Յիսուսի եւ Աստուածաշունչին լեզուով կապելով կողոպտելը մեզի կը սորվեցնէ հաւատքով գործի լծուիլ:
Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ թէ պէտք է Սատանան կապենք եւ կողոպտենք: Յիսուս այդ մէկը ցոյց կու տայ առակով մը. «Կամ ի՞նչպէս կրնայ մէկը զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ այն զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ» (Մտ 12.28-29):
Տիրոջմով մեր ինքնութիւնը ճանչնալէ ետք, կրնանք թշնամին կապելով՝ անոր ոյժը կոտրել եւ առնենք այն բաները, զորս կորսնցուցած ենք, ինչպէս՝ առողջութիւն, ազատութիւն, եւայլն:
Մտ 16.18-19-ին մէջ, Յիսուս Պետրոսին ըսաւ. «Ես քեզի կ‘ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն: Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»:
- Կապել բառը յունարէն δέω [deo /deh•o/ «Տէ՛օ» բառն է, որ կը նշանակէ քամի, հով, հանգոյց ընել՝ զօրութեամբ, կապել շղթայով: Թշնամիին համար պիտի ըլլանք քամին, որմէ ինք կը վախնայ եւ այնպէս պիտի կապենք զինք, որ չկարենայ շարժիլ:
- Արձակել բառը յունարէն λύω [luo /loo•o/] «Լի՛օ» բառն է, որ կը նշանակէ քակել, կոտրել, կործանել, ջնջել, խափանել, ազատել բանտէն: Մեր խօսքը մուրճի պէս պիտի ըլլայ եւ պիտի արձակենք մարդիկը որոնք դժուարութեան եւ սխալի մէջ են, որպէսզի Քրիստոսով ազատ ապրին:
- Կողոպտել բառը յունարէն διαρπάζω [diarpazo /dee•ar•pad•zo/ «Տէրփա՛զօ» բառն է, որ կը նշանակէ աւար հաւաքել եւ փճացնել: Այդ աւարը մեր հանգիստն ու առողջութիւնն է: Մենք թշնամիին հետ համաձայնութիւն չենք կրնար ընել եւ մեր հաւատքի միջոցաւ իր կապածները կ'արձակենք ու կը փճացնենք իր գործերը:
Յիսուս պիղծ ոգիով մարդը ազատեց՝ պիղծ ոգին կապելով (Մր 1.25): Ան իշխանութեամբ խօսեցաւ դեւին եւ այդ մարմինը արձակուելու հրաման տուաւ: Հրամանը արձակուելէն ետք՝ դեւին ոյժը կոտրուեցաւ:
Մեր կեանքերէն ներս, մեր հաւատքի հրամանով կրնանք արձակել ամէն բան որ Սատանային կողմէ կապուած է եւ այդպիսով վայելել բոլոր այն բարիքնները, որոնք մեզի իրաւունք են: