«Սամուէլ մանուկը Հեղիին առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ'ընէր: Այն օրերը Տէրոջը խօսքը հազուագիւտ էր ու յայտնի տեսիլք չկար» (Ա.Թգ 3.1):
Այդ օրերը, Տիրոջ կողմէ յայտնութիւններ չկային: Թէեւ կար քահանայ, ծառայութեան վայր եւ կային պաշտօնեաներ, բայց զԱստուած լսող լսող սիրտ չկար: Չկար նշաններով եւ փաստերով տեսիլք, որովհետեւ Հեղի քահանայապետը անհոգութիւն կ'ընէր եւ անոր որդիները՝ քահանաները, մեղքի մէջ էին:
Բայց Սամուէլ կը մնար տաճարին մէջ, ուր Աստուծոյ տապանակը կար (Ա.Թգ 3.3), ինչ որ ակնարկ է Աստուծոյ ներկայութեան մնացող եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ պահող հաւատացեալին:
Սամուէ՛լ կանչուեցաւ, եւ ոչ աւելի մեծերն ու փորձառուները, որովհետեւ թէեւ Սամուէլ ընդունակ էր լսելու (3.4): Սամուէլ անմիջապէս Հեղիին քով վազեց, կարծելով որ Հեղին էր զինք կանչողը:
Մինչեւ այդ պահը, Սամուէլի համար Աստուծոյ տաճարին մէջ ծառայելը Հեղիին ձայնին հնազանիլ էր: Երբ Սամուէլ կը ծառայէր Հեղիին, անոր հոգեւոր մակարդակին եւ ծածկոցին համաձայն կը ծառայէր: Բայց Աստուած Սամուէլի պատրաստ սիրտը գործածեց եւ զայն հինէն հանելով՝ նոր մթնոլորտի մը մէջ դրաւ:
Երեք անգամ Տիրոջ կանչը կրկնուեցաւ Սամուէլին, եւ երրորդ անգամին էր որ Հեղի անդրադարձաւ պատահածին: Այն ատեն Հեղի Սամուէլին ըսաւ.“Գնա՛ պառկէ ու եթէ անգամ մըն ալ քեզ կանչէ, ըսէ՛ ‘Ո՛վ Տէր, խօսէ՛, քանզի ծառադ մտիկ կ'ընէ’”:
Սկզբունքով, առաջնորդին սիրտը պէտք է վկայէ Աստուծոյ ձայնին համար եւ ուղղութիւն տայ աշակերտին, բայց Հեղի ուշացաւ այդ մէկը ընելու, որովհետեւ ան իր ծառայութեան մէջ Աստուծոյ խօսքը լսելով չէր առաջնորդուեր:
Երբ Տէրը նորէն կանչեց Սամուէլը, եւ ան այս անգամ պատասխանեց՝ “Խօսէ, Տէ՛ր, քանզի քու ծառադ մտիկ կ'ընէ”» (Ա.Թգ 3.10), Տէրը Սամուէլին Իր դժգոհութիւնը յայտնեց Հեղիին եւ անոր տան վրայով (Ա.Թգ 3.11-20): Տէրը յայտնեց որ նոր բան մը պիտի ընէր. Ան զզուած էր հինէն, անցեալի ձեւէն եւ անցեալի ղեկավարներուն մեղքերէն:
«Տէրը նորէն Սելովի մէջ երեւցաւ, ինքզինք Սամուէլին յայտնելու համար Տէրոջը խօսքովը: Սամուէլ սկսաւ բոլոր Իսրայէլի քարոզել» (Ա.Թգ 3.21): Սելով կը նշանակէ՝ խաղաղութիւն: Սամուէլի միջոցաւ Սելովը եղաւ Տիրոջ երեւնալուն եւ խօսելուն վայրը: Այն տեղը որ «Աստուծոյ տեղը» կոչուած էր միա՛յն անունով, նորէն «Աստուծոյ տեղը» դարձաւ:
Աստուած մանուկի մը միջոցաւ ծունկի բերաւ բոլորը: Կարեւոր է որ մեր ներքին աշխարհը քննենք, որովհետեւ չենք կրնար ծառայել մեր քմահաճոյքով, ինչպէս կ'ընէր Հեղի, այլ՝ Սամուէլի նման՝ մեր նուիրումով: