Մատթէոս Աւետարանիչ իր աւետարանին սկիզբը կը խօսի Քրիստոսի ազգաբանութեան մասին: Ան կը սկսի համրել Աբրահամէն մինչեւ Մարիամի նշանածին՝ Յովսէփի ծնունդը:
Կիներ՝ Ազգաբանութեան մէջ
Մատթէոս կը նշէ երեք կիներ. բան մը, որ ընդհանրապէս չէին ըներ հրեաներ, այլ միայն կը նշէին տղամարդոց անունները: Կը հաւատամ, որ ան ուրիշ միջոց չունէր բացի յիշելէ այդ կիները, որովհետեւ անոնց կեանքերը մեծ յեղաշրջում բերին ազգաբանութեան մէջ. «Յուդա իր Թամար կնոջմէն՝ Ֆարէսն ու Զարան, Ֆարէս ծնաւ Եզրոնը, Եզրոն՝ Արամը, 4 Արամ՝ Ամինադաբը, Ամինադաբ՝ Նաասոնը, Նաասոն՝ Սալմոնը, 5 Սալմոն իր Ռախաբ կնոջմէն ծնաւ Բոոսը, Բոոս իր Հռութ կնոջմէն՝ Օբէդը, Օբէդ՝ Յեսսէն» (Մտ 1.3):
Տիրոջ Աշխատանքը
Շատերու համար Քրիստոսի ազգաբանութիւնը կարդալը ցանցրացուցիչ բան մըն է: Բայց Աստուած՝ Իր իմաստութեամբ եւ նախատեսութեամբ լուրջ աշխատանք տարած էր, որպէսզի Քրիստոսի ազգաբանութիւնը պատրաստէր եւ վերջապէս գտնուէր յարմար անձը, որ ըլլար Քրիստոսի պահապան հայրը. « 16 Յակոբ ծնաւ Յովսէփը, որ Մարիամի նշանածն էր, եւ Մարիամէն ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս» (Մտ 1.16):
Թամար Եւ Ամուսինը
Մենք այսօր պիտի խօսինք կիներէն մէկուն՝ Թամարին մասին: Թամար Յուդայի անդրանիկ տղուն իբրեւ կին առնուեցաւ. « 6 Յուդա իր անդրանիկ տղուն՝ Էրի՝ կին մը առաւ, որուն անունն էր Թամար: 7 Յուդայի անդրանիկ Էրը չար էր Տէրոջը առջեւ: Ու Տէրը մեռցուց զանիկա: 8 Եւ Յուդա ըսաւ Օնանին. «Մտիր քու եղբօրդ կնոջ ու տագրութեան իրաւունքդ կատարէ անոր եւ քու եղբօրդ սերունդ հանէ»: Օնան գիտցաւ որ սերունդը իրենը պիտի չըլլայ, անոր համար երբ իր եղբօրը կնոջ կը մտնէր, սերմը գետին կը թափէր, որպէս զի եղբօրը սերունդ չտայ: 10 Այս ըրած բանը Տէրոջը առջեւ գէշ երեւցաւ ու զանիկա ալ մեռցուց» (Ծն 38.6-7):
Արդէն հոս կը տեսնենք, թէ Տիրոջ նպատակներուն համար ատիկա գէշ բան մը նկատուեցաւ եւ այդ պատճառով Օնան սպաննուեցաւ:
Յուդայի Վախը
Յուդայ այդ եղածներէն վախնալով եւ չուզելով որ իր երրորդ զաւակն ալ սխալի ու մեռնի, ըսաւ Թամարին. « 11 Յուդա իր Թամար հարսին ըսաւ. “Որբեւարի նստէ քու հօրդ տունը մինչեւ իմ Սելօմ որդիս մեծնայ». քանզի ըսաւ. “Չըլլայ որ աս ալ իր եղբայրներուն պէս մեռնի”: Թամար գնաց ու իր հօրը տունը նստաւ»:
Անշուշտ, Յուդայի վախը զինք չէր կրնար արդարացնել եւ Աստուծոյ ծրագիրը չէր կրնար փոխել:
Թամար նախ տառապեցաւ իր ամուսինին չար ըլլալէն, ապա տագրոջ չարութենէն եւ հիմա ալ կը տառապէր աներհօրը վախէն: Հետեւաբար որոշեց իր աներհօրմէն զաւակ ունենալ: Թամար անունը կը նշանակէ արմաւենի: Անշուշտ ան արմաւենիի պէս կոտրուած պիտի չմնար, հապա՝ նորէն պիտի ծլէր:
Հմր 12-20- «Շատ օրեր յետոյ մեռաւ Շաւայի աղջիկը՝ Յուդային կինը: Երբ Յուդա մխիթարուեցաւ, Թամնա գնաց իր հօտերը ասրակտուր ընողներուն քով՝ ինք ու իր բարեկամը Ոդողոմացի Իրաս: 13 Ըսուեցաւ Թամարին թէ՝ «Ահա քու կեսրայրդ դէպի Թամնա կ’ելլէ՝ իր ոչխարը ասրակտուր ընելու»: 14 Ան ալ իր որբեւարութեան հանդերձները հանեց իր վրայէն ու քօղով մը ծածկուեցաւ ու փաթթուեցաւ եւ Թամնայի ճամբուն մէջ եղող Ենայիմի մուտքը նստաւ, քանզի տեսաւ որ Սելօմ մեծցաւ ու ինք անոր կին ըլլալու չտրուեցաւ: 15 Երբ Յուդա տեսաւ զանիկա, բոզ կարծեց, քանզի իր երեսը ծածկեր էր: 16 Ճամբան անոր դարձաւ ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քեզի մտնեմ», քանզի չէր գիտեր թէ անիկա իր հարսն է: Անիկա ըսաւ. «Ինծի մտնելու համար ի՞նչ կու տաս ինծի»: 17 Յուդա ըսաւ. «Ես քեզի այծի ուլ մը կը ղրկեմ հօտերէն»: Կինը ըսաւ. «Գրաւ մը կու տա՞ս մինչեւ ղրկելդ»: 18 Յուդա ըսաւ. «Ի՞նչ գրաւ տամ քեզի»: Անիկա ըսաւ. «Քու կնիքդ ու ժապաւէնդ եւ ձեռքիդ գաւազանը տուր»: Ան ալ տուաւ անոր ու մտաւ անոր: Թամար անկէ յղի մնաց: 19 Ապա ելաւ ու գնաց ու իր վրայէն քօղը հանեց ու իր որբեւարութեան հանդերձները հագաւ»:
Այս կնոջ մէջ մեծ պայքար կար զաւակ ունենալու եւ յաջորդ սերունդը պատրաստելու համար: Կը հաւատամ, որ Թամար այս կէտով հանդիպեցաւ Տիրոջ նախանձին եւ Անոր կողմէ ընդունուեցաւ եւ ազգաբանութեան շարքին մէջ անցաւ:
Թամար Յուդայի կինը կոչուած է Մատթէոսի մէջ, թէեւ պատմութեան ընթացքին չենք տեսնէր, թէ անոնք ամուսնացան, եւ Յուդա նոյնիսկ չմօտեցաւ անոր նորէն, բայց Թամար անոր կինը կոչուեցաւ: (Ասիկա լաւ դաս մըն է ամուսնութենէ դուրս յարաբերութիւն ընողներուն, թէ Աստուծոյ կողմէ եւ բնութեան համաձայն որուն հետ որ սեռային յարաբերութիւն կ՛ունենան, ան իրենց կինը կ՛ըլլայ: Ադամ ալ չպսակուեցաւ: Իսահակ ալ չպսակուեցաւ: Բոլորն ալ մտան):
Այդ բոլորէն ետք ծնաւ Յակոբի որդին Յովսէփը, որ եղաւ Մարիամի նշանածը: Երբ կը կարդայի ազգաբանութիւնները եւ աղօթքիս մէջ ըսած էի, թէ Տէր ի՛նչ կ՛ուզես խօսիլ ինծի այս բաժինէն, լոյսի պէս փայլեցան այս երկու անունները՝ Թամար եւ Յովսէփ:
Թամար սերունդ պահողն էր իր ներքին համոզումով, որուն միջոցաւ հանդիպեցաւ Տիրոջ նպատակին ու փափաքին, եւ Աստուծոյ կողմէ ընդունուեցաւ, որ ըլլայ Քրիստոսի մեծ մեծմայրերէն մէկը:
Իսկ հերոսական հաւատքով տարբերութիւններ բերող այս կիներուն միջոցաւ ճամբան յարդուելէ ետք, ծնաւ Յովսէփը, որ եղաւ պահապան հայրը Քրիստոսի:
Որպէսզի այսօր կարենանք պատրաստել պահապաններ ինչպէս նաեւ պատրաստուիլ ըլլալու համար պահապանները Քրիստոսով մեզի Եկեղեցին ապահով կերպով անցընել յաջորդ սերունդին, պէտք է մեր հաւատքին միջոցաւ տարբերութիւն ծնինք: