Չենք կրնար յարաբերութիւնը բաժնել կատարելութենէն, որովհետեւ անոնք իրարու միացած են: Աստուածաշունչին համաձայն, Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը կը հասցնէ սկիզբէն սահմանուած կատարելութեան:

Հռ 8.3-ը կ'ըսէ, թէ Աստուծոյ Որդին մարդացաւ կատարելու համար այն ինչ որ մարդը չէր կրնարր ընել իր տկար մարմինին պատճառով: Յիսուս կատարեց ամէն բան եւ այսօր մեր կատարելութիւնը կու գայ Անոր հետ մեր յարաբերութենէն:

Աստուած մարդը ստեղծեց՝ իրեն հետ յարաբերելու համար: Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը իշխանութիւն կ'ընդգրկէ (Ծն 1.27-28): Աստուծոյ հետ յարաբերելու ընթացքին, մենք կը կապուինք Աստուծոյ բնութեան հետ (Ծն 2.1-3), բայց նաեւ սնունդ կը ստանանք (Ծն 2.9): Յարաբերութեան միջոցաւ, Աստուած մեզի հետ նաեւ ֆիզիքական կապ կը ստեղծէ:

Կատարելութիւնը լաւագոյն յաջող ընթացքն է, սակայն այդ ամբողջ ընթացքը յաջողութեամբ աւարտելու համար, պէտք է նախ մանրամասնութիւններուն ուշադիր ըլլանք: Երբ մենք Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն կը մշակենք հոգիով եւ ոչ՝ պարտականութեամբ (Բ. Կր 13.5), կրնանք մեր հաւատքը քննել եւ հրաժարիլ այն բոլոր բաժիններէն եւ մանրամասնութիւններէն, որոնք Աստուծոյ հակառակ են:

Նախորդ Հրապարակում Ինքնութիւնդ՝ Սուրբ Հոգիով
Յաջորդ Հրապարակում Փնտռեցէ՛ք եւ պիտի Գտնէք