Easton’s Bible Dictionary-ին համաձայն «հայր» բառը «Ապ» [’ab /awb/] բառն է, որ կը նշանակէ՝
- Պետ, քահանայ (Դտ 17.10, 18.19)
- Կառավարող (Ա.Թգ 10.12)
- Երէց (Դ.Թգ 2.12: Մտ 23.10)
- Սկիզբ կամ հեղինակ (Ծն 4.20-21)
Հայր անուանումը կը խօսի ինքնութեան մը մասին, որուն հարազատ եւ իսկական պատկերը Աստուած Ի՛նք է:
Հռութի գիրքին մէջ կը կարդանք ընտանիքի մը պատմութիւնը: Ելիմելէք տան հայրն էր: Դժուարութեան ատեն, փոխանակ որ ան Աստուծոյ դիմելով հարցին լուծում գտնէր, փախուստ տուաւ:
Այս հատուածին մէջ նշուած անունները մեզի գեղեցիկ պատկեր մը կու տան.
- Ելիմելէք կը նշանակէ «Աստուած իմ թագաւորս է»
- Եփրաթացի կը նշանակէ «Շողշողուն»
- Բեթլէհէմ կը նշանակէ «Հացի տուն»
- Նոեմի կը նշանակէ «Հաճելի»
Այս 4 կէտերը Աստուծոյ կողմէ տրուած էին եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը ցոյց կու տային: Բայց Ելիմելէք եւ Նոեմի իրենց զաւակներուն անունները դրած էին Մաալոն, այսինքն՝ հիւանդ եւ Քելլոն, այսինքն՝ Մաշիլ եւ թոշմիլ: Մարդիկ իրենց սխալ մտայնութեամբ այսպիսի որոշումներ կ'առնեն:
Այս ընտանիքը կ’ապրէր Բեթլէհէմի մէջ, որ կը նշանակէ՝ «հացի տուն»: Ըստ իմաստին, պէտք էր հոն առատութիւն ըլլար, բայց մեղքի պատճառով սով կար:
Ելիմելէք, որ կը նշանակէ՝ «Աստուած իմ թագաւորս է», սովի ժամանակ որոշեց Մովաբ երթալ: Որոշումը սխալ էր, եւ այդ պատճառով վնասներ յառաջ եկան:
Շատ անգամ հայրերուն համար կեանքի բեռը կրնայ շատ ծանր ըլլալ, բայց անոնց որոշումները պէտք է Տիրոջմով ըլլան, որովհետեւ փայլուն ապագան միայն Աստուած կրնայ շնորհել (Հռ 1.1-5):
Ելիմելէք պէտք էր Աստուծոյ հարցնէր: Հայրեր օրհնութիւն ունին Աստուծմէ եւ կրնան ամէն բանի մէջ յաղթանակ ունենալ, երբ ճանչնան որ իրենց յաղթանակը Աստուծմէ է: Կարեւոր է ամէն օր աղօթքով Տիրոջ հետ կապուիլ: Կարեւոր է նաեւ ամէն օր կնոջ հետ աղօթել: