(Ա.Թգ 12.1-5) Սամուէլ խօսեցաւ իր ծառայութիւններուն մասին եւ զանոնք առանց անիրաւութեան եւ արատի ամբողջացնելուն մասին: Ան այդ կոչումը ստացած էր Տիրոջմէն, եւ մարդիկ բնաւ ըսելիք չունէին անոր ծառայութեան դիմաց:
Սամուէլին հարցումը պատասխանատու հարցում էր: Ան այդ մէկը հարցուց, որովհետեւ իր խիղճը հանգիստ էր: Կարեւոր է, որ քրիստոնեաները նոյնքան մաքուր խիղճ ունենան: Որպէս ծառայողներ, մենք պատասխանատու պէտք է ըլլանք եւ ամէն օր աշխատանք տանինք մեր խիղճը մաքրելու եւ թեթեւցնելու համար:
(Ա.Թգ 12.6-11) Սամուէլ յայտնեց Աստուծոյ կատարած բոլոր բարիքները իսկ ժողովուրդին սխալ արտայայտութիւնն ու զԱստուած մերժելը: Հակառակ որ Աստուած ժողովուրդը հանած էր Եգիպտոսէն, մեծ գործերով, անոնք տրտունջ ըրած էին, զԱստուած այպանած ու Բահաղը պաշտելու սկսած էին:
(Ա.Թգ 12.12) Աստուծոյ բոլոր ըրածներէն ետք, ժողովուրդը աշխարհային ապահովութիւն ուզեց. թագաւոր մը, բոլոր միւս ազգերուն նմանելու համար:
Աշխարհի վրայ ապահովութիւն շինելը սխալ չէ, բայց Աստուծմէ առաջ ապահովութիւն փնտռելը սխալ է: Ո՛չ մէկ բան կրնայ տալ այն ապահովութիւնը որ ստեղծող Աստուածը կու տայ:
(Ա.Թգ 12.13-15) Տէրը ժողովուրդին ուզածը տուաւ, բայց յաջողութեան համար իրեն հնազանդիլ առաջարկեց: (Ա.Թգ 12.16-18) Տէրը Սամուէլի միջոցաւ պատուիրեց եւ սորվեցուց, թէ չըլլայ որ իրենց ունեցածով բաւարարուին: Որովհետեւ ինչպէս ցորենի հունձքի ատեն անձրեւ չի գար, բայց եկաւ, նոյնպէս իրենց կեանքերուն մէջ դժուարութիւնները կրնան շատ դիւրիւթեամբ գալ: Յաջողութիւն ունենալը չ'որոշեր մեր յաջողակ ըլլալը, այլ Տիրոջ հետ ըլլալն է որ կը խոստանայ այդ մէկը:
(Ա.Թգ 12.19-20) Ժողովուրդը զղջաց թագաւոր ուզելուն համար, որովհետեւ տեսաւ, թէ ինչպէս Սամուէլին խօսքերը հաստատուեցան Տիրոջ կողմէ:
Թագաւոր ունենալով հանդերձ, անոնք բուն յոյսը Տիրոջ վրայ դնել սորվեցան եւ խոստովանեցան ու ըսին. «[…] Մեր բոլոր մեղքերուն վրայ այս չարութիւնն ալ աւելցուցինք, որ մեզի թագաւոր ուզեցինք » (Ա.Թգ 12.19):
(Ա.Թգ 12.21) Կեանքը ապրելով առանց Տիրոջ «[…] ոչինչ բաներու ետեւէ գացած կ’ըլլաք, որոնք ձեզի օգուտ մը չունին եւ ձեզ ազատելու կարող չեն, վասն զի անոնք ոչինչ են»: Եբրայերէն բնագիրին մէջ «ոչինչ» բառը «թոհո՛ւու»ն է, ինչ որ արաբերէնով «تاه»-ն է, եւ կը նշանակէ շփոթ, անկարգութիւն, անձեւ, ամայի, անմշակ եւ անապատ: կը նշանակէ նաեւ վատնում, անիրական, երեւակայան եւ կեղծ: Առանց Աստուծոյ ամէն բան ոչինչ կ'ըլլայ:
(Ա.Թգ 12.22) Սամուէլ ժողովուրդին յայտնեց որ Տէրը Իր ժողովուրդը չի թողուր:
Ամէն վայրկեան մտածենք Տիրոջ ըրածներուն մասին, որովհետեւ եթէ պայմաններուն նայինք՝ անոնք մեզ ոչնչութեան պիտի տանին: Երբ Տիրոջ դառնանք, Անոր ներկայութիւնը մեզի հետ կ'ըլլայ: