Պօղոս առաքեալ Ա.Կր 12.8-10-ին մէջ կը խօսի ինը գերբնական պարգեւներու մասին: Այս պարգեւները կը բաժնուին երեք խումբերու.
- Ներշնչական պարգեւներ՝ իմաստութեան խօսք, գիտութեան խօսք, հոգիներ զանազանելու պարգեւ
- Զօրութեան պարգեւներ՝ հաւատքի պարգեւ, հրաշագործութեան պարգեւ, բժշկութեան պարգեւ
- Յայտնութեան եւ խօսող պարգեւներ՝ մարգարէութեան պարգեւ, լեզուներ խօսելու պարգեւ, լեզուները թարգմանելու պարգեւ
Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ բոլոր հաւատացեալներուն հոգեւոր պարգեւները ստանալու համար փափաքիլ եւ ամէն ջանք ընել (Ա. Կր 14.1):
Այս պարգեւները գերբնական են եւ տրամաբանութեամբ չեն չափուիր, այլ միայն հաւատքով: Անոնք կը տարբերին մարդոց բնածին տաղանդներէն: Թէեւ ծայառութեան մէջ մեր ձիրքերը կը գործածուին, բայց գերբնական պարգեւները բնածին չեն եւ չեն կիրարկուիր առանց Սուրբ Հոգիին ներգործող զօրութեան:
Սուրբ Հոգին կը գործակցի մեր նուիրումին համաձայն: Ինչքան մեր անձը խոնարհեցնենք, այնքան առիթ կու տանք Սուրբ Հոգիին:
Գերբնական պարգեւները Քրիստոնէական դերեր չեն, ոչ ալ Սուրբ Հոգիին պտուղները (Գղ 5.22): Երբ աճինք սիրոյ մէջ եւ Հոգիին պտուղները բացայայտ երեւին մեր առօրեային մէջ, կը նկատենք մեր մղիջ պարգեւները (եկեղեցիին մէջ մատակարարելու պարգեւները՝ Հռ 12.3-9), որոնք մեզ չափահաս կը դարձնեն մեր հոգեւոր պարգեւը ճանչնալու համար:
Համարձա՛կ ըլլանք յայտնաբերելու եւ ստանալու մեր պարգեւը: Կարդա՛ք ատոնց մասին եւ խօսինք պարգեւները գործածող մարդոց հետ: Աղօթե՛նք պարգեւներուն համար եւ լիովին Սուրբ Հոգիին յանձնուինք: Յարատեւող ըլլանք, որովհետեւ պարգեւները յայտնաբերելը ժամանակի եւ խիզախութեան կը կարօտի:
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԸ
Մարգարէութիւնը գերբնական արտայայտութիւն է եւ յայտնութեան երեք պարգեւներէն կարեւորագոյնն է: Ներկայ օրերուն, մարգարէութեան պարգեւը լաւ ձեւով ըմբռնելու համար մեծ օգուտ են լեզուներու պարգեւը եւ թարգմանութեան պարգեւը եւ անծանօթ լեզուներուն թարգմանուիլը համազօր է մարգարէութեան պարգեւին(Ա.Կր 14.1-5):
Մարգարէները Աստուծոյ միտքը եւ կամքը մարդոց հաղորդելու անմիջական գործիքներ են: Անոնք կ'ունենան տրամադրուած ինքնութիւն:
Եբրայերէնով՝ «նապի» ([nabiy’ /naw•bee/]) ըսել է մարգարէ: Իսկ «մարգարէանալ» կը նշանակէ «հոսիլ», այսինքն՝ «պղպջալով դուրս ժայթքիլ» (Սղ 45.1): Յունարէնով՝ «փրոֆեթիա» (προφητεία [propheteia /prof•ay•ti•ah/]) ըսել է «մարգարէանալ», որ կը նշանակէ «խօսիլ մէկու մը փոխարէն»:
Մարգարէն Աստուծոյ փոխարէն խօսողը կ'ըլլայ: Ան Աստուծոյ անունով եւ իշխանութեամբ կը խօսի (Ելք 7.1) եւ կ'ըլլայ այն բերանը՝ որմէ Աստուած կը խօսի մարդոց (Եր 1.9: Ես 51.16):
Աստուած մարգարէութիւնը տալու համար կը գործածէ շատ մը ձեւեր եւ միջոցներ, օրինակի համար՝ երաժշտութեան միջոցաւ ներշնչելով (Դ.Թգ 3.15) կամ վայրեր ղրկելով (Եր 18.1-5): Ան կը թելադրէ ճնշումներէն ազատագրուիլ մարգարէութիւնը տալու համար (Գ.Թգ 19.1-18):
Հին Կտակարանին մէջ, մարգարէութիւնները ընդհանրապէս կեդրոնացած կ'ըլլային «Մեսիա»ին գալուստին վրայ: Մարգարութեան պարգեւը օրինաւոր ձեւով սկսաւ կիրարկուիլ Սամուէլ մարգարէի օրերուն, ուր կային դպրոցներ (Ա.Թգ 19.18-24: Դ.Թգ 2.3,15, 4.38): Մարգարէները եւ աշակերտները միայն մարգարէական նախագիտելիքները չէին սորվեր, այլ՝ քարոզելով կը ճշդէին նաեւ բարոյական եւ կրօնական զեղծումները:
Նոր Կտակարանին մէջ, Յիսուս եկեղեցիին մեծ մարգարէն էր եւ է: Եկեղեցիին մէջ կար նաեւ մարգարէներու յստակ կարգ մը (Ա.Կր 12.28: Եփ 2.20, 3.5), որոնք Աստուծոյ կողմէ նոր յայտնութիւններ ըրին:
Մարգարէն կը տարբերի «ուսուցիչէն», որուն պաշտօնն է փոխանցել կանխաւ յայտնուած ճշմարտութիւնները: Ներկայիս, ամբողջ եկեղեցին, աշխարհին համար մարգարէ կրնայ նկատուիլ, որովհետեւ սկզբունքով մեռած է աշխարհէն եւ տրամադրուած է Աստուծոյ եւ Անոր Խօսքը փոխանցելու գործին: Այս պատճառով Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ բոլոր հաւատացեալները, որ մարգարէութեան պարգեւը փափաքին (Ա.Կր 14.1):
Մարգարէութեան պարգեւը ունեցողը զօրաւոր պէտքը կը զգայ բերանացի արտայատուելու եւ զօրաւոր կարողութիւն ունի ուրիշներուն նկարագիրը եւ շարժառիթը զանազանելու: Պէտք է ան ամբողջ սրտով նուիրուած ըլլայ իր ստանձնած բոլոր գործերը ընելու, ըլլայ սրբագրուելու ատակ եւ ծայրայեղօրէն հաւատարիմ: Ան ճշմարտութեան սիրոյն տառապանք կրել կամեցող է եւ ճշմարտութիւնը սահմանելու համար՝ համոզող:
Ճշմարտութիւնը հռչակելու իր զօրաւոր փափաքին պատճառով, մարդիկ կրնան մարգարէութեան պարգեւը ունեցողը դատել որպէս անհանդուրժող, անընդունակ, կոշտ եւ անհամբեր: Ընդհանուր խումբին նկատմամբ ունեցած իր հետաքրքրութիւնը կրնայ նկատուիլ իբրեւ անհատներու նկատմամբ անհետաքրքրութիւն: Նաեւ արդիւնքներ ձեռք բերելու համար իր ջանքերը կրնան նկատուիլ իբրեւ ուրիշներուն ուշադրութիւնը գրաւելու հնարքներ իսկ որոշում առնելու իր փափաքը կը նկատուի իբրեւ հոգեւոր աճման անտեսում: Այս բոլորը կրնան արգելք հանդիսանալ անձնական մտերիմ յարաբերութիւններու մշակման:
Մարգարէութիւնը տրամադրուած ինքնութիւն է եւ կարեւոր է որ մեր անձերը նուիրումի եւ գին վճառելու վիճակին մէջ դնենք, մեր կոչումը արժեւորելով եւ ամէն օր Աստուծոյ ներկայութեան կենալով, որովհետեւ առանց Աստուծոյ հետ յարաբերութեան՝ չենք կրնար մեր կոչումը իր լրումին հասնցել: