Կան երկու տեսակ նայուածքներ եւ երկու տեսակ պատերազմներ՝

  • Ներկայ պայմաններուն դիմաց մարդկային ոխը, ատելութիւնն ու ոչ Քրիստոնէական հոգին եւ միւս կողմէ հաւատքի նայուածքը:
  • Պատերազմ՝ երկրաւոր թշնամիին դէմ ֆիզիքապէս, առանց նկատի առնելու անոր ետին կեցող իսկական թշնամին, որուն յաղթելու միջոցը միայն Յիսուսն է:

Հոգեւոր Շարժաբանութիւն (dynamics) կը նշանակէ, թէ՝ հոգեւոր աշխարհին մէջ կը ներկայացուի բան մը, որ իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ երկրի վրայ:

Օրինակներ՝

  • Եղիսէի եւ Գէեզիի պարագային, երբ Եղիսէ աղօթեց, ծառային աչքերը բացուեցան, եւ ան տեսաւ, որ Աստուծոյ բանակը աւելի մեծ էր քան թշնամիին բանակը (Դ.Թգ 6.17):
  • «Ես ունիմ մահուան ու դժոխքին բանալիները» (Յյտ 1.18) այսինքն՝ Յիսուս իշխանութիւն ունի: Պէտք է ընդունինք, որ Յովհաննէս հոգիով տեսաւ (Յյտ 1.10):
  • Երեւակայէ Հերովդէսի մահը եւ բացատրութիւնը - «Իսկոյն Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար եւ որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ» (Գրծ 12.23): Հոգեւոր աշխարհին մէջ հրեշտակը զարկաւ, բայց բնականին մէջ՝ որդնալից եղաւ, այսինքն՝ մարմինը որդնոտեցաւ:
  • «Այս բաներէն ետքը տեսայ, թէ երկնքի մէջ բացուած դուռ մը կար: Առաջին ձայնը որ լսեցի՝ փողի նման էր, որ ինծի հետ կը խօսէր ու կ’ըսէր. “Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ ” (Յյտ 4.1)»: Յովհաննէս երկինք ելաւ եւ սկսաւ հոգիով տեսնել ըլլալիքները, որոնք մեծ եւ աղէտալի ազդեցութիւն պիտի ունենային երկրի վրայ...
  • Յիսուսի Օրինակը - Շատ հրաշքներով, Յիսուս ցոյց տուաւ Իր զօրութիւնը: Ձերբակալութեան ատեն Ան չուզեց գործածել Իր զօրութիւնը: Ան ըսաւ Պետրոսին. «Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ» (Մտ 26.53): Ան գիտէր, թէ աշխարհէն ելլելը մահով պիտի ըլլար, բայց ատիկա Իրեն համար պարտութիւն չէր, որովհե-տեւ հոգեւոր շարժաբանու-թեան համաձայն՝ ԻՆՔ ՅԱՂԹԱԾ ԷՐ՝ «[…] Ես աշխարհին յաղթեցի» (Յհ 16.33):

Մեր հայրերը շատ մեծ կարողութիւններ ունեցած են ամէն գետնի վրայ, բայց վերոյիշեալ շարժաբանութեան սկզբունքներով գործած են ամէն բանի մէջ:

Հայ ժողովուրդին վրայ պարտութիւն չհռչակենք, որովհետեւ մենք յաղթած ենք Քրիստոսով եւ այսօր, մեր իրաւունքները առնելու համար Տիրոջ առջեւ կը կենանք եւ Անոր սկզբունքներուն համաձայն կը խնդրենք:

Եթէ այսօր աշխարհի չորս կողմը ցրուած ենք, պայման չէ որ կորսուած ըլլանք. աշխարհի այդ շրջաններուն արթնութիւնն ու բարիքները ունինք: Տե՛ս հայերուն գրաւած դիրքերը աշխարհի չորս կողմը...

Հայերուն հասնելու եւ զանոնք պահելու դժուարութիւնը արդէն նուազած է՝ նոր արդիական միջոցներուն շնորհիւ:

Ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է.

  • Ժողովուրդին յայտնել իր թշնամին, եւ զանոնք մղել իրաւունքներ առնելու:
  • Կամ՝ ժողովուրդին հաւատքը բարձրացնել աշխարհի չորս կողմերը՝ Տիրոջ քայլերուն հետեւելով եւ հնազանդելով Անոր կամքին, որ միշտ բարիի գործակից է անոնց համար, որոնք կը սիրեն զԻնք:

Հռ 8.28- ին մէջ կը կարդանք՝ «Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիի գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են»:

Նախորդ Հրապարակում Յարութիւն Առնողը Տեսա՞ր (Ղուկաս 24.13-32)
Յաջորդ Հրապարակում Օրէնքն ու Մարգարէութիւնները Կատարուեցան