Աստուածաշունչին համաձայն, իմաստութիւնը, աւելի քան իմացական գիտակցութիւն (բանի մը մասին գիտութիւն ունենալ), կը բնորոշուի իբրեւ բարոյական նկարագիր մը, որ Աստուծոյ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւն ունի:
Իսկական իմաստութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է, զոր խնդրողները կը ստանան (Առ 3.13-18: Հռ 16.27: Ա.Կր 1.17-21, 2.6-8: Յկ 1.5): Առակաց Գիրքը իմաստութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ աստուածային անձնաւորութիւն մը, ինչ որ ակնարկ է Քրիստոսի (Առ 1.20, 8.1, 9.1-5):
Իմաստութեան խօսքը սովորական իմաստութիւն, հանճար կամ ձիրք չէ: Մարդկային կամ հոգեւոր որեւէ խորհուրդ կամ որոշում մը չենք կրնար իմաստութեան խօսք նկատել: Իմաստութեան խօսքը գերբնական յայտնութիւն մըն է, որ Սուրբ Հոգիով կը կատարուի եւ որով Աստուած իր միտքը կը յայտնէ եւ ապագայի համար ծրագիրները կ'արտաբերէ:
Իմաստութեան Խօսքը կրնայ տրուիլ լսելի ձայնով (Ելք 25.9,40), տեսիլքի կամ երազի միջոցաւ (Ծն 37.5-11, 41.37-42, 42.6-9) ինչպէս նաեւ մարգարէութեան, լեզուներու եւ թարգմանութեան միջոցաւ:
Երբ մարդիկ իմաստութեան խօսք կը ստանան բայց կը կեդրոնանան խանդավառութեան եւ փառք շինող բաժիններուն վրայ, թշուառութեան մէջ կ'իյնան (Եր 23.16,21-27: Գ.Թգ 20.1-14, 28-43, 21.1-29, 22.6-25, 35-38:):
Կրնանք իմաստուն խորհուրդներ ունենալ մարդային գիտակցութեամբ, բայց նաեւ արտասանելով մեր ենթագիտակցութեան մէջ խառանուած դաւանական խորհուրդները, որոնք թէեւ ճիշդ, իմաստուն եւ ճշմարիտ բաներ կ'ըլլան եւ հաւանաբար առիթով մը Աստուծոյ կողմէ տրուած կ'ըլլան, բայց բնաւ գերբնական իմաստութեան խօսք չեն ըլլար:
Իմաստութեան խօսքը չի գար մտածելուն իբրեւ արդիւնք, այլ կ'ըլլայ ուղղակի Աստուծոյ ներկայութեան եւ ներգործութեան թարմ ձայնը, որ քու մէջէդ կը բղխի՝ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ:
Շատ անգամ իմաստութեան խօսքը եւ գիտութեան խօսքը կը գործակցին: Օրինակ, գիտութեան խօսքի միջոցաւ Յիսուս Յովհաննէս առաքեալին յայտնեց, թէ ի՛նչ հոգեվիճակ ունէին Փոքր Ասիոյ եկեղեցիները, ապա իմաստութեան խօսքը տալով յայտնեց ապագային ըլլալիքները (Յյտ1.1):
Կարեւոր է, որ իմաստութեան խօսքը ստացող մարդիկ զայն սրտանց ընդունին եւ իրենց կեանքը յանձնեն իմաստութեան խօսքը յայտնող եւ հովանաւորող Սուրբ Հոգիի օծութեան:
Աստուած Սամուէլի ձեռքով Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեց, բայց Դաւիթ, թագաւորական գահը նստելէն առաջ, բազմատեսակ դժուարութիւններէ անցաւ: Դաւիթ ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ օծութիւնը ստանալէն մօտաւորապէս տասը տարի ետք: Ան միշտ իմաստութեան խօսքով կ'առաջնորդուէր (Ա.Թգ 23.10-12, 30.6-8: Բ.Թգ 5.19-24):
Երբ Աստուած իմաստութեան խօսք կու տայ, Ան նաեւ անմիջապէս գործելու համարձակութիւն կու տայ: Երբ Տիրոջ գործը կատարելու վիճակին մէջ ըլլանք, Աստուած կրնայ մեզ որեւէ ատեն գործածել: