«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. Փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. Դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մտ 7.7):

Մարդիկ շատ անգամ այս համարը կը գործածեն իրենց ուզածները եւ պէտքերը առնելու համար: Սակայն Աստուծաշունչը կը խօսի Աստուծոյ ձեւով փնտռելու մասին:

Յիսուս իր ժամանակը կը տրամադրէր մարդոց փրկութեան համար: Ան կը փնտռէր մարդիկ, որոնք Սատանային կողմէ տանջուած են եւ զանոնք կը բժշկէր:

Դաւիթ եւս կը փնտռէր մարդիկ՝ զանոնք օրհնելու համար: Երկար տարիներ մերժուելէ եւ հալածուելէ ետք, երբ ան վերջապէս իր հանգիստը գտաւ, ան Յովնաթանին ազգականները փնտռեց զանոնք օրհնելու համար:

Մենք նոյնպէս մարդիկը օրհնելու պաշտօնը ունինք եւ պէտք ունինք մեր ունեցած օծութիւնը գործածելու՝ մարդոց կեանքին մէջ բժշկութիւն բերելու համար:

Երբ փոխանակ մեր եսով, փափաքներով եւ պահանջքներով փնտռելու, կը փնտռենք Աստուծոյ կամքին համաձայն, մենք յաջողութիւն պիտի ունենանք: Իսահակ օրհնուեցաւ, որովհետեւ Ան Աստուծոյ սկզբունքներուն համաձայն շարժեցաւ, եւ ոչ՝ մարդկային սկզբունքներուն (Ծն 12.3-4):

Մարդիկ փնտռենք՝ իրենց տալու համար մեր ունեցածը՝ դրամ, ժամանակ եւ սէր: Տուող սիրտին պտուղը օրհնութիւնն է:

Նախորդ Հրապարակում Յարաբերութիւն եւ Կատարելութիւն
Յաջորդ Հրապարակում «[…] Ահա քու թագաւորդ քեզի կուգայ […]» (Մտ 21.5)