Այս օրուան մեր նիւթը աստուածաշնչական համարներու միջոցաւ մեզի պիտի սորվեցնէ, որ ունենանք ծառայելու համար պատրաստ սիրտ մը: Եթէ միասին կարդանք Առ 3.1-12-ը պիտի նկատենք, թէ Սուրբ Հոգին հեղինակին միջոցաւ կը շեշտէ հնազանդիլ՝ խօսքին յաջողութեան համար:
«Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, Հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. 2 Վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ Եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն: 3 Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն. Զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ, Քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք: 4 Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես: 5 Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ Եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր: 6 Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ: 7 Դուն քու աչիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ: 8 Ասիկա քու 1‡ ջիղերուդ առողջութիւն Եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն պիտի ըլլայ:
9 Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով 10 Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի: 11 Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր Ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. 12 Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ»:
Նուիրուած ըլլալով հանդերձ, Յիսուսի աշակերտները տակաւին անվարժ էին առաքելութեան պահանջներուն նկատմամբ: Յիսուս գիտէր, թէ երբ Սուրբ Հոգին գար, Իր շնորհքները պիտի թափէր միայն անոնց վրայ, որոնք իրենց սիրտերը նուիրած էին Յիսուսի նկարագիրով կերտուելու գործին (հմմտ Գրծ 2.4):
Յիսուս կը փափաքէր, որ աշակերտները աւելի մօտէն ծանօթանային Իր առաքելութեան, որովհետեւ Սուրբ Հոգին անոնց նորոգուած սիրտերուն միջոցաւ էր, որ զԻնք աշխարհին պիտի ծանօթացնէր. «Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի» (Յհ 16.14):
Հետեւիլ, Այսինքն՝ Յարաբերիլ
Իրեն հետեւիլ եւ Իրմէ սորվիլ ուզող հաւատացեալներուն դիմաց Յիսուս յատուկ պայմաններ չէր դներ, այլ՝ կը թելադրէր, որ հետեւէին Իրեն եւ ճանչնային զԻնք՝ յարաբերութեան միջոցաւ (Յհ 1.43: Մտ 4.19,22, 8.22, 9.9).
«Յաջորդ օր Յիսուս մտադրեց Գալիլեա երթալ: Տեսաւ Փիլիպպոսը եւ ըսաւ անոր.-Հետեւէ՛ ինծի» (Յհ 1.43):
«Յիսուս ըսաւ անոնց.- Հետեւեցէ՛ք ինծի եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ» (Մտ 4.19):
« 22 Յիսուս պատասխանեց.- Դուն հետեւէ՛ ինծի, եւ ձգէ որ մեռելները թաղեն իրենց մեռելները» (Մտ 8.22):
« 9 Յիսուս այդտեղէն քիչ մը առաջ երթալով՝ տեսաւ մաքսաւոր մը, Մատթէոս անունով, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր.- Հետեւէ՛ ինծի» (Մտ 9.9):
Տէրը բոլոր կանչուածներուն նոյն բանը առաջարկեց: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք ուրիշ բաներ աւելի առաջ կը դասէին, աւելի կը սիրէին քան Տէր Յիսուսը, բացայայտօրէն ըսաւ անոնց.
« 37 Ով որ իր հայրն ու մայրը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ ինծի: Եւ ով որ իր տղան կամ աղջիկը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ ինծի: 38 Ան որ իր խաչը չ’առներ եւ ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի» (Մտ 10.37-38):
Հետեւէ՛, որպէսզի աշխարհը քեզի հետեւի եւ մերժէ՛ կոչուիլ հետեւորդ Յիսուսի՝ եկեղեցի մը յաճախելուդ համար:
Սուրբ Հոգին կրնայ քեզ Յիսուսի դեսպանն ու ներկայացուցիչը ընել աշխարհին համար:
- Հռ 8.9 եւ Բ.Կր 3.17-18-ին համաձայն, Ան կրնայ ամէն ձեւով քեզ մաքրել, ազատել եւ փոխել:
Մինչ Տէր Յիսուսի կը հետեւիս, բարձրացի՛ր աշխարհի մակարդակով եւ գտի՛ր ազդեցութիւն բանեցնող լեռը, որուն միջոցաւ Քրիստոնէական ազդեցութիւն պիտի բերես ժողովուրդներուն վրայ:
Յարաբերիլ, Այսինքն՝ Սիրել
Հետեւիլ կը նշանակէ յարաբերիլ, եւ յարաբերիլ կը նշանակէ անձնական փորձառութեամբ ճանչնալ Անոր սէրը:
Տէր Յիսուս կ'ուզէր, որ աշակերտները Իրմէ սորվէին (Մտ 11.29) ու Իրեն պէս «ծայր աստիճան» (Յհ 13.1) սիրէին:
- Տէր Յիսուս կը հաւատար, թէ աշակերտները Իրեն հետեւելով եւ յարաբերութեան ճամբով, Իրեն հետ մտերմութիւն շինելով միայն կրնային սորվիլ եւ փրկագործական սիրով սիրել զիրար ինչպէս նաեւ աշխարհին յայտնել, թէ Յիսուսի աշակերտներն էին. «Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13. 35): Այդ բանէն տեղեակ էին նոյնիսկ պիղծ ոգիները (տե՛ս Գրծ 19.11-20):
Սիրողը Կը Զոհուի Կամ Գին Վճարել Գիտէ
Յիսուս կ'ուզէր, որ անոնք ունենային սէր մը, որ զոհուիլ գիտէր. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յհ 15.13):
Սէրը Փրկութիւն Կը Փափաքի
Յիսուս կ'ուզէր, որ Իր աշակերտները Իրեն նմանէին եւ օտարն ու մեղաւորը փրկելու համար սէր եւ փափաք ունենային. «Ճիշդ այդ ատեն աշակերտները վերադարձան եւ զարմացան որ Յիսուս կնոջ հետ կը խօսէր. բայց անոնցմէ ոչ ոք հարցուց՝ “Ի՞նչ կ'ուզես”, կամ “Ի՞նչ կը խօսիս անոր հետ”» (տե՛ս Յհ 4.1-30):
Սէրը Կ'օգնէ Եւ Կը Հոգայ
Յիսուս կ'ուզէր սէր մը, որ օտարին օգնելու եւ հոգալու պատրաստակամութիւնը ունի եւ որպէս օրինակ ան պատմեց Բարի Սամարացիին առակը. «Պատահեցաւ որ քահանայ մը նոյն ճամբայէն կ'անցնէր: Տեսաւ վիրաւորը, բայց ճամբան շեղելով՝ անցաւ գնաց: Ղեւտացի մըն ալ նոյն տեղէն անցնելու ատեն՝ տեսաւ վիրաւորը եւ ինքն ալ շրջանցեց գնաց: Բայց Սամարացի մը, որ հոնկէ կ'անցնէր, տեսաւ վիրաւորը եւ գթաց անոր: Մօտեցաւ եւ վէրքերը փաթթեց՝ անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով. ապա դրաւ իր գրաստին վրայ եւ տարաւ պանդոկ մը ու զայն խնամեց: Յաջորդ օր, երբ պանդոկէն պիտի մեկնէր, պանդոկապետին երկու արծաթ դահեկան տուաւ եւ ըսաւ. “Խնամէ՛ զայն, եւ ինչ ծախս որ ընես իրեն համար՝ յաջորդ գալուս կը վճարեմ”» (Ղկ 10.31-35):
Սէրը Սահման Չի Դներ
Յիսուս կ'ուզէր, որ Իր աշակերտները զինուած ըլլային սիրով՝ շնորհքները յաջողութեամբ մատակարարելու համար: Որովհետեւ. «Սէր ունեցողը համբերատար կ'ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ: Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ'ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ'ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ'ըլլայ ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա.Կր 13.4-7):
Սէրը Կը Սիրէ Գործադրել Պատուիրանը
Առիթով մը Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք իմ պատուիրաններս» (Յհ 14.15). այսինքն՝ վերեւ յիշուած պատուիրանները կամ կեանքի ուսուցումները:
Հաւատացեալը Կը Մղուի Սէրէն՝ Ո՛չ Պայմաններէն
Յիսուս աշակերտներուն ուշադրութեան կ'ուզէր յանձնել, թէ վերոյիշեալ սիրոյ Հոգին աշխարհի կողմէ ճանչցուած եւ ընդունուած չէ, հետեւաբար հաւատացեալները աշխարհի յառաջացուցած պայմաններէն մղուած պէտք չէ որոշեն իրենց ընթացքը կամ վարմունքը.
«Աշխարհը չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն: Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեր հետ պիտի ըլլայ …» (Յհ 14.17):
Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ, թէ «Սէրը Աստուծոյ պարգեւն է» (Ա.Յհ 4.7), եւ առանց սիրոյ ոչ ոք Աստուծմէ կը ծնի կամ զԱստուած կը ճանչնայ (Տե՛ս Յհ 14.7):
Բոլորին Հետ Սիրով Ապրէ՛ Նոյնիսկ Եթէ Համաձայն Չըլլաս
Մեր Տէրը անմեղութեամբ կատարեց Իր երկրաւոր առաքելութիւնը: Ան կը մերժէր մեղքը եւ ամէն արարք, որ Աստուծոյ թշնամի է: Բայց Իր առաքելութեան ընթացքին կը տեսնենք, թէ Ան հանդիպեցաւ մարդոց, որոնք մեղաւոր էին, կամ ուրիշներու՝ որոնք ողորմութիւնը գտնելէ ետք նորէն մեղաւոր կեանքը ապրելու ատակ եղան, բայց Ան Իր սիրովը վարուեցաւ բոլորին հետ:
Յիսուսի Օրինակով Ապրինք
Կարդա՛ Յհ 5.1-14:
Տեսնելով հանդերձ, որ անդամալոյծ մարդը 38 տարիէ ի վեր մեղքի պատճառով կը տառապէր եւ բժշկուելէն ետք ալ մեղքի մէջ իյնալու ատակ էր, Յիսուս տակաւին բժշկեց զայն եւ ա՛պա զգուշացուց, ըսելով. «Ահա առողջացար. այլեւս մի՛ մեղանչեր, որպէսզի աւելի գէշը չպատահի քեզի»: Աւանդութիւնը կ'ըսէ, թէ այդ մարդը Յիսուսը ապտակող առաջին անձը եղաւ:
Կարդա՛ Յհ 18.3-10 եւ Ղկ 22.51:
Տեսնելով զԻնք փնտռող զինուորներու գունդը եւ իմանալով անոնց չարակամութիւնն ու վարքը, Յիսուս չվարանեցաւ բժշկելու Քահանայապետին ծառային՝ Մաղքոսի ականջը: Մաղքոս՝ թէեւ ֆիզիքապէս թշնամիին կողմն էր, սակայն Աստուծոյ ծրագիրին համաձայն փրկուելու կոչուած էր:
Նոյնպէս մենք, ծառայութեան ընթացքին պիտի հանդիպինք պայմաններու, որոնք կը հակասեն մեր հաւատքին: Մեր շնորհքները կը կիրարկուին միայն սիրով. սէր մը, որ Յիսուսի վերոյիշեալ նկարագիրով կերտուած է: