Ի՞նչ է օծութիւնը: Ի՞նչ կը նշանակէ օծեալ ըլլալ: Ի՞նչպէս կը գիտնամ, թէ Աստուած օծած է զիս:
Կարեւոր է քննել թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ'ըսէ օծութեան մասին, որպէսզի կարենանք Անոր միջոցաւ առաջնորդուիլ եւ գործածուիլ:
Աստուածաշունչը կ'ըսէ թէ Աստուած Տէր Յիսուսին օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ (Գրծ 10.38), իսկ Քրիստոս մեզ օծեց Սուրբ Հոգիով (Ա.Յհ 2.27):
Իւրաքանչիւրս ունի իր անձնական օծութիւնը (Ա.Յհ 2.20, Ա.Յհ 2.27,4.4): Օծութիւն ունինք եւ ատիկա մեր մէջն ու մեզի հետ է նպատակով՝ աշխարհին յաղթելու համար:
Աստուած խոստացած է մեր մէջ բնակիլ (Բ.Կր 6.16) եւ երբեք չլքել մեզ (Եբր 13.5): Հետեւաբար, մեր մէջ բնակող օծութիւնը կենդանի եւ շօշափելի է:
Երբ այսօր Տէր Յիսուսի անունը կը կանչենք, այդ օծութիւնը կ'արձակենք եւ արձակուած օծութիւնը մեզի համար կ'ըլլայ ազատութիւն, բժշկութիւն ու պահպանութիւն: