Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Տիրոջ գալուստին սպասող հաւատացեալներէն «որեւէ շնորհք չի պակսիր», եւ Աստուած այդ շնորհքներուն միջոցաւ «հաստատուն պիտի պահէ» զիրենք, որպէսզի «անմեղադրելի» ըլլան «Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանին օրը» (Ա.Կր 1.7-8):
Վստահէ՛ Տիրոջ
Աստուածաշունչը կ'ուզէ, որ հաւատացեալները վստահին Աստուծոյ պարգեւած շնորհքներուն եւ լաւ բռնուին Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան հաղորդակից դառնալու կոչին, որուն մասին Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ. «9Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց՝ հաղորդակից դառնալու իր Որդիին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի» (տե՛ս Ա.Կր 1.7-9):
Հաղորդակից՝ Շնորհքի Կեանքին
Նոյն խոստումը մեր Տէր Յիսուս անձամբ կ'ընէ, հաստատելով, որ շնորհքները կիրարկելու մէջ ալ հաղորդակից ենք: Ան կ'ըսէ. «Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ ես կ'ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ, որովհետեւ ես Հօրս քով կ'երթամ» (Յհ 14.12):
Եփ 4.7-ին մէջ կը հաստատուի, թէ բոլոր հաւատացեալները շնորհք ստացած են Քրիստոսէն. «Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհք մը տրուած է, Քրիստոսի պարգեւած չափով»:
Պօղոս առաքեալ Հռոմի հաւատացեալներուն կը յայտնէ թէ, «[...] Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք» (Հռ 12.6, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
Տրուած Են Ընդհանուրին Օգուտին Համար
Պետրոս առաքեալ կ'իմացնէ, թէ շնորհքները հասարակաց օգուտին համար գործածելու ենք. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես՝ իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ» (Ա.Պտ 4.10): Կորնթացիներուն ղրկուած առաջին նամակին 12-րդ գլուխին մէջ Պօղոս կը յայտնէ, թէ Աստուած իւրաքանչիւրին շնորհք կու տայ, եւ Սուրբ Հոգին զանոնք կը բաշխէ Յիսուսի պաշտօնեաներուն՝ ընդհանուրին օգուտին համար:
Պարգեւները Միջոց Են Յայտնութեան
Պարգեւներով ծառայելու առաքելութիւնը աշխարհին յայտնելու է, թէ սկիզբէն խոստացուած փրկութիւնը Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ եւ զոհողութեամբ կատարուեցաւ: Իսկ նկատելով, որ աշխարհը Յիսուսի փրկարար առաքելութեան նկատմամբ բազմատեսակ բացատրութիւններ ունի եւ կը մերժէ խոստովանիլ, թէ Ան «Տէր է» (տե՛ս Փլպ 2.11), Սուրբ Հոգին ճշմարտութիւնը փնտռողներուն կու տայ պարգեւներ, որպէսզի անոնք մերժողներուն դիմաց խոստովանին, թէ «Յիսուս Տէր է»:
Ինը Շնորհքները
Յիսուս Քրիստոսի փրկագործութեան մասին հարազատ բացատրութիւն ունենալու, զօրութիւնը ճանչնալու եւ երկնաւոր իրականութիւնները երկրաւորի թարգմանելու համար, Սուրբ Հոգին ինը գերբնական պարգեւներով կը հովանաւորէ Եկեղեցին, որպէսզի անիկա ծառայէ անոնցմով եւ աշխարհին յայտնէ ճշմարտութիւնը, որպէսզի «[...] Ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս «Տէր» է, Հայրն Աստուածը փառաւորելու համար» (Փլպ 2.11):
Ա.Կր 12.7-10-ին մէջ կը տեսնենք, թէ «Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը, հասարակաց օգուտին համար»:
«Այսպէս, Սուրբ Հոգին մէկուն կարողութիւն կու տայ իմաստութեամբ յորդորելու», այսինքն՝ ապագայի մասին յայտնութիւն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ:
«Միւսին՝ նոյն Հոգին կարողութիւն կու տայ հոգեւոր գիտութեան հասնելու եւ ուսուցանելու», այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ անցեալի եւ ներկայի վերաբերող բոլոր պէտքերը յայտնել:
«Նոյն Հոգին երրորդի մը հաւատք կու տայ», այսինքն՝ գերբնական հաւատք զգալ եւ անկէ առաջնորդուած ծառայելով՝ հռչակումներ ընել:
«Ուրիշի մը բժշկելու զօրութիւնը», այսինքն՝ առողջութիւնը վերահաստատելու (կարդա՛ Գրծ 3.7, 19.12), նոյնիսկ ժամանակաւորապէս մահուան սահման դնելու կարողութիւնը (կարդա՛ Գրծ 9.40, 20.9-10):
«Ուրիշի մը՝ հրաշագործութեան կարողութիւն», այսինքն՝ բնութեան բնական ընթացքը փոխելու՝ Աստուծոյ նպատակներուն համաձայն: Յիսուս հինգ հացը եւ երկու ձուկը հինգ հազար հոգիի կերակրեց (Մտ 14.13-21): Ան Ղազարոսը կեանքի կանչեց (Յհ 11): Յեսու արեւը եւ լուսինը «իրենց տեղը կեցուց» (Յես 10.12):
«Ուրիշի մը՝ մարգարէական պատգամախօսութիւն», այսինքն՝ Աստուծոյ խօսքը ժողովուրդին յայտնելու կարողութիւնը (կարդա՛ Ա.Կր 14.3):
«Ուրիշ մէկուն, Հոգիէն տրուած պարգեւները ճանչնալու կարողութիւն», այսինքն՝ հոգեւոր աշխարհի վերաբերող բոլոր բաները տեսնելու եւ ճանչնալու կարողութիւնը: Օրինակ՝ Պօղոս իրենց համար լաւ խօսքեր ըսող կնոջ մէջ պիղծ ոգիի մը գոյութիւնը ճանչցաւ (Գրծ 16.16-18):
«Ուրիշի մը՝ յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսելու շնորհք», այսինքն՝ յափշտակութեան վիճակի մէջ անհասկնալի լեզուներ խօսելու շնորհքը (տե՛ս Ա.Կր 14.1-2):
«Իսկ ուրիշի մը՝ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու կարողութիւնը», այսինքն՝ օտար լեզուներով խօսուած երկնային խորհուրդները բացատրելի ընելու կարողութիւնը:
Զօրութեան Մասին Քարոզելու
Աստուծոյ Սուրբ Հոգին Քրիստոսով ձեզի կու տայ այդ բոլոր բաները. «Եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա.Պտ 2.9բ):
Հետեւաբար, «Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց՝ հաղորդակից դառնալու իր Որդիին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի» (տե՛ս Ա.Կր 1.7-9):