Մեծ Յանձնարարութեան ճամբով Սուրբ Հոգին բարձր պատիւի կ'արժանացնէ մեզ եւ մինչ մենք Իր խօսքը կը ներկայացնենք (կը յայտարարենք), Ան մեզ Իր ներկայացուցիչը կը նկատէ եւ ատոր համաձայն մեզի կու տայ պատիւ եւ զօրութիւն:
10-րդ գլուխին մէջ հեղինակը կը խօսի հեթանոսներուն փրկութեան մասին եւ ցոյց կու տայ այդ մէկը ընելու ձեւը: Ընդհանուր նիւթը կ'ընդգրկէ 4 կարեւոր մասեր՝ պատրաստութիւն, բացատրութիւն, հռչակում եւ Սուրբ Հոգիին Էջքը:
(Գրծ 10.1-8)Կեսարիայի մէջ Կոռնելիոս անունով բարեպաշտ եւ աստուածավախ մարդ մը կար, որուն քով Աստուած իր հրեշտակը ղրկեց: Հրեշտակը Կոռնելիոսին ըսաւ, որ Յոպպէ մարդ ղրկէ ու կանչէ Սիմոնը՝ Պետրոսը: Կոռնելիոս 3 մարդիկ Յոպպէ ղրկեց՝ Պետրոսը կանչելու համար: Մինչ Կոռնելիոսի մարդիկը դէպի Յոպպէ կու գային, Աստուած պատրաստեց Պետրոսը՝ նամակը ներկայացնելու համար Կոռնելիոսին:
1- Պատրաստութիւն
Պետրոս մարդ էր եւ տակաւին ունէր սխալներ, որոնք պէտք է սրբագրուէին: Այդ պատճառով էր, որ Աստուած զինք պատրաստեց:
Տէրը մեզ ալ կը պատրաստէ եւ կարեւոր է, որ ընդունող ըլլանք, որպէսզի Տիրոջմէն եկած խօսքերը կարենանք ճիշդ ձեւով կատարել:
Գրծ 10.1-8-ին մէջ կը տեսնենք, թէ՝
- Փրկութիւնը Աստուծոյ գործն է, բայց միայն մարդուն միջոցաւ կը կատարուի:
- Հրեշտակները կրնան փոխանցել Աստուծոյ նամակը, բայց ոչ փրկութեան ծրագիրը:
- Ատիկա մե՛ր առանձնաշնորհումը եւ պատասխանատուութիւնն է:
Կեսարիան 65 մղոն հեռու էր Երուսաղէմի հիւսիս արեւմուտքէն եւ 30 մղոն Յոպպէյէն (այսինքն՝ քալելով մէկ ու կէս օրուայ ճամբայ): Կեսարիոյ մէջ կ'ապրէր Կոռնելիոսը, որ զզուած էր հեթանոսական փուճ բաներէն եւ դարձած էր հրէական կրօնին՝ փրկութիւնը գտնելու յոյսով:
Այսօր ալ կան հաւատացեալներ, որոնք թէեւ չեն փրկուած, բայց պատրաստ են հունձքին համար: Կոռնելիոս ծոմ, ողորմութիւն եւ աղօթք կ'ընէր, գիտնալով, որ կարիքը ունի գտնելու եւ ճանչնալու փրկութիւնը: Ան կը տարբերէր այն հաւատացողներէն, որոնք բաւարարուած կը զգան:
Մենք շատ անգամ կը տեսնենք մարդոց մեղքի կեանքը, մինչ Աստուած անոնց սիրտին կը նայի:
Աստուած տեսաւ այս մարդը եւ Սուրբ Հոգին Պետրոսի կեանքին մէջ աշխատանք տարաւ անոր համար:
2- Բացատրութիւն Պետրոսի
Տէրը Պետրոսին քով մնաց: Պետրոս կ'աղօթէր եւ անօթի էր: Բայց Տէրը եկաւ Պետրոսի բուն անօթութիւնը յագեցնելու եւ անոր ցոյց տուաւ ամէն տեսակ չորքոտանիներ, գազաններ, սողուններ ու թռչուններ: Ասոնք արգիլուած կերակուրներ էին:
«Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. ''Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ ու կեր'': Բայց Պետրոս ըսաւ «''Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասնզի ես ամենեւին պիղծ կամ անմաքուր բան մը կերած չեմ'': Նորէն ձայնը եկաւ իրեն. ''Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր'': Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ եւ ամանը երկինք վերցաւ» (Գրծ 10.13-16):
Աստուած Պետրոսին ցոյց տուաւ, որ եթէ Իրեն պիտի ծառայէր, չէր կրնար պիղծ սեպել այն ինչ որ Աստուած պիղծ չէր սեպեր: Մինչ Պետրոս կը մտածէր իր տեսած տեսիլքին մասին, Կոռնելիոսին ղրկած մարդիկը հասան եւ սկսան զինք կանչել (Գրծ 10.17-18):
Իրականութեան մէջ Պետրոս տակաւին հարց ունէր հեթանոսներուն մէջ երթալու եւ այդ էր պատճառը, որ Սուրբ Հոգին հասաւ այս երեք մարդոցմէ առաջ: Մինչ մարդիկը Պետրոսը կը փնտռէին, Սուրբ Հոգին ուղղակի միջամտեց եւ անոր յայտնեց, թէ այդ մարդիկը Ի՛նք ղրկած էր: Քանի որ Պետրոս Սուրբ Հոգիին նուիրուած էր, ան ըսաւ այն ինչ որ Սուրբ Հոգին կ'ըսէր որ ընէ:
3- Հռչակում
Յաջորդ օրը Պետրոս գնաց Կեսարիա՝ Կոռնելիոսի մօտ (23-24): Երբ Պետրոս Կոռնելիոսին տունը մտաւ, Աստուած արդէն իսկ ամէն բան պատարստած էր...
Կոռնելիոս Պետրոսին երկրպագութիւն կ'ընէր, բայց Պետրոս անոր ուշադրութիւնը Տիրոջ դարձուց: Պետրոս անոնց խօսեցաւ Յիսուսով փրկութեան եւ Սուրբ Հոգիին մասին եւ յայտնեց, թէ իրենք վկաներն էին Յիսուսի հետ պատահածներուն: Պետրոս անոնց յայտնեց, թէ փրկութիւնը բոլորի՛ն է (Գրծ 10. 34-43):
4- Սուրբ Հոգիին Էջքը
(Հմր 44) «Ու երբ Պետրոս այս խօսքերը կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ ամէնուն վրայ, որոնք խօսքը կը լսէին»:
(Հմր 45-46) Միւս հաւատացեալները զարմացան, որ հեթանոսներն ալ Աստուծոյ պարգեւը կ'առնեն: Սուրբ Հոգին ստացողները լեզուներով կը խօսէին եւ զԱստուած կը փառաւորէին: Այն ատեն Պետրոս նկատեց, որ եթէ Սուրբ Հոգին զանոնք մկրտեց, ուրեմն արգելք չկար, որ անոնք նաեւ Յիսուսի անունով մկրտուէին:
Սուրբ Հոգին այս մարդոց ամբողջ կեանքը փոխեց, որովհետեւ այս մարդիկը Յիսուսը սրտանց ընդունեցին: