Երբ եկեղեցին իմացաւ, թէ հեթանոսներ ընդունած են Աստուծոյ Խօսքը, առաքեալները եւ եղբայրները սկսան Պետրոսին հետ վիճիլ ու զինք մեղադրել: Իրենց համար Պետրոսին հեթանոսներուն մէջ գացած ըլլալը գայթակղութիւն էր եւ անոնք Պետրոսը կը մեղադրէին «անթլփատ» մարդոց հետ սեղան նստած ըլլալուն համար (Գրծ 11.1-3):
Այս մարդիկը կը խօսէին այն համոզումներուն համաձայն, զորս ձեռք բերած էին անցեալի սկզբունքներէն եւ հրէական կրօնէն. անոնք այդ համոզումներուն բռնուած ըլլալով՝ չէին կրնար ճանչնալ, որ Սուրբ Հոգին ի՛նչ կ'ուզէ եւ կը վիճէին այն անձին հետ, որ Սուրբ Հոգիին ձայնին հետեւած էր: Սուրբ Հոգին անտեսուած էր:
Այսօր եւս մարդիկ յաճախ Սուրբ Հոգին կ'անտեսեն: Մարդիկ Սուրբ Հոգիին ըսածները չեն լսեր եւ իրենց համազումներուն համաձայն կը խօսին ու կը գործեն: Պէտք է լսել Սուրբ Հոգիին խօսքերը եւ առիթ տալ Անոր, ամէն ատեն Անոր յանձնուելով ու Իրեն հարցնելով:
Պետրոսի Վկայութիւնը
Պետրոս սկսաւ անոնց պատմել ինչ որ Սուրբ Հոգին ըսած էր իրեն՝ ցոյց տալու համար, թէ Սուրբ Հոգին ի՛նչ ուզած էր եւ ի՛նչ կ'ուզէ (Գրծ 11.4-7):
Պետրոս ալ, Աստուծոյ զաւակ ըլլալով հանդերձ, կապանք ունէր: Ան Աստուծոյ խօսքը հեթանոսերուն փոխանցելու կապանքը ունէր: Ան վկայեց, թէ ի՛նչպէս ինք իր կարգին պիղծ սեպած էր բան մը, զոր Աստուած մաքուր կը սեպէր (Գրծ 11.8-11): Ինք ալ չէր կրցած հասկնալ Սուրբ Հոգիին ըսածը, քանի որ ուրիշ գիտելիքներով նախապաշարուած էր:
Պետրոս վկայեց, թէ ի՛նչպէս Աստուած երեք անգամ կրկնած էր՝ «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր» եւ թէ Սուրբ Հոգին իրեն ըսած էր, որ առանց խղճահարութեան, երթայ Կոռնելիոսի՝ հեթանոսի մը տունը: Սուրբ Հոգին Իր տեսակէտը յայտնեց եւ խիղճերը արձակեց՝ գործը կատարելու համար:
Պօղոս իր հետ առած էր երեք զոյգ վկայ (Գրծ 11.12), թէեւ երկու վկայ բաւարար էր՝ որեւէ հարցի շուրջ վկայութիւն տալու համար: Ասիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ եկեղեցիին մէջ գտնուող կապանքոտ վիճակը:
«''Ու երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ իջաւ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ: Այն ատեն յիշեցի Տէրոջը խօսքը, որ կ'ըսէր. ''Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք'': Ուստի եթէ Աստուած միեւնոյն շնորհքը տուաւ անոնց, ինչպէս մեզի ալ, երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին. ես ո՞վ էի, որ կարենայի Աստուծոյ դէմ դնել''» (Գրծ 11.15-17):
Սուրբ Հոգին յայտնեց, թէ Իրեն համար Յիսուսով բոլորը մէկ են եւ Յիսուսը ընդունի՛լն է, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւին կ'արժանացնէ մարդը:
Երբ այս բաները լսեցին, Երուսաղէմի առաքեալները դադրեցան վիճելէ եւ Աստուծոյ փառք տուին (Գրծ 11.18):
Մկրտութիւն՝ Baptizo
Reinhard Bonnke-ն կ'ըսէ, թէ «Պափթիզօ» բառը կը գործածուէր՝ կտոր մը ներկի մէջ դնելու գործողութիւնը նկարագրելու համար: Կտորը ամբողջութեամբ ներկին մէջ կը սուզէին եւ վերջաւորութեան կտորը դուրս կու գար փոխուած՝ գոյնով եւ հոտով:
Յովհաննէս Մկրտիչին համաձայն Սուրբ Հոգին մեզ կրակով մկրտեց (Մտ 3.11): Յիսուս մեզ պարզ ջուրի մէջ չի մկրտեր եւ մկրտութիւնը ծէս չէ. անոր միջոցաւ Ան Իր գոյնը, հոտը եւ ամէն ինչը մեզի կու տայ Սուրբ Հոգիով:
Երբ Սուրբ Հոգիի մկրտութիւն ստանանք, պէտք է դուրս գանք Սուրբ Հոգիին «ներկով», այսինքն պէտք է մեր ամբողջ էութիւնը փոխուի եւ այլեւս այդ նոր ինքնութեամբ ապրինք: Կրակի մկրտութիւնը ստանալէ ետք, մենք շարունակ վառած կրակ պիտի ըլլանք:
Չտրտմեցնենք Սուրբ Հոգին (Եփ 4.31) եւ Անոր վառած կրակը վառած պահենք մեր նուիումով: