Ինչո՞ւ փնտռել զԱստուած՝գտնելու նպատակով: Երբ ուշադրութեամբ նայիմ ինքնութեանս, Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուելուս եւ հոգի, մարմին, շունչ (Ա.Թգ 5.23) ունենալուս եւ այլ աստուածաշնչական իրականութիւններուն, չեմ կրնար երեւակայէր, թէ պետք է փնտռելով գտնեմ զԱստուած, որովհետեւ հոգիիս միջոցաւ պէտք է կարենամ ստանալ ամէն ինչ, որ պէտք է ինծի՝ Աստուծոյ տուած կեանքը ապրելու եւ Անոր հետ քալելու համար: