Ա.Թգ 10.1-ին մէջ, Սամուէլ իւղի շիշը առաւ եւ Սաւուղին գլխուն թափեց: Իւղը խորհրդանիշ է Սուրբ Հոգիի օծութեան եւ Անոր հովանաւորութեան:
- (Ա.Թգ 10.2) Սամուէլ Սաւուղին կ'ըսէ, թէ երկու անձեր անոր պիտի իմացնեն թէ գտնուեցան այն էշերը, զորս երեք օրէ կը փնտռէր: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ օծութիւնը ստանալէն ետք, անցեալին մէջ մեր կորսնցուցածները կը գտնենք: Մենք նոր արարած ենք Տիրոջմով եւ ամբողջութեամբ նորոգուած ենք (Բ.Կր 5.17):
- (Ա.Թգ 10.3-4) Երբ Սաւուղ օծութիւնը ստացաւ եւ ճամբայ ելաւ, Աստուած ուխտաւորներու եւ ծառայողներու սրտին մէջ դրաւ, որ տան Սաւուղին՝ կարծես Աստուծոյ տուած ըլլային:
- (Ա.Թգ 10.5-6) Սամուէլ Սաւուղին թելադրեց, որ երթայ Աստուծոյ բլուրը, ուր պիտի հանդիպէր մարդոց, որոնք թշնամիին բանակին դիմաց կը մարգարէանային: Ինք այդ խումբին միանալով՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը պիտի վայելէր եւ պիտի մարգարէարանար:
- (Ա.Թգ 10.7) Սամուէլ ըսաւ. «Երբ այս նշանները քու վրադ գան, ձեռքէդ եկածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է»: Երբ այս նշանները մեր կեանքերէն ներս ըլլան, եւ Սուրբ Հոգին իր գործակցութիւնը յայտնէ մեզի, չնստինք մեր ձեռքերը ծալլելով, այլ ընենք այն ինչ որ մեր ձեռքէն կու գայ:
- (Ա.Թգ 10.8) Սամուէլ պատուիրեց Սաւուղին, որ ողջակէզի եւ խաղաղութեան զոհի համար սպասէ իրեն, ինչ որ օրինակ է Աստուծոյ խօսքին սպասելու:
- (Ա.Թգ 10.9-10) Աստուած անմիջապէս ուրիշ սիրտ տուաւ Սաւուղին եւ ան Սուրբ Հոգիին միջոցաւ սկսաւ մարգարէանալ: Նո՛յն օրը, բոլոր նշանները կատարուեցան: Շատ կարեւոր է որ մենք եւս մարգարէանանք մեր կոչումին համաձայն եւ հռչակենք մեր ծառայութեան ու մարդոց փրկութեան համար:
Սակայն Սաւուղ չհամարձակեցաւ իր հօրեղբօր ըսելու իր թագաւոր օծուելուն մասին (Ա.Թգ 10.14-16): Յաճախ մենք ալ երբ չենք արժեւորեր մեր կոչումը ու մարդոց կը հանդիպինք, կը խօսինք ամէն բանի մասին, բացի Յիսուսէն:
Ա.Թգ 10.21-23-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Սաւուղ համարձակ չէր խօսելու, որուն իբրեւ հետեւանք պէտք եղաւ որ զինք մարգարէութեամբ գտնեն: Երբ մեր կոչումը լաւ չճանչնանք, պէտք պիտի ըլլայ, որ մեզ արթնցնեն մարգարէութիւններով, քաջալերելով կամ զօրացնելով. մեր առօրեային մէջ շատ անգամ պէտք պիտի ունենանք որ ուրիշ հաւատացեալներ մեր ինքնութիւնը յիշեցնեն: Կարեւոր է որ ճանչնանք թէ մենք ո՛վ ենք Քրիստոսով:
Աստուած Սաւուղին շուրջը դրաւ մարդիկ (10.26), բայց բոլորը գացին, որովհետեւ շիտակ չէին կրթուած հաւատքի սկզբունքներուն մէջ: Երբ Աստուած մեզի կոչում կու տայ, Ան անձեր կը դնէ մեր չորս կողմը, բայց զանոնք լաւ առաջնորդելու համար Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն պէտք է ունենանք: