Գիտութեան խօսքը իմաստութեան խօսքին պէս գերբնական յայտնութիւն մըն է: Սովորական, իմացական գիտութիւն մը չէ, ինչպէս ոեւէ արհեստաւոր մը կրնայ ունենալ, այլ՝ գերբնական գիտութիւն մը, որ Սուրբ Հոգիին կողմէ կը տրուի:
Աստուծոյ եւ Անոր ծրագիրներուն մասին խօսելով, գիտութեան խօսքը կը յայտնէ իրականութիւններ՝ փաստերով: Գիտութեան խօսքին միջոցաւ եղող յայտնութիւնը ապագային մասին չի խօսիր, այլ անցեալին եւ ներկային մէջ ծածկուած բաները երեւան կը հանէ:
Գիտութեան խօսքը անձնական գիտելիքներու բացայայտումը չէ, այլ՝ Աստուծոյ խօսքը, որ քեզի կ'ըլլայ: Պէտք չէ խօսիլ գիտակցութեան կամ զգացումներուն մէջ եղող իրադարձութիւններէն մղուած:
Աստուած ամենագէտ է: Գիտութեան խօսքը տալու միջոցին, Ան շատ անգամ խորհուրդ մը կը դնէ քու մէջդ, որ մագնիսի պէս բառապաշարէդ օգտուելով, նիւթը կ'ամբողջացնէ քեզի համար (Կարդա՛ Դ.Թգ 5.25-26): Պէտք է որ քու խորհուրդներդ մարդկային մտածելաձեւէն ազատած ըլլան, ինչպէս նաեւ պէտք է Տիրոջ ըսածներուն վստահելու վիճակին մէջ ըլլաս, որպէսզի չըլլայ յանկարծ, որ զգացական արտայայտութիւն մը ունենաս:
Գիտութեան խօսքը կը տեղեկացնէ բան մը, որմէ դուն տեղեակ չես եւ չես կրնար առանձինդ իմանալ: Օրինակ՝ յայտնութիւնը, զոր Տէր Յիսուս ըրաւ Յովհաննէս առաքեալին, երբ բանտարկուած էր Պատմոս կղզիին մէջ: Տէրը Փոքր Ասիայի եկեղեցիներուն հոգեվիճակը յայտնեց անոր. բան մը, որ ան անձամբ գիտնալու կարողութիւնը չունէր (Յյտ 1.1--3.22):
Գիտութեան խօսքը շատ մը ձեւերով կրնայ տրուիլ.
- Լեզուներու եւ թարգմանութեան պարգեւներով (Ա.Կր 14.5)
- Մարգարէութեան պարգեւով (Դ.Թգ 5.26)
- Հրեշտակի մը խօսելովը (Մտ 1.20, 2.13,19)
- Տեսիլքով (Գրծ 9.10-12, 10.9-20)
Մեր ուսումնասիրութիւններուն եւ Աստուածաշնչական ընթերցումներուն միջոցաւ եղող ներմղումները գիտութեան խօսք չեն նկատուիր: Նոյնպէս Աստուծոյ մասին գիտնալը գիտութեան խօսք չէ: Թէեւ բոլոր ուսումնասիրութիւններն ալ մեր անձին զարգացման կը վերաբերին եւ պատճառ կ'ըլլան, որ առանց ամչնալու եւ վախնալու ուսուցանենք (Կարդա՛ Բ.Տմ 3.14-17):
Գիտութեան խօսքը
- Աստուծոյ հետ քալելէն չի գար (Կարդա՛ Ա.Թգ 3.4-10):
- Կը լուսաբանէ, կը քաջալերէ եւ կը մխիթարէ (Կարդա՛ Գ.Թգ 19.2-4,14,16,18):
- Կը զգուշացնէ թշնամիէն (Կարդա՛ Դ.Թգ 6.9-12):
- Ծածուկ բաներ կը յայտնէ (Կարդա՛ Ա.Թգ 10.17-23):
- Ծածկուած մեղքը կը յայտնէ (Կարդա՛ Բ.Թգ 11.27, 12.1-9,12,14):
Գիտութեան խօսքը Սուրբ Հոգիին մէկ պարգեւն է: Պէտք է այս պարգեւը գործածենք նուիրումով, սիրով եւ հաւատքով: