«Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածնէր, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի […]» (Մտ 11.29): Տէր Յիսուս կը պատուիրէ, որ Իրեն մօտենանք (հմմտ Յկ 4.7-8) հանգստանալու համար, Իր լուծը մեր վրայ առնենք (Իրեն հետ մէկ ըլլանք) ու սորվինք իրմէ: Երբ Տիրոջ կը մօտենանք, պէտք է Զինք ամէն բանէ աւելի սիրենք (Ղկ 14.26-33):