«Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» (Ծն 1.27):

Մարդ եբրայերէնով կը նշանակէ կարմրագոյն, կամ շագանակագոյն, թուխ եւ անմշակ:

Այդ մարդուն կենսական պէտքերէն մէկուն մասին կը կարդանք Մտ 4.4-ին մէջ. «Յիսուս պատասխանեց. -Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. “Մարդ միայն հացով չ՛ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է”»:

«Մարդ» բառը յունարէնով «անդրօբոս» է: Հողէն՝ աշխարհէն առնուած եւ շինուած այս մարդը՝ «անդրօբոս»ը կապուած էր երկինքի մէջ գտնուող Աստուծոյ:

  • Մարդը Աստուծոյ բերանէն ելած խօսքերէն կախեալ էր (նկատի ունեցիր սկիզբէն՝ ստեղծուելէն ետք իրեն ըսուած խօսքերը):
  • Մարդը պէտք էր Աստուծոյ նայէր ապրելու համար:

Մարդը՝ «Անդրօբոս»-ը հոգեւոր էակ է. Ունի շունչ եւ կ՛ապրի մարմինի մէջ:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մարդը իր արտաքին երեւոյթէն շատ աւելի խոր եւ անդին ինքնութիւն եւ արժէքներ ունի:

  • Մարդուն իրական աչքերը եւ տեսողութիւնը իր ակնագունդէն անդին են:
    • Ան կրնայ իր հոգիով տեսնել:
    • Կրնայ հոգեղէն աշխարհէն ներս մտնել եւ իր ստեղծիչին ներկայութեան մէջ ըլլալ ու Անոր հետ կապ ունենալ:
      • «Բայց ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը, որովհետեւ Հայրն ալ կ’ուզէ որ իր երկրպագուները այդպիսին ըլլան: Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն» (Յհ 4.23-24):

Շունչին Եւ Հոգիին Աչքերը

«Անդրօբոս» բառը բարդ բառ մըն է: Եբրայերէն եւ Յունարէն Տք. «Զօդիատես»ի աստուածաշնչական ուսումնասիրութիւնը կ՛ըսէ, թէ «անդրօբոս» ածականը կը պարունակէ «ա՛նօ» բառը, որ կը նշանակէ վեր:

  • Սոքրադէս կ՛ըսէ, թէ «ա՛ն» եւ «ադրին» բառերը կը նշանակեն նայիլ, իսկ «օբօբա» կը նշանակէ.
    • Տեսնել,
    • Նայիլ ուսումնասիրելով,
    • Նայիլ ուշադրութեամբ եւ խոկալով
    • Ան կ՛ըսէ, թէ ասոնք եւ ասոնց նման շատ մը արմատական բառերով կազմուած է «անդրօբոս» բառը:
    • Մեկնաբաններ կ՛ըսեն, թէ մարդը եղած է որպէսզի վեր՝ Աստուծոյ նայի:
      • Այսինքն՝ երբ մարդը բանի մը նայի, անոր մասին կը մտածէ:

Ասիկա «անդրօբոս» բառին իմաստը բաւական անդին կը տանի: Կը նշանակէ, թէ նայիլը արտաքին ակնագունդին միջոցաւ չըլլար, հապա հոգիին եւ շունչին աչքերով, ինչպէս
կ՛ակնարկէ (հմմտ Ժղ 12.3) «... պատուհանէն նայողները ...»:
(Սղ 121.1-2) «Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ: 2 Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց»:

Strongs Numbers and բառարանը կ՛ըսէ, թէ եբրայերէնով աչք բառը կարելի է գործածել բառացի եւ փոխաբերական ձեւով: Այս տեղին մէջ յստակ է որ փոխաբերական է, որովհետեւ աչքերը օգնութիւն կը փնտռեն եւ ոչ տեսանելի կամ յատուկ բան մը:

  • Աչքը վեր վերցնելը կ՛որոշէ, թէ ո՛վ է ՕԳՆՈՂԸ: Անշուշտ, ասիկա ակնարկութիւն է Տիրոջ:
    • Ասիկա ակնարկութիւն է հոգեւոր եւ շնչաւոր տեսութեան:

Ուրեմն, մարդը եղած է, որպէսզի վեր նայի, իր աղբիւրին, իր ստեղծիչին:

«Անդրօբոս»՝ Վեր Նայիլ

Տք. «Զօդիատես»ի ուսումնասիրութիւնը կ՛ըսէ, թէ «անդրօբոս»ի առաջին բառը «ա՛նօ» կը նշանակէ վեր, եւ «դրեբին օբա» խօսքը, որ նոյն արմատին կապուած է, կը նշանակէ,
դարձնել ուղղութիւնը դէպի վեր:

  • Ուրեմն «անդրօբոս», որպէս ընդհանուր իմաստ կը նշանակէ մէկը, որ իր աչքերը դէպի վեր դարձնէ:

Մեր ամբողջ էութիւնը կապուած է վեր նայելուն: Մեր անձերը.

  • Կը նային վեր
  • Կը վստահին վեր եղողին
  • Կ՛ակնկալեն վերէն

(Սղ 121.1-2) «Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ: 2 Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց»:

«Անդրօբոս» բառին մէջ գործածուած բայը մեզի ցոյց կու տայ նայելու գործողութիւնը:

  • Կը նշանակէ, կը փնտռեմ, կը քննեմ, նկատի կ՛առնեմ, ուրախութեամբ կը տեսնեմ եւ տեսածիս համար ուրախութեամբ կը ցատկիմ (Սղ 27.4):
    • «Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն Ու ասիկա կ’աղաչեմ, Որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչոթիւնը տեսնելու Ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար»:

«Ադրօբոս» Աստուածային Ցուցանիշ Է

Կարեւոր չէ որ կողմ կը դարձնես մարդը, ան ետ իր ստեղծիչին պիտի նայի:

  • Կարեւոր չէ թէ ո՛ր կողմ կը դարձնես կողմնացոյցը (compass), ցուցանիշը միշտ Հիւսիս կը ցուցնէ:
  • Մարդը աստուածային ցուցանիշ մըն է: Ի՛նչպէս ալ դնես, վերջաւորութեան Աստուծոյ կողմը պիտի դառնայ:

Անոնք որոնք իրենց հաւատքէն հեռացած են, կամ Տիրոջմէն հեռու կ՛ապրին, շփոթածմարդիկ են: Թէեւ կը գիտնան, թէ իրենց կեանքին սովորական ընթացքը չէ որ կ՛ապրին, եւ
հաճոյք ալ չեն գտներ իրենց ապրածին մէջ, բայց կը շարունակեն:

  • Միա՛յն Տիրոջ դառնալը կը բերէ խաղաղութիւն իրենց սիրտին եւ կողմնացոյցը կը կանգնեցնէ ճիշդ ուղղութեան:

«Անդրօբոս»՝ Ես Կը Դիտուիմ

«Օբդանոմէի» բառը կապուած է «անդրօբոս» բառին, որ կը նշանակէ, «ես կը տեսնուիմ կամ կը դիտուիմ» (դրական ձեւով):

  • Ասիկա պատճառ կ՛ըլլայ, որ մարդը հաշուետու ըլլայ:
  • Երբ «անդրօբոս» կը դիտուի, ատիկա իրեն ապահովութիւն կը զգացնէ:

(Սղ 34.15) «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են, Ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին»:

(Ա.Պտ 3.12) «Որովհետեւ Տիրոջ աչքերը արդարներուն վրայ կը հսկեն եւ ականջները պատրաստ են անոնց աղօթքները լսելու: Բայց Տէրը հակառակ է չարագործներուն»:

«Օբդանօմէ»-ի ներգործական բայը կը նշանակէ,

  • Նայիլ
  • Մեծ կեդրոնացումով նայիլ
  • Տեսածը նկատի առնելով կամ նայիլ որպէս շատ կարեւոր բան

«Անդրօբոս» պէտք է միշտ նկատի ունենայ իր Աստուածը, ստեղծիչը, եւ զԱյն իր բուն կեդրոնացումը դարձնէ:

  • Ան, որուն նայիլը արժանի է
  • Ուրախանալ Անկէ, որպէս ամենափառաւոր տեսարանը

«Անդրօբոս»՝ Ահաւոր Եւ Զարմանալի Կերպով Ստեղծուած

«Օրէօ» Յունարէն բառը, որ նոյն բայերէն եկած է, ցոյց կու տայ, թէ մէկը ինչպէս կը տեսնէ, «փնտռող նայուածքով», զանազանելով եւ խոկալով:

  • Նայողը վերջապէս լեցուած կ՛ըլլայ ահով եւ զմայլանքով:

«Անդրօբոս»ը ստեղծուած է ահաւոր եւ զարմալիօրէն: Մինչ Աստուած մարդը կ՛ընէր, անոր կը նայէր զմայլելով:
Նոյնպէս ալ «անդրօբոս», Աստուծոյ տուած ինքնութեամբ կը նայի, կը տեսնէ եւ ահով ու զմայլանքով կը նայի իր ստեղծիչին եւ կը փնտռէ զԱյն ամէն օր:

  • «Օրէօ» շատ փորձառութիւն տուող է իր կիռարման մէջ:
  • (Ծն 1.31) «Եւ Աստուած Իր բոլոր ըրածը տեսաւ: Ահա շատ բարի էր ...»:
  • «Կը գոհանամ քեզմէ, Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ: Քու գործերդ զարմանալի են Ու իմ անձս աղէկ գիտէ» (Սղ 139.14):

«Անդրօբոս»՝ Տօնելու Ժամանակ Է

«Դիօրէօ» բառը նորէն նոյն «անդրօբոս» բառին արմատներէն է, որ կը նշանակէ տեսութիւն, քննութիւն եւ խոկում:

  • Տարբերութիւնը միւս բառերուն հետ այն է, թէ ասոր պարագային տեսածիդ համար տօնակատարութիւն կ՛ընես:
  • Երբ մարդը հոգիով իր ստեղծիչը կը տեսնէ, տօն կ՛ընէ: Այդ պատճառով մենք պէտք ունինք Տիրոջ հետ զօրաւոր եւ անձնական յարաբերութիւն ունենալու, լաւ տեսնելու եւ տօնակատարութիւն ընելու:

«Դիօրէօ» ցոյց կու տայ նաեւ, թէ մարդը կը տեսնէ բաղդատութիւն ընելով:
«Անդրօբոս»-ը իր բաղդատական տեսութեան միջոցաւ կը հասնի եզրակացութեան, թէ իր Աստուածը աննման, անբաղդատելի եւ անդիմադրելի է եւ Անոր նմանը չկայ:

  • Ասիկա զօրաւոր պատճառ է տօնելու:

«Անդրօբոս»՝ Սիրտին Փափաքը

«Սքօբէօ» բառը կապուած է նոյն արմատներուն եւ կը նշանակէ «կը նայիմ նպատակով», «կը նայիմ նպատակ դրած» «աչքերովս կը քննեմ (Scan) կ՛ընեմ»:

  • «Անդրօբոսը նպատակ չունեցող էակ մը չէ:
  • «Անդրօբոս» իր սիրտին աչքերով քննող էակ մըն է:
  • Իր սիրտին փափաքը փնտռող էակ մըն է: Կեանքի նպատակը փնտռող էակ:
    • Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը ...»:

Մարդուն փնտռածը կարճ ժամանակի վրայ նպատակ դրած չըլլար, հապա ապագային նայող, յաւիտենականութիւն փնտռող նպատակ (հմմտ Սղ 73.25) «Ո՞վ ունիմ ես երկնքի մէջ.
Երկրի վրայ ալ քեզմէ զատ մէկը չեմ ուզեր»:

«Անդրօբօս»ը միակ արարածն է.

  • Ստեղծուած վեր նայելու,
  • Աստուծոյ նայելու,
  • Աստուծմէ նայուելու, Անոր սիրով, հոգածութեամբ եւ ուշադրութեամբ:

Ան կեդրոնացած է քու վրադ, դուն ալ կեդրոնացիր Անոր վրայ:

Նախորդ Հրապարակում Սերունդ Պատրաստէ
Յաջորդ Հրապարակում Աստուծոյ Հանգիստը (Մր 2.23-28) - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 02