Աստուածաշունչը մեզի կը ներկայացնէ հալածանքներու մէջ գտնուող բայց յաղթող Քրիստոսը եւ կը թելադրէ, որ եկեղեցին հալածանքներու ենթակայ ըլլալով հանդերձ, Անոր օրինակով յաղթող ըլլայ հաւատքի միջոցաւ:

Հաւատացեալները Աստուծմէ խոստում եւ երդում ունին, թէ Քրիստոսի փրկագործութեամբ օրհնեալ սերունդ մը պիտի ըլլան եւ ընեն ինչ որ Քրիստոս կ'ընէ: «Օրհնեալ» բառը բնագիրին մէջ «պարագահ» բառն է եւ Enhanced Strong’s Lexicon բառարանին համաձայն, այս բառը կը նշանակէ՝ ազատ, օրհնութեան աղբիւր, բարգաւաճում, խաղաղութեան դաշնագիր:

Շատերու համար, հալածանքներու մէջ յաղթող ըլլալը դժուար կը թուի, որովհետեւ անձնական ջանքերով կը փորձեն այս մէկը կատարել: Սակայն, Քրիստոսի Անձին հանդէպ վստահութիւն ունենալով եւ դժուարութեան ընթացքին Խօսքին հաւատալո՛վ է որ կրնանք ընել այն ինչ որ Քրիստոս կ'ընէ (Մտ 14.19-21,27-31): Յիսուսի վստահելով, աշակերտները առին հինգ հացն ու երկու ձուկը եւ բաժնեցին աւելի քան 5000 հոգիի, եւ 12 կողով ալ աւելցաւ: Նոյնպէս Պետրոս, Յիսուսի «եկո՛ւր»-ին վստահելով, ջուրերուն վրայէն քալեց:

Յիսուս մարդացաւ եւ մեզի նման եղաւ մեր փրկութեան համար (Եբր 2.1--3.6), որպէսզի ոչնչացնէ Սատանան եւ մեզ ազատէ մահուան վախէն ու ստրուկ ըլլալէն (Եբր 2.14-15): Ան եղաւ Քահանայապետ մը, որ Իր մարմինը որպէս զոհ մատուցանեց (Եբր 10.19) մեզ Աստուծոյ ներկայութեան մտնցելու համար, որպէսզի հոն գտնենք շնորհք ու ողորմութիւն եւ անհրաժեշտութեան ատեն գործածենք (Եբր 4.14-16):

Մեր յոյսը Յիսուս Քրիստոսով մեր ստացած փրկութիւնն է, եւ երբ մենք այդ յոյսին կառչինք, յոյսը մեզի համար խարիսխ մը պիտի ըլլայ (Եբր 6.18-19): «Խարիսխ» բառը ἄγκυρα [agkura /ang•koo•rah/] կը նշանակէ՝ ճանկաւոր երկաթ, զոր ծովուն յատակը կ'իջեցնեն՝ նաւը անշարժ պահելու համար: Կը գործածուի նաեւ ըսելու համար հիմ կամ հաստատուն կերպով ամրացնել:

Երբ հաւատացեալներ հասնին Աստուծոյ ներկայութեան, կրնան խարիսխը նետել եւ հոն կենալ՝ հաստատ:

Խարիսխը նաեւ առագաստանաւին առագաստը հովերուն դէմ ամուր եւ անխախտ կը պահէ: Առագաստանաւը մեր մարմինն է, եւ երբ ' ամուր հիմերու վրայ դրուած ըլլայ, ճամբորդութիւնը պիտի շարունակուի ի՛նչ ալ ըլլան հանդիպող արգելքները: Անցեալին, առագաստին վրայ իւղ կը քսէին, որպէսզի հովերուն դիմաց չպատրի: Նմանապէս, մեր կեանքերուն մէջ Տիրոջ օծութիւնը կը պատէ, որպէսզի անվտանգ մնանք:

Բայց եթէ հաւատացեալը ամուր բռնուած չըլլայ խարիսխին, կրնայ շատ տկարանալ (Ես 33.23): Քրիստոսի փրկագործութեան նկատմամբ անհաստատ հաւատքը (թերահաւատութիւնը) մեզ ամօթով եւ տկար կը ձգէ թշնամիին նետերուն դիմաց: Իշխանութիւն ունենալով հանդերձ աշակերտները, կասկածի պատճառով չկրցան պատանիին մէջէն պիղծ ոգին հանել (Մտ 14.27-31), իսկ Պետրոս, մինչ ջուրերուն վրայէն կը քալէր, կասկածեցաւ եւ ընկղմեցաւ (Մտ 17.14-21):

Աստուածաշունչի պատմութիւնները ցոյց կու տան, թէ այդ յոյսին կառչելով հաւատքի հերոսները թագաւորներու եւ դժուարութիւններու դիմաց կեցան.

  • Աբրամ չորս թագաւորներու դիմաց կեցաւ՝ 318 հոգիով (Ծն 14.13-16):
  • Մովսէս համարձակեցաւ ծովը ճեղքել (Ելք 14.15,21-29):
  • Դաւիթ Գողիաթին դիմացը կեցաւ արիութեամբ (Ա.Թգ 17.42-48)
  • Եղիա առանց վախի կեցաւ Աքաաբի եւ յիսնապետներուն դիմաց եւ հաւատքով կրակ իջեցուց երկինքէն (Գ.Թգ18.17-18: Դ.Թգ 1.9-14)
  • Եղիսէ առանց վախի Ասորիներու բանակին դիմաց կեցաւ եւ անոնց աչքերը կուրցուց (Դ.Թգ 6.14-18):

Մեր հոգեւոր կեանքը եւ պատերազմները Տիրոջն են (Ա.Թգ 17.47): Յոյսը ամուր հիմերու վրայ շինողներուն համար Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ Աստուած իրենց կողքին է եւ իրենց համար կը պատերազմի (Ես 59.19: Ելք 15.3):

Մեր պատերազմին յաղթանակը ապահովուեցաւ Քրիստոսով երկու հազար տարի առաջ (Կղ 2.15): Այսօր մեր պարտականութիւնն է հաւատալ եւ հոգեւոր ճամբորդութիւնը կատարել այդ յոյսին կառչելով:

Նախորդ Հրապարակում Գիտութեան Խօսք
Յաջորդ Հրապարակում Հոգիներ Զանազանելու Պարգեւը