Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առնելէ եւ բաւական նշաններ երեւելէն ետք աշակերտներէն երկուքը կ’երթային դէպի Էմմաուս:
Աշակերտները ժամանակից նորութիւններուն չէին նայեր այլ անցեալի ազդեցութիւններուն հետեւանք՝ կը ցատկէին ներկայի խոստումներուն վրայէն ու յուսահատ կ'երթային դէպի Էմմաուս: Բայց անոնք Յիսուսի խօսքերը լսելով եւ խաչելութիւնն ու իմաստը ըմբռնելով կրցան տեսնել Յարութիւն առնողը եւ վերադարձան իրենց կոչումին:
«Անոնք կը խօսէին իրարու հետ այս բոլոր եղած անցքերուն վրայով» (14)
Enhanced Strong’s Lexicon բառարանին համաձայն «անցքեր» բառը «Սիմվէ‘նօ» յունարէն բառն է, որ կը նշանակէ եղածները, գլուխէն անցածը, ոտքերը (նիւթերը) իրարու մօտ քալել, հանդիպիլ մէկու մը, երկու բաներ իրարու մօտենալ, բաներ որոնք դուրս կ’իյնան նոյն ատեն:
Անոնք անցած դարձածներուն եւ դժբախտ լուրերուն շատ մօտիկ էին եւ կը խօսէին անցեալին մասին: Իրենց խօսածները անիմաստ, անօգուտ եւ ներկային կատարուածներէն զուրկ էին, որովհետեւ մինչ անոնք յուսահատ էին, երկինքը խղճոյք կը կատարուէր Սատանային գլուխը ճզմուած ըլլալուն համար:
Այս մարդիկը հաւատացեալ էին: Այսօր եւս Յիսուսով յաղթութիւն կայ, բժշկութիւն կայ, բայց մենք շատ անգամ մեր խորհուրդներով ու վիճակներով «ուրիշ տեղ կ'երթանք»:
(15-17) Յիսուս անոնց ստեղծած մթնոլորտին մէջ մտաւ եւ հարցումներ հարցուց
Մինչ այս երկու աշակերտները խորհդրածութիւն կ'ընէին, Յիսուս իրենց մօտեցաւ ու իրենց հետ քալելու սկսաւ, «բայց անոնց աչքերը բռնուած էին, որպէսզի զինք չճանչնան»:
Յիսուս թէեւ իր ինքնութիւնը ծածկած էր, բայց Աստուծոյ խօսքը արտայայտեց առանց ծածկելու:
Յիսուսի հարցումները անոնց կասկածներուն դէմ կը գործէին: Ան կ’ուզէր յարուցեալ մարմինը ցոյց տալ անոնց: Յիսուս սկիզբէն, մեր տկար բնութիւնը իր վրայ առաւ (Փլպ 2.6-9), իսկ Յարութիւն առնելէն ետք տակաւին նոյն ձեւը շարունակելով կը մօտենայ տրտմածին եւ յուսահատածին:
Յիսուս ուզեց զանոնք ներկայի մէջ բերել
Աշակերտները այպանեցին Յիսուսը, որ տեղեակ չէր կատարուածներէն (18): Այո՛, միայն Յիսուսը կար Երուսաղէմի մէջ որ յարութիւն առած էր եւ մարդոց մտածածը չէր մտածեր...
Յիսուս հարցուց «Ի՞նչ», որպէսզի զիրենք անցեալէն ներկայ բերէ: Այս մարդիկը յուսահատ կ'ապրէին, քանի որ իրապէս չէին հասկցած անցուդարձը (21):
Այս մարդիկը լսած էին Յարութեան լուրը, բայց քանի որ յուսահատ էին, մոռցած էին ամէն խոստում եւ չէին ուզած անգամ փնտռել, հապա Երուսաղէմը ձգելով՝ դէպի Էմմաուս կ'երթային (22-24):
Յիսուս զանոնք այպանեց
(25) Ըստ Յիսուսին, այս մարդոց յուսահատութիւնը իրենց սխալն էր, եւ ո՛չ թէ տկարութեան կամ չգիտնալուն հետեւանք մը:
Մեր կեանքերուն մէջ եւս յուսահատութիւնը կը տիրէ, որովհետեւ կը կապուինք մեր դժուարութիւններուն եւ ոչ թէ մեր ինքնութեան:
Յիսուս իրենց Խօսքը ճանչցուց
(26-27) Յիսուս խօսքին միջոցաւ իրենց միտքերը պայծարացուց եւ սիրտերը եւ խիղճերը ճմլեց: Սատանան կուրցուցած էր աչքերը (Բ. Կր 4.4), որովհետեւ իրենց նայուածքը թերահաւատութիւն ունէր:
(28-31) Աշակերտներուն աչքը չբացուեցան հրաշքով, հապա խաչելութիւնը ըմբռնելով:
(33) Երբ որ Յարութիւնը ճանչցան, այն ատեն իրենց կոչումին վերադարձան:
Երբ այսօր մենք Խօսքը կը կարդանք, խօսքը կապանքներ կը կոտրէ եւ մենք կը տեսնենք Յարութիւն առնողն ու Յարութեան բարիքները: Ա՛յն ատեն է որ մենք կը տեսնենք նաեւ Յարութեան զօրութիւնը (Հռ 6.9):