Այս գլուխը կը խօսի երեսուներկրորդ գլուխին մէջ պատահած դէպքերուն իբրեւ հետեւանք Աստուծոյ եւ Մովսէսին միջեւ եղող հաղորդակցութեան մասին:
Անիկա մեզի կը յայտնէ, թէ որպէս Քրիստոնեաներ, մեր Տէր Աստուածը ճանչնալը ամենակարեւոր բանն է, ու ներքնապէս եւ փորձառաբար ճանչնալու միակ միջոցը Անոր ճամբաները ճանչնալն է:
Հմր 1 «Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր դուն ու ժողովուրդն ալ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր ու գնա՛ այն երկիրը, որուն համար երդում ըրի Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զայն’» (Ելք 33.1):
Ժողովուրդը ոսկիէ հորթը պաշտելու մեղքը գործելէն ետք, Աստուած որպէս պատիժ ըսաւ, թէ ժողովուրդը խոստացուած երկիրը պիտի տանի հրեշտակի մը միջոցաւ, բայց Ինք ներկայ պիտի չըլլայ:
- Աստուած ժողովուրդը խոստումէն չի զրկեր՝ հայրերուն տրուած խոստումին համար, բայց Ինք անոնց հետ չ'երթար:
- Թերեւս դուն Քրիստոսով փրկուած ես, բայց մի՛ բաւարարուիր առանց Անոր ներկայութեան կեանք մը ապրելով: Ատիկա պատիժ է քու անձիդ համար:
- « 2 Քու առջեւէդ հրեշտակ մը պիտի ղրկեմ ու Քանանացին, Ամօրհացին, Քետացին, Փերեզացին, Խեւացին ու Յեբուսացին պիտի վռնտեմ: 3 Կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի ելլես. բայց ես ձեզի հետ պիտի չելլեմ, քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես. չըլլայ որ քեզ ճամբուն մէջ բնաջինջ ընեմ» (Ելք 33.2-3):
- Գործը լիուլի պիտի կատարուէր:
- Աստուած Իր եւ Իր հրեշտակին տանելուն միջեւ տարբերութիւն մը կը դնէ:
- Ուրիշ աստուած մը պաշտելու պատիժն էր ատիկա:
- Շատ անգամ հաւատացեալները իրենք զիրենք կը պատժեն, երբ իրենց առօրեան բաներ աստուածացնելով կ'ապրին:
- Ժողովուրդին խստապարանոց ըլլալը արգելք էր, որ Տէրը Իր գործը կատարէր: Թէեւ Ան կ'ուզէ այդ մէկը ընել, բայց կարելի չէր, որովհետեւ ատիկա պատճառ պիտի ըլլար, որ ճամբուն ընթացքին Ան բնաջինջ ընէր զանոնք:
- «Խստապարանոց»՝ եբրայերէնով «քշշեհ» բառը կը նշանակէ.
- Ծուռ վիզ
- Դժուար
- Կոշտ, անտաշ, կոպիտ
- Դաժան
- Ծանր
- Կարծր սիրտ
- Յամառ
- Կատաղի
- Պինդ, բուռն
Ասոնք բոլորն ալ նկարագիրի հետ կապուած են:
Թէեւ փրկուած ես, բայց խստապարանոց ըլլալդ արգելք է, որ Տիրոջ ներկայութեան մէջ ապրելու փորձառութիւնը վայելես:
Հմր 4 « 4 Երբ ժողովուրդը այս չար խօսքը լսեց, սուգ ըրաւ եւ մէ՛կը իր զարդը իր վրայ չդրաւ»:
Ժողովուրդը հասկցաւ Տիրոջ բացակայութեան ազդեցութիւնը: Սա կը նշանակէ, թէ ան լաւ հասկցած էր, ու գիտէր, թէ ի՞նչ կը պահանջէր Անոր ներկայութիւնը:
Այդ դէպքերէն ետք, Մովսէս խորանը բանակին դուրսի կողմը դրաւ եւ անոր անունը «Վկայութեան խորան» դրաւ:
Տիրոջ ներկայութիւնը ժողովուրդին մէջէն ելաւ (հմր 7) եւ բոլորին երեւելի էր (հմր 10), որ երբ Մովսէս խորանը մտնէր, ամպի սիւնը կ'իջնէր ու խորանին դուռը կը կայնէր եւ Տէրը Մովսէսին հետ կը խօսէր (հմր 9):
- Երբ մեր սիրտին «Վկայութեան խորանը» կը մտնենք, անջատուելով մեր մարմնաւոր բոլոր պայմաններէն, ու մեր անձը նուիրումով կը սպասէ Տիրոջ ներկայութիւնը, պիտի տեսնենք եւ զգանք:
Մովսէսին Մտահոգութիւնը
Հմր 12-13 « 12 Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Նայէ՛, դուն կ’ըսես ինծի՝ ‘Հանէ՛ այս ժողովուրդը’. բայց դուն ինծի չգիտցուցիր թէ ո՞վ ինծի հետ պիտի ղրկես: Բայց ըսիր՝ ‘Քեզ անունովդ կը ճանչնամ ու նաեւ իմ առջեւս շնորհք գտար’: 13 Ուստի հիմա կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ ու միտքդ բեր՝ որ այս ազգը քու ժողովուրդդ է»:
Թէեւ Մովսէս Տիրոջ եւ ժողովուրդին կը ծառայէր, Անոր հետ դէմ առ դէմ կը խօսէր, եւ կը խօսէր բարեկամի մը պէս (հմր 11), բայց ատիկա իրեն համար բաւարար չէր: Մովսէս կ'ուզէր ճանչնալ Տիրոջ ճամբան, որպէսզի կարենար Տէրը ճանչնալ:
- Տիրոջ հետ բարեկամ ըլլալը պէտք չէ զրկէ քեզ զԻնք ճանչնալէն (հմմտ Փլպ 3.10). « 10 Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը, անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով, 11 որպէսզի ես ալ արժանի ըլլամ մեռելներէն յարութիւն առնելու»:
- Մովսէս ճանչցաւ Տիրոջ ճամբաները (Սղ 103.7). « 7 Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն»:
Մովսէս կը ծառայէր, Տիրոջ հետ դէմ առ դէմ կը խօսէր՝ բարեկամի մը պէս, բայց իր բուն պահանջքը ատկէ աւելին էր:
- Որովհետեւ ան Տիրոջ ներկայացուցիչն էր, կ'ուզէր Անոր ներկայութիւնը ապրիլ ամէն վայրկեան:
- Ամէն քայլ կ'ուզէր Տիրոջմով առնել:
- Կ'ուզէր իր մարմինը Տիրոջ մարմինը ըլլար եւ մինչ ինք կ'ապրէր, կ'ուզէր Անոր ճամբաները ապրիլ եւ փորձառաբար զԻնք ճանչնալ:
- Տէրը ճանչնալը (միտքի) գիտութիւն չէ, հապա Անոր ճամբաները ամէն վայրկեան ապրիլ է:
- Ա՛ն պիտի ըլլայ կեանքդ ապրողը (Գղ 2.20) « 20 Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ’ապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կ’ապրիմ մարմնով, կ’ապրիմ՝ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ իր կեանքը զոհեց ինծի համար»:
- Զգալիօրէն ապրողը (Բ.Կր 13.5-6) « 5 Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք: 6 Յուսամ գիտէք, թէ մենք այդ փորձը յաջողապէս կատարած ենք»:
- Եւ քու ազատ կամքդ Անոր կամքը արտայայտող (հմմտ Փլպ 2.13) « 13 Որովհետեւ Աստուած ի՛նք է որ կը ներգործէ ինչ որ կը կամենաք ու կը կատարէք, որպէսզի իր կամքին համաձայն շարժիք»:
Մեր ըրած բոլոր ծառայութիւնները, մեր ունեցած հոգեւոր գիտութիւնը կրնան լաւ բաներ ըլլալ, բայց տակաւին պէտք է քալենք եւ ամէն ինչ ընենք Տիրոջմով, կարծես, թէ Ինք ըլլար ապրողը:
Շատերուն քով կայ այն համոզումը, թէ Տէրը «Էմմանուէլ»-ը, մեզի հետ է: Կամ Տէր Յիսուսը Սուրբ Հոգիով մեր մէջ կը բնակի եւ մենք Իր կամքը կ'ընենք: Արդեօ՞ք:
Շատ անգամ կ'ըսուի, եւ թէեւ որպէս համար ատիկա բառացիօրէն ճիշդ է, թէ Աստուծոյ ճամբան ճանչնալը Քրիստոսն է, որովհետեւ Ինքն է Ճամբան, Ճշմարտութիւնն ու Կեանքը (Յհ 14.6) « 6 Յիսուս պատասխանեց անոր.- Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ»: Բայց եթէ այդպէս ըլլալով հանդերձ ազատութիւնը ունիս սխալելու եւ մեղանչելու, պէտք է ներքնապէս զԻնք ճանչնալով ապրիս Քրիստոնէութիւնը (Բ.Կր 13.5-6) « 5 Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք: 6 Յուսամ գիտէք, թէ մենք այդ փորձը յաջողապէս կատարած ենք»:
- Եթէ Անոր Հոգին զգալիօրէն ամէն ժամանակ քեզ չառաջնորդէ, դուն տակաւին քու ուզածդ, գիտցածդ, սորվածդ եւ սիրածդ պիտի ընես: Թէեւ այդ բաները չափով մը լաւ բաներ ըլլան, բայց դուն տակաւին այս վայրկեանին համար Անոր ճամբան ճանչցած չես:
Ինչպէս Մովսէս շնորհք գտաւ Տիրոջ առջեւ եւ Տէրը իր խնդրանքը ընդունեց, նոյնպէս մենք ալ շնորհք գտանք Քրիստոսով ու Ան մեր մէջ կը բնակի եւ երբ Անոր կամքին յանձնուինք, Անոր ճամբան պիտի ճանչնանք: