Ծոմապահութեան համար յունարէն բայը՝ «նէսդիյ՛օ», կը նշանակէ՝ «մնալ առանց խմելու եւ ուտելու»:
Շատերու համար ծոմապահութիւնը կարեւոր է: Զանազան կրօններու համար, ծոմապահութիւնը ինքնազսպումի միջոց է:
Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ կողմէ ծոմապահութեան համար տրուած միակ պատուէրը քաւութեան օրուան (Ղւ 23.27) ծոմապահութիւնն էր: Ծոմապահութեան համար ժամանակ չէ տրուած. Աստուծոյ Խօսքը եւ Սուրբ Հոգին ատիկա ձգած են մարդուն սիրտին եւ հոգիին:
Փարիսեցիներուն համար, ծոմ ընելը արդարութիւնը ներկայացնող միջոցներէն մէկն էր: Անոնց կեդրոնացումը մարդոց կողմէ ճանչցուիլ ու գովուիլ էր եւ այդ պատճառով ալ անոնք կորսնցուցած էին Աստուծոյ օրհնութիւնը: Կեղծաւորութեամբ ծոմ ընելը վարձատրութիւն կը գողնայ (Մտ 6.16): Կեղծաւորութեամբ ծոմ ընողները կը ստանան միայն մարդոց անցողական գովասանքը Աստուծոյ յաւիտենական վարձատրութեան հաւանութիւնը ստանալու փոխարէն: Անոնք կ'աղօթեն առանց պատասխան ստանալու եւ աճ չեն ունենար:
Պէտք է մենք ձգտինք զԱստուած հաճեցնել եւ ո՛չ մարդիկը: Ընդունելի ծոմապահութիւնը աւելի քան անձնական փափաքներու իրականացում, Աստուծոյ ծրագիրին միանալը եւ Անոր գործերուն ու փրկութեան ծրագիրին մէջ մասնակցութիւն բերելն է: Աստուած ընդունելի ծոմապահութեան մասին կը խօսի Ես 58.6-7-ին մէջ:
Ծոմապահութիւնը կը կատարուի աղօթքով, մեղքերու խոստովանութեամբ, սրտանց սգալով եւ ես-ը նուաստացնելով: Աստուածաշունչին մէջ կան շատեր, որոնք ծոմապահութիւն ընելով՝ արդիւնք տեսան, ինչպէս օրինակ Դանիէլը, որ երկնային օրհնութիւն ստացաւ պատահելիքը իմանալու եւ բացատրութիւն ստանալու համար (Դն 9.3, 10.1-21) կամ Պետրոս, որ առաքելութեան համար առաջնորդութիւն ստացաւ (Գրծ 10.30):
Ծոմապահութիւնը կամ պահքը առանձին զօրութիւն չեն գոյացներ: Երբ ծոմ կամ պահք կը կատարուի, արիւնը յատուկ մաքրագործում մը կ'ունենայ, ինչ որ կ'օգնէ ենթակային կամ հաւատացեալին աւելի կեդրոնացում ունենալու եւ լուրջ զգացումներով Աստուծոյ առջեւ կենալու մէջ: Լուրջ կերպով Տիրոջ առջեւ կենալը հաւատքի տոկոս մըն է, որուն դիմաց Աստուած պատասխան կու տայ: