«Ձեր մէջ ամէն սրտով իմաստուն եղողները թող գան ու Տէրոջը բոլոր պատուիրած բաները շինեն» (Ելք 35.10)

Տիրոջ տաճարը պիտի շինէին միայն անոնք, որոնք իմաստուն սիրտ ունէին, այսինքն՝ այն անձերը, որոնք Մովսէսի միջոցաւ Տիրոջ ըսածները պիտի կատարէին (Ելք 36.1): Այդ մարդիկը պիտի ունենային հնազանդ սիրտ, եւ իրենց կամքէն ու տեսակէտէն վեր՝ յանձնուած պիտի ըլլային Աստուծոյ տեսակէտին՝ Թագաւորութեան գործը առջեւ տանելու համար:

Երբ կու գանք Աստուծոյ ծառայելու, կարեւոր է, որ ունենանք իմաստուն սիրտ: Կարեւոր է, որ մինչ կ'ապրինք մեր Քրիստոնէական կեանքը, ունենանք Աստուծմէ ընկալող սիրտ, որպէսզի անիկա փոխակերպուի եւ վարժուի Աստուծոյ կամքին համաձայն քալելու:

 

Նախորդ Հրապարակում Սիրտին Խորանը եւ Սիրտին Վիճակը (Ելք 33.1-17)
Յաջորդ Հրապարակում 01 - Մեր Նկարագիրին Կարեւորութիւնը