Ստեղծագործութենէն ի վեր կը տեսնենք Աստուծոյ մարդուն հետ յարաբերութիւն ունենալու փափաքը: Այսօր, Աստուած չ'ուզեր, որ միայն փրկուինք, այլ կ'ուզէ, որ Իրեն հետ յարաբերութիւն ունենանք եւ ատիկա մեր կեանքը դառնայ:
Յարաբերութիւնը հիմնական միջոցն է, որով Աստուած մեզի Իր խոստումները կը փոխանցէ: Յարաբերութիւնը կը ստեղծէ միութիւն, մտերմութիւն, սէր եւ վստահութիւն եւ այս բոլորին արդիւնքը զօրութիւն է:
Թշնամին կը վախնայ մեր զօրանալէն ու Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան զարգացումէն: Ան կը դնէ արգելքներ՝ անգործութիւն, հիւանդութիւն, ճնշում, խռովութիւն, եւայլն: Իր նպատակը մեզ չարչարել ու ոչնչացնել է:
Բայց Աստուածաշունչը կը խոստանայ, որ անոնք որոնք իրենց կեանքերով Տիրոջ տան մէջ են, անոնք պիտի ծաղկին՝
Յարաբերութեան արդիւնք եղած աղաղակին հետեւանք՝ Երիքովի պարիսպները ինկան (Յես 6): Երբ Աստուծոյ հետ ժամանակ անցընենք, անոր պտուղը պիտի տեսնենք: