Օծութիւնը, որ մենք ստացած ենք Տիրոջմէն ՆՊԱՏԱԿԻ մը կը ծառայէ.
- Կու տայ Քրիստոսի մասին վկայելու զօրութիւնը:
- Կու տայ նաեւ աշխարհին եւ անոր պայմաններուն յաղթելու զօրութիւնը:
Մեր մէջ օծութեան մակարդակը կախեալ է մեր Անով նորոգուելէն եւ շարունակ լեցուելէն:
Կարեւոր է նաեւ հասկնանք տարբերութիւնը անձնական եւ հաւաքական օծութեան: Հաւաքական օծութիւնը կ'ըլլայ երբ մէկ հոգիէ աւելի հաւատացեալներ նոյն տեղին մէջ կը հաւաքուին՝ մէկ նպատակ հետապնդելով:
Երբ բոլոր հաւատացեալները կը հաւաքուին մէկ նպատակով, մեծ օծութիւն կ'արձակուի, ճիշդ ինչպէս պատահեցաւ Պենտէկոստէի օրը (Գրծ 4.31):
Հաւաքական օծութեան զօրութիւնը միայն մեզի չ'ազդեր, հապա նաեւ՝ մեր շուրջիններուն: Իրարու հետ համաձայնութեամբ գործելուն զօրութիւնը յատուկ է եւ մեծ: