Այսօրուան նիւթը կը վերաբերի Հին Կտակարանի օրերուն եբրայեցիներուն Եգիպտոսէն վռնտուելուն: Տէրը Իր զօրաւոր բազուկով եգիպտացիները զարնելէ ետք, Փարաւոն անմիջապէս արձակեց Աստուծոյ ժողովուրդը, որովհետեւ փաստուեցաւ, որ զանոնք իր երկրին պահելը իրենց կեանքերուն վնաս կը բերէր:
Եգիպտոսի Անդրանիկներուն Մեռնելէն Ետք (Ելք 12.29-32)
« 29Կէս գիշերին Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ զարկաւ, իր աթոռը նստող Փարաւոնին անդրանիկէն մինչեւ բանտին մէջ եղած գերիին անդրանիկը: 30Գիշերը Փարաւոն ելաւ ու անոր բոլոր ծառաները եւ բոլոր Եգիպտացիները ու Եգիպտոսի մէջ մեծ աղաղակ մը բարձրացաւ. քանզի տուն չկար, ուր մեռեալ չըլլար»:
Եգիպտացիներուն անդրանիկներուն մեռնիլը, նոյն ատեն եբրայեցիներուն անդրանիկներուն ազատիլը եւ իսրայէլացիներուն արու զաւակները սպաննելու Փարաւոնին հրամանին անզօր ըլլալը օրինակներ են այսօր Քրիստոնեաներուն մարմինին աշխարհայինէն մեռնելուն, Սատանային զօրութեան խափանուելուն ինչպէս նաեւ Քրիստոսի անդրանիկ յարութեամբ կամ անոր փրկագործութեամբ անոնց Կեանքի համար վերստին ծնելուն:
« 31Գիշերով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. “Ելէ՛ք իմ ժողովուրդիս մէջէն՝ դո՛ւք ալ եւ Իսրայէլի որդիներն ալ ու գացէ՛ք պաշտեցէ՛ք Եհովան՝ ինչպէս ըսիք: 32Նաեւ ձեր հօտերն ու ձեր արջառները առէ՛ք ու գացէ՛ք եւ զիս ալ օրհնեցէ՛ք”»:
Յիսուսի արեան հեղումով, մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կայ կարողականութիւնը հին մարդուն սպաննուելուն եւ նոր մարդուն Քրիստոսով կեանքի կոչուելուն: Նոր մարդը, որ ազատ պիտի ըլլայ «Փարաւոններուն» կամ զինք հալածողներուն ետին գտնուող դիւային գործակալներէն, իբրեւ կոչում եւ կեանքի նպատակ պիտի ունենայ հասնիլ եւ գրաւել խոստացուած երկիրը, որ մեր պարագային մեր կեանքը ամբողջութեամբ նորոգուած ձեւով ապրիլն է (տե՛ս Բ.Կր 5.17):
Ազատ Արձակուած Եմ
Փարաւոն այլեւս չէր կրնար դիմանալ եւ սիրտը կարծր պահելով ձեռքը զօրաւոր բռնէր: Այդ պատճառով ան հրամայեց, որ անմիջապէս դուրս ելլեն Եգիպտոսէն:
Մեր պարագային, այլեւս Սատանան չունի իշխանութիւնը մեզ ապրեցնելու Եգիպտոսի մէջ՝ հարստահարութեամբ, այսինքն՝ մեղքի, կիրքի, ցանկութեան, հիւանդութեան եւլն. մէջ: Ան պարտուած, խայտառակուած եւ ամօթով մնացած է (Կղ 2.15), իսկ մենք ազատ արձակուած ենք:
Ամէն հրաման, որ Փարաւոն իր հպարտութեամբը տուած էր՝ խափանուեցաւ: Կարճ ժամանակուան մէջ ետեւ-ետեւի վրայ հասած դատաստանները յստակօրէն պարզեցին, թէ Աստուած Փարաւոնին դէմ էր: Փարաւոն ոչ միայն աղաչեց, որ իսրայէլացիները երկիրէն հեռանային, հապա՝ իրեն համար աղօթք ալ խնդրեց:
Թշնամին Կապուած է (Տե՛ս Մ ր 3.27)
Ելք 12.33 - « Եգիպտացիները բռնադատեցին ժողովուրդը, որ շուտով այն երկրէն դուրս ղրկեն զանոնք. որովհետեւ ըսին. “Ամէնքս ալ կը մեռնինք”»:
«Բռնադատեցին» բառը եբրայերէնով «խազաք» բառն է, որ կը նշանակէ՝ շտապ, աճապարանօք (անգլերէնով՝ ըրճընթ) ինչպէս նաեւ վճռորոշ:
Անոնք այլեւս մտահոգ էին իրենց կեանքերուն համար:
(հմմտ Մր 5.7) « 7 եւ բարձր ձայնով աղաղակեց. - Ինձմէ ի՞նչ կ’ուզես, Յիսո՛ւս, բարձրեալ Աստուծոյ Որդին, Աստուծոյ սիրոյն, զիս մի՛ տանջեր»:
Ուխտը Ուսերնուն Վրայ
Ելք 12. 34 - « Ժողովուրդը իրենց խմորի տաշտերը իրենց լաթերովը փաթթած ուսերնուն վրայ վերցուցին»:
1. Խմորի տաշտերը իրենց ուսերուն վրայ դնելը պատկեր մըն էր, որ կը ներկայացնէր, թէ իրենք սիրտի մաքրութեամբ կ'ելլէին՝ ուխտելով, որ իրենց մէջ աղտոտութիւն պիտի չըլլար:
· Տէրը Քրիստոսով մաքրուածներուն համար ալ նոյնը կ'ուզէ այսօր:
2. Տէրը պատուիրած էր, որ Իր ժողովուրդը եօթը օր թթխմորով խմոր չունենար իրենց տուներէն ներս (Տե՛ս Ելք 12.15-20):
· Խորհրդանիշ էր սիրտի մաքրութեան (Տե՛ս Ա.Կր 5.7-8) - « 7 Չարութեան հին *խմորը դուրս նետեցէք ձեզմէ, որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք, ինչպէս որ էք արդէն, քանի որ Քրիստոս՝ մեր Զատիկին Գառնուկը մորթուեցաւ: 8Ուստի Զատիկը տօնենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով, այսինքն՝ ո՛չ թէ չարութեան եւ անզգամութեան խմորը պահելով մեր մէջ, այլ՝ առանց թթխմորի, այսինքն՝ անկեղծութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ»:
3. Երբ Եգիպտոսէն պիտի ելլէին Տիրոջ շնորհքով.
· Թագաւորը եւ ժողովուրդը բռնադատեցին իսրայէլացիները, որպէսզի անոնք Եգիպտոսէն ելլէին, որովհետեւ չկրցան դիմանալ Տիրոջ զօրութեան, թէեւ սկիզբը կը մերժէին ազատ արձակել զանոնք:
· Ելք 12. 35 - «Իսրայէլի որդիները Մովսէսի խօսքին պէս ըրին ու Եգիպտացիներէն արծաթեղէն զարդեր եւ ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ խնդրեցին» :
- Թէեւ Իսրայէլի որդիներուն արդար վարձքը չէին տար, բայց Տիրոջ շնորհքով զարդեր, արծաթեղէն եւ հարստութիւն տուին անոնց:
Շնորհք Եւ Կողոպտել
Ելք 12. 36 - «Տէրը ժողովուրդին շնորհք տուաւ Եգիպտացիներուն առջեւ, այնպէս որ Եգիպտացիները անոնց խնդրածը տուին: Անոնք կողոպտեցին Եգիպտացիները»:
«Կողոպտել» բառը եբրայերէնով «նաշալ» բառն է, որ կը նշանակէ՝ ազատել, փրկել, վերականգնել, վնասը գանձել, վերաշահիլ, վերստանալ, դատը շահիլ:
Հոս «կողոպտել»ը գողութիւն չէր, որովհետեւ Տիրոջմով շնորհք գտան իրենց իրաւունքը վերստանալու:
Քու Եգիպտոսէդ Վռնտուեցա՞ր
- Ատիկա քեզի համար գէ՞շ բան էր:
- Դուն ատիկա վնա՞ս կը նկատես թէ շահ:
- Իսրայէլի ժողովուրդը իր կեանքը՝ ապագան շահեցաւ:
Թշնամին վնաս զգացնելու բազմաթիւ դռներ կը բանայ քու առջեւդ, կամ վնասի մէջ եղող կամ ձախող մէկու մը այլեւայլ զգացումները կը դնէ քու մէջդ, որպէսզի այդ վնասի կամ ձախողած ըլլալու զգացումներէն մղուած ետ դառնաս Եգիպտոս, այսինքն՝ հարստահարողին կամ հին կեանքիդ եւ զայն կառավարողին:
Քրիստոսի հետ քալելով աշխարհի մեղքէն մեռած ապրիլ կը նշանակէ՝ շահիլ կեանքը եւ ապագան: