Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Տիրոջ գալուստին սպասող հաւատացեալներէն «ոեւէ շնորհք չի պակսիր», եւ Աստուած այդ շնորհքներուն միջոցաւ «հաստատուն պիտի պահէ» զիրենք, որպէսզի «անմեղադրելի» ըլլան «Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանին օրը»:
Վստահէ՛ Տիրոջ
Աստուածաշունչը կ'ուզէ, որ հաւատացեալները վստահին Աստուծոյ պարգեւած շնորհքներուն եւ լաւ բռնուին Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան հաղորդակից դառնալու կոչին, որուն մասին Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ. «Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց՝ հաղորդակից դառնալու իր Որդիին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի» (տե՛ս Ա.Կր 1.7-9):
Հաղորդակից՝ Շնորհքի Կեանքին
Նոյն խոստումը մեր Տէր Յիսուս անձամբ կ'ընէ, հաստատելով, որ շնորհքները կիրարկելու մէջ ալ Իրեն հաղորդակից ենք: Ան կ'ըսէ. «Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ ես կ'ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ, որովհետեւ ես Հօրս քով կ'երթամ» (Յհ 14.12):
Այսինքն՝
« 4 Արդ, անոնք՝ որ անգամ մը լուսաւորուելով մկրտուելէ, երկնային պարգեւները վայելելէ, Սուրբ Հոգիին հաղորդակից դառնալէ, 5 Աստուծոյ բարի խօսքը ճաշակելէ եւ հանդերձեալ աշխարհի սքանչելիքներուն նախաճաշակը առնելէ ետք» (Եբր 6.4-5):
Եփ 4.7-ին մէջ կը հաստատուի, թէ բոլոր հաւատացեալները շնորհք ստացած են Քրիստոսէն. «Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհք մը տրուած է, Քրիստոսի պարգեւած չափով»:
Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներուն կը յայտնէ թէ, «[...] Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք […]» (Հռ 12.6):
Տրուած Են՝ Ընդհանուրին Օգուտին Համար
Պետրոս առաքեալ կ'իմացնէ, թէ շնորհքները հասարակաց օգուտին համար գործածելու ենք. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես՝ իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ» (Ա.Պտ 4.10):
Պօղոս Կորնթացիներուն ղրկուած առաջին նամակին 12-րդ գլուխին մէջ կը յայտնէ, թէ Աստուած իւրաքանչիւրին շնորհք կու տայ, եւ Սուրբ Հոգին զանոնք կը բաշխէ Յիսուսի պաշտօնեաներուն՝ ընդհանուրին օգուտին համար:
Պարգեւները Միջոց Են Յայտնութեան
Այդ առաքելութիւնը աշխարհին յայտնելու է, թէ սկիզբէն խոստացուած փրկութիւնը Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ եւ զոհողութեամբ կատարուեցաւ: Իսկ նկատի ունենալով, թէ աշխարհը Յիսուսի փրկարար առաքելութեան նկատմամբ բազմատեսակ բացատրութիւններ ունի եւ կը մերժէ խոստովանիլ, թէ Ան «Տէր է» (տե՛ս Փլպ 2.11), Սուրբ Հոգին ճշմարտութիւնը փնտռողներուն կու տայ պարգեւներ, որպէսզի անոնք մերժողներուն դիմաց խոստովանին (վկայեն, դաւանին), թէ «Յիսուս Տէր է»:
Ինը Պարգեւները
Յիսուս Քրիստոսի փրկագործութեան մասին հարազատ բացատրութիւն ունենալու, զօրութիւնը ճանչնալու եւ երկնաւոր իրականութիւնները երկրաւորի թարգմանելու համար, Սուրբ Հոգին ինը գերբնական պարգեւներով կը հովանաւորէ Եկեղեցին, որպէսզի անիկա ծառայէ անոնցմով եւ աշխարհին յայտնէ ճշմարտութիւնը, որպէսզի «[...] Ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս «Տէր» է, Հայրն Աստուածը փառաւորելու համար» (Փլպ 2.11):
Ա.Կր 12.7-10-ին մէջ կը տեսնենք , թէ «Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը, հասարակաց օգուտին համար»:
«Այսպէս, Սուրբ Հոգին մէկուն կարողութիւն կու տայ իմաստութեամբ յորդորելու», այսինքն՝ ապագայի մասին յայտնութիւն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ:
«Միւսին՝ նոյն Հոգին կարողութիւն կու տայ հոգեւոր գիտութեան հասնելու եւ ուսուցանելու», այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ անցեալի եւ ներկայի վերաբերող բոլոր պէտքերը յայտնել:
«Նոյն Հոգին երրորդի մը հաւատք կու տայ», այսինքն՝ գերբնական հաւատք զգալ եւ անկէ առաջնորդուած ծառայելով՝ հռչակումներ ընել:
«Ուրիշի մը բժշկելու զօրութիւնը», այսինքն՝ առողջութիւնը վերահաստատելու (կարդա՛ Գրծ 3.7, 19.12), նոյնիսկ ժամանակաւորապէս մահուան սահման դնելու կարողութիւնը (կարդա՛ Գրծ 9.40, 20.9-10):
«Ուրիշի մը՝ հրաշագործութեան կարողութիւն», այսինքն՝ բնութեան բնական ընթացքը փոխելու՝ Աստուծոյ նպատակներուն համաձայն: Յիսուս հինգ հացով եւ երկու ձուկով հինգ հազար հոգի կերակրեց (Մտ 14.13-21), կամ Ղազարոսը կեանքի կոչելը (Յհ 11): Յեսու արեւը եւ լուսինը իրենց տեղը կեցուց (Յես 10.12):
«Ուրիշի մը՝ մարգարէական պատգամախօսութիւն», այսինքն՝ Աստուծոյ խօսքը ժողովուրդին յայտնելու կարողութիւնը (կարդա՛ Ա.Կր 14.3):
«Ուրիշ մէկուն, Հոգիէն տրուած պարգեւները ճանչնալու կարողութիւն», այսինքն՝ հոգեւոր աշխարհին վերաբերող բոլոր բաները տեսնելու եւ ճանչնալու կարողութիւնը. օրինակ՝ Պօղոս իրենց համար լաւ խօսքեր ըսող կնոջ մէջ պիղծ ոգիի մը ներկայութիւնը ճանչցաւ (Գրծ 16.16-18):
«Ուրիշի մը՝ յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսելու շնորհք», այսինքն՝ յափշտակութեան վիճակի մէջ անհասկնալի լեզուներ խօսելու պարգեւը (տե՛ս Ա.Կր 14.1-2):
«Իսկ ուրիշի մը՝ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու կարողութիւնը», այսինքն՝ օտար լեզուներով խօսուած երկնային խորհուրդները բացատրելի դարձնելու կարողութիւնը:
Գերբնական Պարգեւները
Պէտք է հասկնալ, ըմբռնել եւ ընդունիլ, թէ գերբնական պարգեւները եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր հաւատացեալին (բոլոր հաւատացեալներուն) կը պատկանին եւ կարելի է Պօղոսի ներկայացուցած ձեւէն հասկնալ անոնց բաժնուելու (բաշխուելու) եւ աշխատելու ձեւը:
- Պօղոս հինգ տարբեր բառեր կը գործածէ (անոնց կ'աւելցնենք վեցերորդ բառ մը Եբրայեցիներուն ղրկուած նամակէն առնուած, որուն հեղինակը անյայտ է):
1. ‘Charismata’ (Ա.Կր 12.4,9,31) «Շնորհքներ եւ պարգեւներ», այսինքն՝ Շնորհուած պարգեւներ եւ հոգեւոր նուէրներ:
2. ‘pneumatikos’ նիւմաթիքոս (Ա.Կր 12.1,14.1,12) Հոգեւոր պարգեւներ եւ դրսեւորումներ:
3. ‘phanerosis’ (Ա.Կր 12.7) Յայտնութիւն, յայտնաբերում
4. ‘diairosis’ (Ա.Կր 12.4,5,6,11) (diaireo) Զանազան, զանազան բաժիններու բաժնող, զանազան ներգործութիւններ եւ զատ զատ բաժնել:
5. ‘energeo’ (Ա.Կր 12.11) Ներգործել
6. ‘merismos’ (Եբր 2.4) Բաշխել, տալ
Այս բառերը իրարու միացնելով ‘Charismata’-ին իսկական բնոյթին գեղեցիկ մէկ պատկերը կը տեսնենք:
1. ‘Energeo’-ն ուժգին կը հնչէ Սուրբ Հոգիին գերբնական եւ ներգործող աշխատանքին մասին: (Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը կը հանգչի անձի մը մէջ եւ անձը Անոր մեծ, սքանչեցնող զօրութիւնը կը զգայ):
2. ‘Charismata’-ն անձին կ'իմացնէ, թէ անոնք մարդուն կարողութեան սահմաններէն անդին են, բայց Աստուած զանոնք կու տայ ձրիօրէն, Իր առատ ողորմութեամբ:
3. ‘Pneumatikos’ եւ ‘phanerosis’, Պարգեւը գործածող անձը փորձառաբար կը հասկնայ, թէ պարգեւները կարճատեւ եւ զարմանալի յայտնաբերումներն են Սուրբ Հոգիին:
4. ‘Diairosis’ եւ ‘merismos’ կ'ապացուցեն, թէ պարգեւները միշտ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ կարողութեամբ կը կիրարկուին: Անոնք ծառայութեան նպատակով եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամին կը բաժնուին, Հոգիին ուզած ձեւով, հասարակաց օգուտին համար:
- Գերբնական պարգեւները ստացողին սեփականը չեն դառնար:
1. Անոնք պարգեւ են (կը կոչուին) որովհետեւ ձրիօրէն կը շնորհուին, անվաստակ են, Աստուծոյ բարիքն են:
2. ‘Charismata’-ն աւելի քան շնորհուած պարգեւ կարելի է ըսել.
- «Սուրբ Հոգիով կատարուած յայտնաբերումներ» է:
Հոգիով լեցուն իւրաքանչիւր հաւատացեալի հասողութեան սահմանին մէջն են պարգեւները եւ ատոնք միայն յատուկ մարդոց վերապահուած չեն:
- Հետեւաբար, արգիլուած է արժեւորել մարդիկ իրենց հոգեւոր պարգեւերուն համար:
Սիրելինե՛ր, շնորհքները, ըլլան
- ‘Dorea’ - Տրուած պարգեւ մը, որ տեւական սեփականդ կ'ըլլայ եւ աւելի ակնարկ է հնգեակ ծառայութեան պարգեւներուն ու եզակի ձեւով գործածուած է (Եփ 4.7), որոնց մասին Աստուածաշունչը կը յայտնէ (Գրծ 2.38, 8.20, 10.45, 11.17)).
- Կամ Charisma’ (որ կը գործածուի բարիք ընելու համար ու կ'ակնարկէ Աստուծոյ շնորհքին, որ բնաւ մնայուն կերպով չի գործեր եւ յոգնակի ձեւով գործածուած է (Տե՛ս Ա.Կր 12.8-10)):
- Այս բոլորը կը խօսին Սուրբ Հոգիին պարգեւներուն մասին եւ մեր Աստուծոյն կը պատկանին եւ Անոր զօրութեան կ'ակնարկեն:
I. ‘Charismata’-ն յատուկ առիթներու համար է
- ‘Charismata’-ն իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար է:
- Արդեօք գործելու (անոնց գործելաձեւին) եւ ժամանակին (գործելու ժամանակին) համար ի՞նչ կ'ըսէ Պօղոս:
- «Այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը ներգործէ եւ ամէն մէկուն զատ զատ կը բաժնէ՝ ինչպէս ուզէ» (11):
- Իւրաքանչիւր պարգեւ պիտի յայտնուի Հոգիին կամեցած ձեւովը:
- Ե՞րբ կը տրուի կամ կը կամի:
- 1. Երբ ընդհանուրին շահին մասին կը խորհինք:
- «Բայց ամէն մէկուն Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է բոլորին շահուն համար» (7):
Այդ պատճառով. «... դուք նախանձաւոր եղէք այն շնորհքներուն համար, որոնք լաւագոյնն են...» (31):
- «Լաւագոյնը» “megas” այսինքն՝ «մեծագոյն»ը, ոչ թէ ակնարկ է որակին կամ բնոյթին, հապա լաւագոյնը ակնարկ է օգտակարին կամ արժէքաւորին:
- Հետեւաբար, «նախանձաւոր եղէք» կը նշանակէ, քեզի եւ քու եկեղեցիիդ համար լաւագոյնը ընել, որեւէ տեղի եւ ժամանակի մէջ:
- Ո՛չ մէկ պարգեւ ինքնին միւսէն գերադաս է, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իր կարեւորութիւնը ունի:
Լաւագոյն միջոցը «սէրն» է:
Զօրութեան Մասին Քարոզելու
Աստուծոյ Սուրբ Հոգին Քրիստոսով ձեզի կու տայ այդ բոլոր բաները. «Եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա.Պտ 1.9):
Հետեւաբար, «Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց՝ հաղորդակից դառնալու իր Որդիին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի» (տե՛ս Ա.Կր 1.7-9):