայէլի ժողովուրդը Տիրոջ բազուկով Եգիպտոսէն ելլելէ երեք օր ետք (Ելք 14.1-4) Փարաւոն կը կարծէր, թէ Իսրայէլ «մոլորած» էր (14.3), որովհետեւ ան՝ Փարաւոն, կ'արտայայտուէր իր ունեցած կարողութիւններէն մղուած եւ Իսրայէլի արտաքին պայմաններուն կամ վիճակին նայելով: Սակայն երբ Տէրը ժողովուրդի մը կամ անձի մը հետ ուխտ կ'ընէ, պայմաններուն եւ վիճակներուն համաձայն չէ, որ կը պահպանէ զանիկա, հապա՝ Իր ծրագիրներուն եւ զօրութեան համաձայն:
- Ըստ ինծի, վերոնշեալ համարներուն մէջ մեր կարդացած պատմութեան մէջի այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին Փարաւոնի զինուորական ոյժին եւ իշխանութեան, անտեսուած են Տիրոջ կողմէ: Տէրը Փարաւոնին սիրտը աւելի եւս կարծրացուց, որպէսզի ան ընէր ի՛նչ որ կ'ուզէր... Բայց Տէրը գիտէր, թէ Ինք ի՛նչպէս պիտի պահպանէր Իր ժողովուրդը:
- Տէրը կրնար Փարաւոնին սիրտը կարծրացնելու փոխարէն կակուղցնել եւ այդպիսով ժողովուրդը հանել Եգիպտոսէն: Բայց Տէրը այդպէս չըրաւ, հապա՝ կարծես ցոյց տուաւ, թէ Փարաւոնին սիրտին կարծրանալը եւ անոր կողմէ իշխանութիւն գործածելը չէին կրնար խանգարել Աստուծոյ ծրագիրը, որ Իր ժողովուրդը պահել եւ ազատել էր:
- Աստուած այսօր ալ նոյնն է եւ կ'ուզէ, որ թշնամին գիտնայ, թէ իրական իշխանութիւնը Ի՛ր ձեռքին մէջն է:
Փարաւոնին Սիրտը Կարծրացաւ
(Հմր 5-9) Եգիպտոսի անդրանիկները թաղելէ եւ Մովսէսի խնդրած երեք օրերը անցնելէ ետք, Փարաւոն եւ իր ժողովուրդը հաւանաբար նոր անդրադարձան, թէ կորսնցուցին Իսրայէլի որդիները: Եւ Տէրը թոյլ տուաւ, որ Փարաւոնին եւ ժողովուրդին սիրտերը կարծրանան, որուն իբրեւ արդիւնք անոնք 600,000 կառքերով եւ ոստիկաններով իսրայէլացիներուն ետեւէն ինկան:
Աստուած Գաւազանը Գործածել Թելադրեց
(Հմր 10) Մովսէսի գաւազանը, որ Աստուծոյ գաւազանը եղաւ (տե՛ս Ելք 4.20), խորհրդանիշ մըն էր Քրիստոսի խաչին: Գաւազանը Աստուծոյ իշխանութիւնն էր, որ Մովսէսին տրուեցաւ, որպէսզի հրաշքներ ընէր Փարաւոնին դիմաց եւ ատոնցմով Աստուծոյ ժողովուրդը հանէր Եգիպտոսէն: Այն գաւազանը, որ հանեց ժողովուրդը Եգիպտոսէն, հիմա անոնց առջեւ գտնուող ծովն ալ ճեղքելու պատրաստ էր՝ զիրենք գերութեան մէջ բռնող թշնամիէն վերջնականօրէն ազատելու համար:
- Գաւազանը կը յիշեցնէր, թէ ի՛նչպէս պարտուեցաւ Փարաւոն:
- Նոյնպէս ալ խաչը Սատանային կը յիշեցնէ իր պարտութիւնը:
Փարաւոն Որոշեց Հալածել
(Հմր 10) Փարաւոն մօտեցաւ Իսրայէլի ժողովուրդին: Եթէ փորձենք ժողովուրդին զգացումները բացատրել նկատի ունենալով, թէ ժամանակ մը զիրենք գերի բռնողը երեք օր յետոյ նորէն կ'որոշէ հալածել զիրենք, պիտի հասկնանք, թէ ժողովուրդը ո՛րքան վախցաւ: Անոնք Տիրոջ աղաղակեցին:
Ժողովուրդին Վախը եւ Տրտունջը
(Հմր 11-12) Ժողովուրդը անցեալի յիշատակները եւ ցաւերը յիշելով՝ վախցաւ, տկարացաւ եւ անմիջապէս տրտունջ ըրաւ, ըսելով՝ «Եգիպտոսի մէջ գերեզմաններ չըլլալո՞ւն համար մեզ անապատին մէջ մեռնելու բերիր»: Ասիկա կը նշանակէր, թէ ճնշումին պատճառով անոնք արդէն մոռցած էին, թէ Տէրը ի՛նչպէս հանեց զիրենք Եգիպտոսէն:
Այդ ժամանակ Տէրը կ'ուզէր, որ անոնք մեռնէին, բայց ո՛չ ֆիզիքապէս, հապա՝ մեռնէին ֆիզիքականէն եկող բոլոր ազդեցութիւններէն, ինչպէս՝ ճնշումներէն, հիւանդութիւններէն, վախերէն, թշնամիին կողմէ հալածուելու գաղափարէն եւլն., եւ ապրէին Տիրոջ առաջնորդութեան մէջ՝ Անոր վստահելով, որպէսզի Ան սկսէր ընել Իր գործերը ժողովուրդին կեանքին մէջ:
- Տէրը չուզէր եւ կը մերժէ այն գաղափարը, որ Իր ժողովուրդը հազիւ դժուարութիւնները տեսնէ իր հին փորձառութիւնները վերակոչէ եւ որոշէ, թէ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ թշնամիին գերութեան եւ ծառայութեան մէջ մնար քան թէ անկէ՝ թշնամիէն հալածուէր: Եւ ատիկա ընէր մոռնալով հզօր Աստուծոյ ձեռքը:
Մովսէս Կը Քաջալերէ
(Հմր 13) Մովսէս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք»: Երբ թշնամիին հետ դէմ յանդիման եղող եւ վախի մէջ եղող մէկու մը «Մի՛ վախնար» կ'ըսես, կը նշանակէ, թէ ըսել կ'ուզես՝ «Մոռցի՛ր թշնամիին բերած ազդեցութիւնները, ներկայութիւնը եւ ամէն բան, որ անկէ կու գայ»:
Մովսէս շարունակելով ըսաւ. «Սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տիրոջ փրկութիւնը»: Այսինքն՝ Տիրոջ ներկայութիւնը եւ ներգործութիւնը ակնկալէ որեւէ ժամանակ: Ասիկա հաւատք է եւ Անոր վստահիլ:
Մովսէս ժողովուրդը կը պատրաստէր, որպէսզի իրենց վախէն հրաժարէին երբ ըսաւ՝ «Որովհետեւ այսօրուան տեսած եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք»:
Իշխանութիւնը Գործածել Կը Սորվեցնէ
(Հմր 14) «Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի: Դուք լուռ կեցէք»:
- Մեր անձը, շունչը, մարմինը լուռ պահելը կարեւոր է, որպէսզի Աստուծոյ աւելի լաւ լսենք եւ անոր ընելիքները աւելի լաւ հասկնանք:
(Հմր 15-16) Տէրը Մովսէսին ըսաւ, սորվեցուց, թէ իրեն տրուած իշխանութիւնը աղաղակելով չ'աշխատիր, հապա՝ գործածելով, գործի դնելով կամ վերածելով:
- Ան Մովսէսին կը յայտնէր, թէ գաւազանը բռնողը կը գործածէ զայն, որովհետեւ անիկա տրուած է գործածուելու համար:
Երեւոյթներէն Մի՛ Խաբուիր
«Ես ահա եգիպտացիներուն սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի գան: Ես Փարաւոնին ու անոր բոլոր զօրքերուն վրայ, անոր կառքերուն ու անոր ձիաւորներուն վրայ պիտի փառաւորուիմ: Երբ ես Փարաւոնին ու անոր կառքերուն եւ անոր ձիաւորներուն վրայ փառաւորուիմ, եգիպտացիները պիտի գիտնան, թէ ես եմ Տէրը» (հմր 17-18):
Տիրոջ այդ խօսքերը այդ ժամանակին՝ մինչ ժողովուրդը դժուարութեան մէջ էր, կը նշանակեն, թէ ամէն ինչ որ կը պատահէր իրենց ու կը նեղացնէր զիրենք եւ երեւութապէս այնպէս կ'երեւէր, թէ թշնամին իրենցմէ զօրաւոր էր, պիտի ծառայէր Տիրոջ թշնամիին զօրքերէն աւելի զօրաւոր ըլլալը փաստելուն կամ ցոյց տալուն ինչպէս նաեւ Անոր փառաւորուելուն:
Տէրը Քեզի հետ Է
(Հմր 19-20) Աստուծոյ հրեշտակը՝ հաւանաբար Տիրոջ երեւելի ներկայութիւնը (հմմտ Ծն 16.7-14), առաջնորդելու իր պաշտօնէն անցաւ պահպանութեան. առջեւէն՝ ետեւ: Նոյնը ըրաւ նաեւ Տիրոջ ամպի սիւնը:
- Կրնայ ըլլալ, որ դուն ալ ապրիս նոյն վախը եւ զգացումները եւ ըլլաս այն վիճակին մէջ, ուր քաջ գիտես, թէ թշնամին քեզմէ քար մը նետելով հարուածելու հեռաւորութեան վրայ է: Բայց երբ Տէրը քեզի հետ է, թշնամիին ո՛րքան մօտ ըլլալը կարեւոր չէ, որովհետեւ Տէրը պիտի չարտօնէ, որ թշնամին քեզի հասնի կամ դպչի:
(Հմր 21-22) Տիրոջ պատուէրին համաձայն, Մովսէս գաւազանը ծովուն վրայ երկնցուց, եւ Տէրը արեւելեան հովով ծովը ճեղքեց եւ գետինը չորցաւ:
- Տէրը կարծես կ'ըսէր Մովսէսին, ժողովուրդին եւ այսօր մեզի, որ մեր առջեւը նայինք եւ մեզի տրուած իշխանութիւնը գործածելով յառաջ երթանք:
- Այսօր քու ժամանակդ է, որ խաչը եւ Խաչեալը սիրտիդ մէջ բարձրացնես եւ խաչին զօրութեամբ հռչակես, որ դժուարութեան, հիւանդութեան եւլն. ծովերը ճեղքուին եւ քեզի համար անցնելու ցամաք ըլլան:
Իշխանութիւնդ Եւ Տիրոջ Միջամտութիւնը
(Հմր 23-28) Առաւօտեան մօտ ժամը 3-էն 6-ի ատեն, «[…] Տէրը Եգիպտացիներուն բանակին նայեցաւ կրակի ու ամպի սիւնէն ու Եգիպտացիներուն բանակը խռովութեան մէջ ձգեց» (հմր 24): Սղ 77.16-19- ին համաձայն, այդ ատեն Աստուած անձրեւ, փոթորիկ, կայծակ, որոտում եւ երկրաշարժ բերաւ կամ ըրաւ:
- (Հմր 25) Տէրը Եգիպտացիներուն կառքերուն անիւները հանեց, այնպէս որ անոնք ըսին՝ «[…] Փախչինք Իսրայէլի երեսէն, որովհետեւ ահա Եհովա անոնց համար մեզի հետ կը պատերազմի»:
- (Հմր 26-28) Եգիպտացիները ջուրերուն մէջ մնացին եւ միայն Իսրայէլի ժողովուրդը ազատեցաւ (հմմտ Ելք 14.14):
- Պօղոս առաքեալ կը յայտնէ, թէ մինչ կ'անցնէին իրականութեան մէջ՝ «Մովսէսով մկրտուեցան ամպին ու ծովին մէջ»: Ամպը կը ներկայացնէր Տէրը, իսկ ջուրը, Տիրոջ Խօսքին հնազանդելով աշխարհէն սպաննուիլն էր (տե՛ս Ա.Կր 10.2-3):
- Եգիպտոսը սպաննուող մարմնաւոր կեանքի խորհրդանիշն է:
- Մենք բոլորս կ'անցնինք այդ գործողութենէն երբ հաւատալով կը մկրտուինք:
(Հմր 29-31) Մենք ալ կը տեսնենք մեր թշնամին՝ մարմինը, մեղքը, մեր կիրքը, ցանկութիւնները եւ աշխարհային փափաքները մեռած (հմր 30) Քրիստոսով եւ Անոր Սուրբ Հոգիին լեցունութիւնով (տե՛ս Հռ 8.9, 11):
(Հմր 31) Այսօր աւելի մեծ իրաւունք ունիս տեսնելու Տէր Յիսուս Քրիստոսի գործերը: